Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յաճախ կ՛ախտորոշուին երիկամներու քարեր փոքրիկներու եւ պատանիներու, յատկապէս աղջիկներու շրջանակին մէջ։ Բժիշկները կ՛ենթադրեն, որ երիտասարդները կ՛ենթարկուին միզաքարային հիւանդութեան բարձր վտանգին՝ սննդաբաժնին մէջ «ալթրամշակուած» ուտելիքներու առկայութեան, հակապայոթիքներու չարաշահման եւ օդի բարձր ջերմաստիճանի պատճառով, որ կը յանգեցնէ ջրազրկման պարագաներու թիւի բարձրացման։
Զրոյցի ընթացքին, բժիշկները տեղեկացուցած են, որ իրենք ամրան աւելի մեծ թիւով փոքրիկներ կ՛ընդունին միզաքարային հիւանդութեամբ, քան՝ տարուան որեւէ այլ եղանակի։
Քարերը երիկամներուն մէջ (նեֆրոլիթիասիս) կը գոյանան նիւթափոխանակութեան խախտումի պատճառով։ Ատոնք յառաջ կու գան, երբ հանքանիւթերը, ինչպէս՝ «քալսիում»ը, «օքսալաթ»ը եւ «ֆոսֆոր»ը կը կուտակուին մէզին մէջ եւ կը գոյացնեն ամուր դեղնաւուն բիւրեղներ՝ աւազահատիկի կամ ծանր պարագաներուն, «կոլֆ»ի գնդակի չափով։
Որոշ քարեր միզուղիներէն դուրս կու գան առանց խնդիրներու, բայց ուրիշ քարեր կրնան խցանել մէզի արտահոսքի ուղին՝ յառաջացնելով զօրաւոր ցաւ եւ արիւնահոսութիւն։
Երիկամներու մէջ քարերու յառաջացումը մեծերու մօտ կապուած է այնպիսի հիւանդութիւններու հետ, ինչպէս՝ «մեթապոլիք» համախտանիշի, ճարպակալումի, «հայփըրթէնշըն»ի եւ շաքարախտի։ Բժիշկ, Ֆիլատելֆիոյ մանկական հիւանդանոցի երիկամաբան Թասիանի խօսքով՝ փոքրիկներու մօտ նման հիւանդութիւններ չեն նկատուիր, մնացեալ հիւանդութիւններու պարագային անոնք առողջ են եւ առաջին քարը երիկամներուն մէջ անոնց մօտ կը յայտնուի մինչեւ օրս չբացայայտուած պատճառներով։ Ան աւելցուցած է, որ հաւանաբար տեղի կ՛ունենայ փոփոխութիւն մը միջավայրին մէջ, որ կը յառաջացնէ այդ խախտումը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երիկամներու ազգային ֆոնտի (NKF) տուեալներով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակիչներու մօտ 10 առ հարիւրը կեանքի որոշ պահի մը քարեր կ՛ունենայ երիկամներուն մէջ։ Քարեր կրնան յայտնաբերուիլ նոյնիսկ 5 տարեկան փոքրիկներու մօտ։
Քանի՞ փոքրիկի մօտ կը յառաջանան քարեր երիկամներուն մէջ
Գնահատականներէն մէկը հիմնուած է այն հետազօտութեան վրայ, որ կատարած է բժիշկ Թասիան 2016 թուականին, որուն մասնակցած են մօտաւորապէս 153 000 մեծեր եւ փոքրիկներ Հարաւային Քարոլինայի մէջ, որոնք ստացած են անյապաղ օգնութիւն կամ վիրաբուժական օգնութիւն «նեֆրոլիթիասիս»ի հետ կապուած։
Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Նեֆրոլոճիի ամերիկեան ընկերութեան Քլինիքըլ ամսագրին մէջ (Clinical Journal of the American Society of Nephrology), ցոյց տուած է, որ միզաքարային հիւանդութեամբ տարեկան հիւանդացութիւնը 1997-2012 թուականներուն աւելցած է 16 առ հարիւրով, ըստ որուն՝ մեծագոյն աճը նկատուած է 15-19 տարեկան փոքրիկներու մօտ։ Այդ տարիքային խումբին մէջ «նեֆրոլիթիասիս»ով հիւանդացութիւնը 52 առ հարիւրով աւելի բարձր եղած է աղջիկներու եւ կիներու մօտ։ Տղամարդոց մօտ այդ հիւանդութիւնը աւելի յաճախ կը պատահի 25 տարեկանէն սկսած։
