Մատրիտի Քոմփլիւթընս համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ երկաթի եւ «մանկանիզ»ի սննդականոնի բարձրացումը կը կանխէ կիներու ճանաչողական անկումը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nutrients» ամսագրին մէջ:
«Տեմենշիա»ն յառաջադէմ «նիւրօտիճենըրէթիվ» հիւանդութիւն է, որ կը բնութագրուի ճանաչողական գործունէութիւններու լուրջ խանգարումներով, ինչպէս՝ ուշադրութիւնը եւ յիշողութիւնը: Թէեւ գիտնականները տակաւին չեն գտած «տեմենշիա»ի յատուկ դեղ մը, հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ որոշ սննդանիւթեր կրնան կարեւոր ըլլալ ճանաչողական առողջութեան պահպանման համար:
Նոր հետազօտութեան ընթացքին, գիտնականները վերլուծած են 201 կամաւորներու սնունդի հետ կապուած տեղեկութիւնները: Հետազօտողները նաեւ արձանագրած են անոնց մարդաչափական չափերը եւ գնահատած՝ անոնց ֆիզիքական աշխուժութեան մակարդակը: Այնուհետեւ, մասնակիցներէն խնդրած են կատարել ճանաչողական կարողութիւններու վերաբերեալ շարք մը քննութիւններ:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կիներու պարագային «մանկանիզ«ի եւ երկաթի բարձր ստացումը փոխկապակցուած է աւելի լաւ ճանաչողական հմտութիւններու հետ: Մասնակիցները, որոնք կանոնաւոր ձեւով կ՛ուտէին «մայքրօէլեմընթ«ներով հարուստ միս, բանջարեղէն եւ հաւկիթ, աւելի բարձր կէտեր հաւաքած են ուշադրութիւնը, յիշողութիւնը եւ «ռիեքշըն»ի արագութիւնը գնահատող քննութիւններուն մէջ:
Անիկա նաեւ կը նշէ, որ ուսումնասիրութիւնը կապ չէ գտած այս «մայքրօէլեմըթ»ներու ստացման եւ տղամարդոց մօտ ճանաչողական առողջութեան բարելաւման միջեւ: Այդ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ սննդանիւթերու նիւթափոխանակութեան սեռային տարբերութիւններով կամ այլ գործօններով, որոնք կը պահանջեն հետագայ ուսումնասիրութիւն:
Գիտնականները ընդգծած են, որ յաւելեալ հետազօտութիւններ անհրաժեշտ են՝ հասկնալու համար այն «մեքանիզմ»ները, որոնց միջոցով երկաթը եւ «մանկանիզ«ը կ՛ազդեն ճանաչողական գործունէութեան վրայ։ «Այս ուսումնասիրութիւնները, յոյսով ենք, որ կ՛օգնեն «մայքրօէլեմընթ«ներու ստացման առաւելագոյն մակարդակին՝ ամբողջ կեանքի ընթացքին ճանաչողական առողջութիւնը պահպանելու համար» ըսած են գիտնականները: