Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն է, որ կը յառաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանում։ Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնի գրեթէ որեւէ մաս, եւ ախտանիշները կ՛արտայայտուին տարբեր ձեւերով։
Ախտանշաններու կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ուռուցքը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի կանուխ փուլերուն մէջ:
Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) տուեալներուն համաձայն՝ կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական այլ խնդիրներու հետ: Բայց եթէ ատոնք դառնան «քրոնիք», այսինքն՝ երկարին երկու շաբաթէն աւելի կամ յարատեւ դառնան, պէտք է լուրջ վերաբերիլ։
Խօսքը «քրոնիք» հազի, «քրոնիք» գլխացաւի, յարատեւ ցաւի եւ յոգնածութեան մասին է։
Հազ
Հազը, որ կ՛երկարի աւելի քան երկու շաբաթ, յատկապէս չոր հազը, կրնայ թոքերու քաղցկեղի նշան ըլլալ, կը յայտնեն բժիշկները:
Գլխացաւ
Գլխացաւը, որ կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ եւ չ՛արձագանգեր սովորական դեղերուն, կրնայ կապուած ըլլալ գլխուղեղի ուռուցքին հետ:
Ցաւ
Մարմնի որեւէ բաժնին մէջ յարատեւ ցաւը, որ չունի յստակ պատճառ եւ չ՛արձագանգեր «սթէնտըրտ» բուժման, կրնայ վկայել կամ սկզբնական ուռուցքի կամ «մեթասթազ»ներու մասին:
Յոգնածութիւն
Յարատեւ յոգնածութիւնը, որ չ՛անհետանար նոյնիսկ լաւ քնանալէն եւ հանգստանալէն ետք, կրնայ «լիւքիմիայի», «լիմֆոմայի» եւ ընդհանրապէս որեւէ տեսակի քաղցկեղի նշան ըլլալ: Քաղցկեղի պարագային յոգնածութիւնը կը պատահի ուռուցք յառաջացնող նիւթերու գործողութեան պատճառով։
Այս բոլոր ախտանշանները՝ թէ՛ միասին եւ թէ՛ առանձին-առանձին, պարտադիր չէ, որ վկայեն քաղցկեղի մասին, բայց ամէն պարագայի կ՛արժէ ստուգել։
Քաղցկեղի միւս հաւանական նշանները, որոնց պէտք է ուշադրութիւն դարձնել՝
- Որեւէ արիւնահոսութիւն
- Փորի փքուածութիւն
- Կրծքագեղձի փոփոխութիւններ
- Կլլելու դժուարութիւն
- Յարատեւ կապտաբիծեր
- Յաճախակի վարակներ
- Փոփոխութիւններ բերանի խոռոչին մէջ
- Յետդաշտանադադարային արիւնահոսութիւն
- Որովայնի ցաւ կամ սիրտխառնուք
- Կշիռքի անբացատրելի կորուստ
- Խալերու փոփոխութիւններ
- Զօրաւոր քրտնարտադրութիւն, յատկապէս գիշերը։