Փոքրիկներու վրայ համակարգչային խաղերու ազդեցութեան վերաբերեալ վէճերը կը շարունակուին երկար տարիներ։ Շատ ծնողներ եւ ուսուցիչներ կ՛անհանգստանան, որ փոքրիկները համակարգիչներու առջեւ չափէն աւելի ժամանակ կ՛անցընեն, իսկ որոշ բժիշկներ եւ հոգեբաններ կը հաւաստիացնեն, որ տեսախաղերը կը վնասեն անոնց զարգացման։
Շատ մասնագէտներ համաձայն չեն այս կարծիքին, ատոր համար գիտնականները կը փորձեն պարզել իրավիճակը փորձերու օգնութեամբ։ JAMA Network-ին մէջ հրապարակուած է յօդուած մը, որ համակարգչային խաղերը կրնան բարելաւել փոքրիկներու աշխատանքային յիշողութիւնը եւ արագացնել ոչ անհրաժեշտ գործողութիւններու դադրեցումը։
Վըրմոնթի համալսարանի աշխատակից Պէյտըր Չաարնի եւ անոր գործընկերները փորձարկումներ կատարած են 9-10 տարեկան 2 217 առողջ փոքրիկներու հետ։ Գիտնականները հաւաքած են տուեալներ իւրաքանչիւր փոքրիկի մասին, թէ ան որքան ժամանակ կ՛անցընէ խաղեր խաղալով, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանուր առմամբ համակարգիչի եւ «սմարթֆոն»ի առջեւ։ Փոքրիկներէն պահանջած են վարքագիծի շարք մը քննութիւններ կատարել՝ «մէկնէթիք ռեզոնընս իմէյճինկ»ի հետ միասին։
«Stop signal» առաջադրանքները կատարուած են աշխատանքային յիշողութիւնը եւ ուշադրութիւնը ստուգելու համար, երբ մասնակիցէն խնդրած են ցոյց տալ, թէ արդեօք հանդիպած է քանի մը քայլ-յետընթաց որոշ ազդանշանի։ «Սթոփ-ազդանշան» առաջադրանքին մէջ փոքրիկները պէտք է կատարէին գործողութիւն մը «էքրան»ին վրայ եւ որոշ կէտի մը «սթոփ» հրահանգով դադրեցնէին զայն կատարել (օրինակ, չսեղմել կոճակը, երբ արդէն երկարած էր ձեռքը)։
Հեղինակները պարզած են, որ փոքրիկները, որոնք տեսախաղերով զբաղած են շաբաթը 21 ժամէն վեր, աւելի արագ ճիշդ պատասխաններ տուած են երեք առաջադրանքներուն՝ «սթոփ-ազդանշան», «0-back» եւ «2-back»՝ անկախ սեռէն։
Բայց այս հետազօտութեան եզրակացութիւնները տակաւին պէտք է ստուգել, որովհետեւ նախկին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ խաղերը կը նպաստեն «իմփալսիվ» դառնալու։