Թէյի կամ սուրճի մէջ մէկ թէյի դգալ շաքար աւելցնելը առողջութեան համար բացասական հետեւանքներ չ՛ունենար։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Հոլանտայի Լեյտընի համալսարանի գիտնականները՝ հետազօտութիւն կատարելով, որուն մասնակցած է երեք հազար մարդ։ Անոնց աշխատանքին արդիւնքները հրապարակաուած են PLOS One ամսագրին մէջ։
Գիտնականներու խումբը 32 տարի հետեւած է այն մարդոց առողջութեան, որոնք թէյ եւ սուրճ խմած են շաքարի տարբեր պարունակութեամբ, ինչպէս նաեւ առանց ատոր։ Այնուհետեւ, անոնք այդ մարդոց առողջութեան վերաբերեալ ընդարձակ հետազօտութիւն կատարած են եւ բացայայտած՝ փորձարկումի այն մասնակիցներուն մահուան պատճառները, որոնք աւարտին չեն հասած։
Բացայայտուած է, որ շաքար ստացողներու խումբին մէջ այն մարդոց թիւը, որոնք սիրտ-անօթային հիւանդութիւններ ունեցած են, միայն 2,9 առ հարիւրով գերազանցած է այն խումբի հիւանդացողներու թիւին, որոնք թէյը եւ սուրճը խմած են առանց շաքարի (38,2 առ հարիւր 35,3 առ հարիւրի դիմաց), ինչ որ վիճակագրականօրէն նշանակալի տարբերութիւն մը չէ։ Նման ցուցանիշներ ստացուած են նաեւ հիւանդութիւններու այլ խումբերու ուսումնասիրութեան ժամանակ։
Նշուած է, որ հետազօտութեան մասնակիցները թէյի եւ սուրճի մէջ աւելցուցած են միջինը մէկ դգալ կամ մէկ կտոր շաքար (մօտաւորապէս 5 կրամ), ինչ որ նկատուած է իբրեւ անվտանգ չափաբաժին։ Բաղդատութեան համար. քաղցր ըմպելիքի մը (սոտա, զանազան հիւթեր…) մէկ թիթեղը կ՛ընդգրկէ մօտաւորապէս 25 կրամ շաքար, ինչ որ վնասակար չափաբաժին է առողջութեան համար։