Գունաւոր ուտելիքներու՝ կարմիր պղպեղի, ելակի, բալի, շարունակական ձեւով օգտագործումը կրնայ նպաստել ուղեղի առողջութեան պահպանման։ Այս մասին գրուած է Neurology ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ։
Այդ ուտելիքներուն մէջ կը գտնուին «ֆլավոնոյտ»-ներ՝ բուսական ծագումով կենսաբանօրէն աշխուժ բաղադրիչներ։ Ընդունուած է, որ հակաօքսիտընթներու անբաւարարութիւնը օրկանիզմին մէջ կրնայ դեր ունենալ մտային կարողութիւններու նուազումի գործին մէջ՝ տարիքի հետ կապուած, նշած է Medportal.ru-ն:
Հարվըրտի համալսարանի գիտնականները ստուգած են, որ կապուա՞ծ է արդեօք «ֆլավոնոյտ»-ներով հարուստ սնունդի օգտագործումը մտային առողջութեան վատթարացումի «տինամիք»-ին հետ։
Հետազօտութեան մասնակիցները, որոնք օգտագործած են մեծ քանակութեամբ «ֆլավոնոյտ»-ներ ուտելիքի հետ, օրական ստացած են այդ նիւթերէն մօտաւորապէս 600 միլիկրամ։ «ֆլավոնոյտ»-ներու ամէնէն նուազ քանակ օգտագործած մարդոց խումբին մէջ օրական կերակուրի բաժինը ներառած է այդ հակաօքսիտընթներու 150 միլիկրամը։ Բաղդատութեան համար. 100 կրամ ելակը կ՛ընդգրկէ մօտաւորապէս 180 միլիկրամ, իսկ 100 կրամ խնձորը՝ մօտաւորապէս 113 միլիկրամ «ֆլավոնոյտ»-ներ։
Պարզուած է, որ «ֆլավոնոյտ»-ներու մեծ քանակ օգտագործողներու մօտ մտային կարողութիւններու նուազումի վտանգը 20 առ հարիւրով աւելի ցած էր, քան այն մարդոց մօտ, որոնց կերակուրի բաժինին մէջ ատոնց քանակը նուազագոյն էր։
Մտային առողջութեան համար առաւել օգտակար են «ֆլավոն»-ները՝ դեղին եւ նարնջագոյն պտուղներու ու բանջարեղէններու «ֆլավոնոյտ»-ները։ Հետաքրքական է, որ հապալասի եւ բալի «անթոսայենին»-ները քիչ մը նուազ աքթիվ եղած են։