Մասնագէտներ ստեղծած են նիւթ մը, որ կրնայ վերացնել «պաքթիրիըլ» կամ սնկային վարակում ունենալու վտանգը եւ դիւրացնել բուժման գործընթացը: Science Daily-ի փոխանցումով, խօսքը «նանոկառուցուած» նիւթի մասին է, որ հիմնուած է սարդի մետաքսի սպիտակուցներու (բարձրամոլեքիւլային օրկանական միացումներ, որոնք կազմուած են քիմիական կապով իրարու միացած ալֆա-ամինօ թթուներէն) վրայ:
Այս նիւթը կը կանխէ «պաքթիրիաներու» եւ սունկերու կողմէ գաղութացումը եւ միաժամանակ կը նպաստէ մարդու հիւսուածքներու վերականգնումին: Նիւթը կրնայ իտէալական ըլլալ «իմփլէնթ»-ներու, վիրակապերու, «փրոթեզ»-ներու եւ նոյնիսկ «քոնթէքթ լէնս»-երու համար:
Նիւթը հիմնուած է «պայօ-թէքնոլոճի»-ով արտադրուած սարդի մետաքսի սպիտակուցներու վրայ, որուն շնորհիւ անիկա կը կանխէ «միքրոպ»-ներու փակիլը՝ նոյնիսկ «սթրեփթոքոք»-ներու պարագային, որոնք շատ դիմացկուն են «հակապաքթիրիըլ» միջոցներու նկատմամբ. անոնք եւս չեն կրնար նստիլ նիւթի մակերեսին վրայ։
Մասնագէտներուն խօսքով՝ այս նիւթը կ՛երաշխաւորէ մարդու բջիջներու աշխուժ բազմացումը, ինչ որ կարելիութիւն կը ստեղծէ զայն օգտագործելու վէրքերուն վրայ դրուող վիրակապերու մէջ, մաշկի փոխ պատուաստումի եւ որեւէ «իմբլէնթէյշընի» գործընթացի պարագային: Ի տարբերութիւն այլ նիւթերու, որոնք նախապէս օգտագործուած են հիւսուածքներու վերականգնումին համար, այս պարագային վարակի վտանգը ամբողջովին կը բացառուի: Գաղտնիքը նիւթի կառուցուածքին մէջ է, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ մակերեսին վրայ «միքրոպ»-ներու ամրացումը: