Տօներու ընթացքին, փափաքելի է փոքրիկի մը սննդակարգը չփոխել, ինչպէս կը պնդեն բազմաթիւ մասնագէտներ:
Անշուշտ, դժուար է փոքրիկին զրկել տօնական ուտելիքներէն, սակայն հիւրասիրութեան ժամանակ, խնդիրներէ խուսափելու համար, պէտք է զգուշ ըլլալ «անծանօթ» սնունդ առնելու առումով, կը նշեն մասնագէտները:
Փոքրիկներու մեծամասնութիւնը շատ կը սիրէ կազաւորուած խմելիք եւ քաղցր հիւթեր, սակայն անոնք, ինչպէս յայտնի է, այդքան ալ օգտակար չեն առողջութեան համար, այդ իսկ պատճառով, պէտք չէ արտօնել անոնց, շատ լեմոնատ եւ այլ հիւթեր խմել։ Բազմաթիւ մասնագէտներ կը նշեն, որ փափաքելի է՝ տօնական օրերուն չգնել եւ սեղանին վրայ չդնել քաղցր կազաւորուած խմելիքներ՝ փոխարինելով զանոնք ջուրով՝ կազաւորուած կամ ոչ կազաւորուած։
Ծնողներուն նաեւ խորհուրդ կը տրուի ուշադրութիւն դարձնելու, որպէսզի փոքրիկը ուրիշի տան մէջ թարմ սնունդ ուտէ։ Եթէ փոքրիկը կը պատրաստուի պտուղ ուտել, համոզուէցէք, որ անիկա մաքուր է։ Պէտք է կրկնակի ուշադիր ըլլալ փողոցը սնունդ գնելէն, յատկապէս` թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պատրաստուած է ուտելիքը, արդեօք աշխատակիցները ձեռնոց կամ ալ համապատասխան համազգեստ կը կրե՞ն, արդեօք մաքո՞ւր է խոհանոցը, արդեօք թա՞րմ է անիկա։
Յիշեցէք` որքան վարակներ կ՛անցնին չլուացուած ձեռքերէն: Փոքրիկին պէտք է սորվեցնել ձեռքերը լուալ` պարտադիր ուտելէն առաջ եւ յետոյ: Վերցուցէ՛ք թաց անձեռոցիկներ, որպէսզի ջուր չըլլալու պարագային, փոքրիկին ձեռքերը չմնան առանց լուացուելու: