Այսպէս կոչուած «քովիտային ոտքի մատները» կրնան իրականութեան մէջ կապ չունենալ քորոնա ժահրին հետ։ Այս եզրակացութեան յանգած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնեքթիքըթի Եյլի համալսարանի մասնագէտները։ Անոնց հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուած են PNAS ամսագրին մէջ։
Գիտնականները ուսումնասիրած են քորոնա ժահրային վարակի կասկածով 23 անձերու տուեալները, ինչպէս նաեւ «քովիտային ոտքի մատներու» վերաբերեալ գանգատները։ Սակայն հիւանդութիւնը հաստատուած է միայն 3 հիւանդի մօտ։ Մասնագէտները կը կարծեն, որ ոտքի մատներու հետ կապուած խնդիրներու իրական պատճառը այն է, որ շատ մարդիկ համավարակի ժամանակ մնացած են տունը եւ չեն հագած գուլպաներ եւ կօշիկներ:
Նախապէս գիտնականները կ՛ենթադրէին, որ մանիշակագոյն մատները եւ «կեղծ ցրտահարութեան» ախտանշանները կը յայտնուին ժահրին դէմ դիմադրողական համակարգի «աքթիվ» պայքարին պատճառով։
Նոր հետազօտութեան հեղինակները ընդգծած են, որ իրենք չեն կրնար ամբողջութեամբ բացառել SARS-CoV-2-ի նկատմամբ դիմադրողական պատասխանը, սակայն կը կարծեն, որ «քովիտային մատներու» ծագումը ունի որոշ անուղղակի պատճառներ։