Մարդիկ, որոնք կը քնանան ցերեկը կամ չափէն աւելի երկար կը քնանան գիշերը (9 եւ աւելի ժամ), աւելի շատ ենթակայ են կաթուած ունենալու վտանգին։ Այս մասին կը նախազգուշացնեն Ուհանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու համալսարանի չինացի գիտնականները։
6 տարի տեւած հետազօտութեան մասնակցած է 31 750 մարդ Չինաստանի մէջ, որոնց միջին տարիքը 62 է։ Դիտարկումներու սկիզբը կամաւորներու մօտ կաթուածներ եւ առողջական որեւէ խնդիրներ չեն եղած։ Հետազօտութեան ընթացքին, արձանագրուած է կաթուածի 1557 դէպք։ Այս մասին գրուած է EurekAlert!-ի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Տուեալներու համաձայն՝ մասնակիցներու 8 առ հարիւրը ցերեկը քնացած է 90 վայրկեան եւ աւելի, իսկ 24 առ հարիւրը՝ օրական 9 եւ աւելի ժամ։ Վերջիններուն մօտ, կաթուածի յառաջացման վտանգը 23 առ հարիւրով աւելի եղած է, քան անոնց մօտ, որոնք օրական քնացած են 7-8 ժամ։ Իսկ անոնց մօտ, որոնք աւելի երկար քնացած են եւ այդ մէկը ըրած են նաեւ ցերեկը, կաթուածները աւելի եղած են 85 առ հարիւրով։
Գիտնականներու խօսքով՝ այս արդիւնքները մէկ անգամ եւս կ՛ընդգծեն չափաւոր քունի եւ քունի լաւ որակը պահպանելու նշանակութիւնը միջին եւ աւագ տարիքի մարդոց համար։