Ընդհանուր առմամբ, հետազօտութեան 16 տարիներու ընթացքին միզաքարային հիւանդութեան հաւանականութիւնը փոքրիկներու՝ թէ՛ տղաներու, թէ՛ աղջիկներու մօտ կրկնապատկուած է, մինչդեռ կիներու մօտ հաւանականութիւնը աւելցած է 45 առ հարիւրով անոնց կեանքի ընթացքին։ Սեւամորթ մեծերու եւ փոքրիկներու մօտ, որոնք մասնակցած են հետազօտութեան, աւելի յաճախ քարեր յառաջացած են երիկամներուն մէջ, քան սպիտակամորթներու մօտ։
Նման միտումներ նկատուած են նաեւ այլ հետազօտութիւններու մէջ, այդ շարքին Օլմսթետ Քաունթիի (Մինեսոթայի նահանգ) մէջ կատարուած հետազօտութեան մէջ, որ ցոյց տուած է, որ միզաքարային հիւանդութեամբ հիւանդացութեան մակարդակը 12-17 տարեկան փոքրիկներու մօտ տարեկան աւելցած է 6 առ հարիւրով 1984-2008 թուականներուն։
Ինչպէ՞ս սնունդը կապուած է երիկամներու մէջ քարերու յառաջացման հետ
Մասնագէտներու կարծիքով՝ փոքրիկներու վատ ձեւով սնունդ ստանալը կրնայ իր դերը ունենալ այս հարցին մէջ։ Աղի բարձր պարունակութիւնը գետնախնձորի «չիփս»երուն, միսի «սանտուիչ»ներուն, մարզանքի խմիչքներուն եւ փաթեթաւորուած ուտելիքներուն մէջ կրնայ յանգեցնել մէզին մէջ լրացուցիչ հանքանիւթերու յայտնուելուն, որոնք կրնան վերածուիլ քարի երիկամներուն մէջ։ Այս մէկը յատկապէս հաւանական է, եթէ փոքրիկը քիչ ջուր կը խմէ եւ շատ աւելի քաղցր ըմպելիքներ կ՛օգտագործէ, որ եգիպտացորենի՝ «ֆրիւքթոզ»ով օշարակ կը պարունակեն։
Բժիշկ Տէյվիտ Չուն Էն եւ Ռոպըրթ Հ. Լուրիէի մանկական հիւանդանոցէն (Շիքակօ), որ հետազօտութիւն կը կատարէ բժիշկ Թասիանի հետ միատեղ, ըսած է, որ այդ մէկը նոյնն է, երբ փորձես շաքարը լուծել սուրճի գրեթէ պարապ գաւաթին մէջ։
Տաք ամառը կը նպաստէ երիկամներու մէջ քարերու յառաջացման
Որքան աւելի տաք եւ խոնաւ է փողոցին մէջ, այնքան մարդ աւելի կը քրտնի եւ աւելի քիչ կը միզէ, որուն պատճառով հանքանիւթերը կը կուտակուին երիկամներուն եւ միզուղիներուն մէջ։ Փոքրիկները յատկապէս զգայուն են տաքի հանդէպ։
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ երիկամներու մէջ քարերու պատճառով բժշկական օգնութեան դիմող մարդոց թիւը կը բարձրանայ միջին՝ օրական ջերմաստիճանի բարձրացման զուգընթաց։
Այլ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւ-արեւելքի մէջ, որ յայտնի է որպէս «միզաքարային հիւանդութեան գօտի», ատոր տարածուածութիւնը 50 առ հարիւրով աւելի բարձր է, քան հիւսիս-արեւմուտքի մէջ։
2008 թուականին կատարուած հետազօտութիւնը կանխատեսած է, որ «գօտին» անպայման դէպի վեր կ՛ընդլայնի, ըստ որուն՝ «բարձր վտանգի գօտիներու մէջ» ապրող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան բաժինը կը բարձրանայ՝ 2000 թուականին 40 առ հարիւրէն 2095 թուականին հասնելով 70 առ հարիւրի։
Հակապայոթիքներու կապը երիկամներու քարերու հետ
