Մասնագէտներ յայտնած են, թէ ի՛նչ հիւանդութիւններ կրնայ պահած ըլլալ վատ յիշողութիւնը։ Յայտնի է, որ տարիքի բերումով մարդիկ աւելի դժուար կը յիշեն եւ կը վերարտադրեն տեղեկութիւնը։ Բայց առողջ տարեց մարդիկ յիշողութիւնը չեն կորսնցներ. անոնց պարագային պարզապէս աւելի ժամանակ պէտք է իմաստաւորելու համար ստացուած տեղեկութիւնը։
Այնուամենայնիւ, յիշողութեան վատթարացումը կրնայ կապուած ըլլալ Ալզհայմըրի հիւանդութեան հետ։ Մասնագէտները նշած են, որ յիշողութեան վատթարացումով կը տառապին մտային խախտումներ ունեցող մարդիկ։ Անոնք կրնան մոռնալ մանրամասնութիւնները, բայց՝ յիշել շատոնց կատարուած իրադարձութիւնները, բնական հաշուել, յիշել գնումներու ցուցակը։
Յիշողութիւնը կրնայ վատթարանալ նաեւ «սթրես»էն կամ վատ քունի հետեւանքով։ Մասնագէտները կը յանձնարարեն նման պարագաներու ուշադրութիւն դարձնել շրջապատի իրադրութեան եւ օրակարգին մէջ ներառել «ֆիզիքըլ էճուքէյշըն»ը։
Յիշողութեան խախտումները, ինչպէս նշած են մասնագէտները, կրնան կապուած ըլլալ Ալզհայմըրի հիւանդութեան, գանկուղեղային վնասուածքներու, գլխու ուռուցքներու, «նիւրոսիֆիլիս»ի եւ «էփիլեփսիա»ի հետ։ Տկարութիւն զգալու պարագային անհրաժեշտ է դիմել բժիշկի։
Յիշողութիւնը բարելաւելու համար կարելի է փոխել օրուան սովորական դասաւորումը, վերապատմել անցնող օրը, երբեմն ապրիլ փակ աչքերով, եւ այլն։