Բժիշկ Թասիանի խօսքով՝ հակապայոթիքները կրնան այնպէս փոխել աղիքներու «միքրոպիոմ»ը, որ այդ նպաստէ երիկամներու մէջ քարերու յառաջացման։
2018 թուականին Թասիանի խումբը յայտնաբերած է, որ սովորաբար խմելու հակապայոթիքներ օգտագործող մարդոցմէ իւրաքանչիւր հինգերորդի մօտ երիկամներու մէջ քարերու յառաջացման հաւանականութիւնը աւելցած է 1,3-2,3 անգամ։ Վտանգը ժամանակի ընթացքին նուազած է, բայց բարձր մնացած է դեղերու ստացումէն ետք հինգ տարուան ընթացքին եւ եղած է ոչ բարձր՝ աւելի կանուխ տարիքին հակապայոթիք նշանակելու պարագային։
Քանի որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հակապայոթիքները յաճախ կը նշանակուին առանց անհրաժեշտութեան, բժիշկ Թասիան կը կարծէ, որ այդ մէկը կրնայ ըլլալ փոքրիկներու մօտ հիւանդութեան յառաջացման հիմնական պատճառը։
Թասիանի խօսքով՝ որքան աւելի կանուխ մարդու մօտ քարեր յառաջանան երիկամներուն մէջ, այնքան աւելի երկար ժամանակ կ՛ըլլայ հիւանդութեան ծանր ձեւերու եւ ատոր հետ կապուած առողջական երկարատեւ խնդիրներու յառաջացման: Հետեւանքներու մէկ մասը կը ներառէ երիկամներու գործունէութեան կորուստ, սրտային հիւանդութիւններու աւելի բարձր վտանգ հասուն տարիքին, ոսկրային հիւսուածքի հանքային խտութեան նուազում, ինչ որ կրնայ յանգեցնել կոտրուածքներու։
NKF (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երիկամներու ազգային ֆոնտ) տուեալներով՝ փոքրիկներու մօտ, որոնք արդէն երիկամներու մէջ քար ունին, այլ քարի յառաջացման հաւանականութիւնը հինգ-եօթ տարուան ընթացքին մօտաւորապէս 50 առ հարիւր է։
Բժիշկ Քարփենթըրի խօսքով՝ իւրաքանչիւր քար, որ կ՛անցնի միզուղիներով, կ՛աւելցնէ միզածորանի՝ այն խողովակներու նեղացման, որոնք մէզը դուրս կը բերեն երիկամներէն դէպի միզափամփուշտ։ Երբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, փոքրիկներու համար, թերեւս, «ինվէյզիվ» գործողութիւն պահանջուի շտկելու համար։ Մասնագէտները կ՛ըսեն, որ այդ միտումը անհանգստութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ գոյութիւն ունին սահմանափակ քանակութեամբ տուեալներ այն մասին, թէ ինչպէս լաւագոյն ձեւով կարելի է բուժել փոքրիկները միզաքարային հիւանդութենէն։
Երիկամներու քարերու ախտանշանները
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու NIH (Շաքարախտի, մարսողութեան օրկաններու եւ երիկամներու հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկ) տուեալներով՝ ախտանշանները հետեւեալներն են.
- Սուր ցաւեր մէջքի բաժնին մէջ, որովայնի ստորին հատուածին եւ աճուկներուն մէջ
- Վարդագոյն, սրճագոյն կամ կարմիր արիւն մէզին մէջ
- Միզելու մշտական պահանջ
- Պղտոր կամ վատ հոտ ունեցող մէզ
- Գրգռուածութիւն, յատկապէս փոքր տարիքի փոքրիկներու մօտ։
Երիկամներու մէջ քարերու յառաջացումէն խուսափելու համար մասնագէտները կը յանձնարարեն շատ ջուր խմել, յատկապէս տարուան տաք եղանակին։