Առողջ մորթ ունենալու համար բժիշկը կը յանձնարարէ հրաժարիլ ալքոլէն, ծխելէն եւ խիստ սննդականոններէն։
Times Of India-ի համար պատրաստուած յօդուածին մէջ, վերարտադրողական առողջութեան մասնագէտ, Ուփսալայի համալսարանէն (Շուէտ) Սատհանա Քալան, գրած է սովորութիւններու մասին, որոնք կը նպաստեն փայլուն մորթ ունենալուն:
Քալան նշած է, որ առողջ մորթը պարտադիր չէ, որ կատարեալ ըլլայ։
«Մորթին վրայ կրնայ ըլլալ յետծննդաբերական ձգուող նշաններ, նկատելի ծակեր, բիծեր, կնճիռներ։ Սակայն առողջ մորթը կարմիր չէ, բորբոքած չէ, չափազանց իւղոտ կամ չոր չէ, հարթ է, ինչպէս նաեւ ձիգ եւ փայլուն է»,- բացատրած է Քալան:
Մորթի առողջութեան վրայ կ՛ազդեն ոչ միայն «ճենեթիք»ական եւ առողջական վիճակը, այլեւ՝ սովորութիւնները: Բժիշկը յանձնարարած է զանց առնել ծխելը եւ նուազեցնել ալքոլի օգտագործումը։ «Ալքոլը կը յառաջացնէ դէմքի կարմրութիւն, «տըրմաթայթիս» (մաշկի բորբոքային ախտահարման տեսակ), «ռոզացիա» (դէմքի մորթը ախտահարող քրոնիք հիւանդութիւն), մաշկի վարակներ, «փսորիազ» (օթոիմիւն հիւանդութիւն),- զգուշացուցած է ան:
Բացի ատկէ, առողջ եւ ձիգ մորթի համար անհրաժեշտ է քնանալ օրական առնուազն ութ ժամ եւ պարբերաբար մարզուիլ: «Ամէն շաբաթ մինչեւ 150 վայրկեան չափաւոր «այրոպիք» վարժութիւններ ըրէք, օրինակ՝ արագ քալեցէք»,- ըսած է Քալան:
Առողջ մորթին կը նպաստէ նաեւ «սթրես»ի նուազեցումը՝ «մետիթէյշըն»ի, «եոկա»ի, ընկերային «աքթիվութեան», ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներէն եւ խիստ սննդականոններէն խուսափելու միջոցով: «Կշիռքի կրկնուող կորուստը եւ յաւելումը կը յանգեցնեն մորթի տկարացման, կնճիռներու եւ մորթի ձգուող նշաններու: Ծայրայեղ սննդականոնները կը յանգեցնեն նաեւ կարեւոր «վիթամին»ներու եւ հանքանիւթերու պակասութեան, ինչ որ կը վնասէ մորթին»,- զգուշացուցած է վիրաբոյժը։
Ի վերջոյ, Քալան առաջարկած է սննդակարգէն բացառել բարձր «կլայքեմիք ինտեքս»ով սնունդը («պիսքուիթ»ներ, կարկանդակներ, քաղցր ըմպելիքներ), «չիփս»երը, չափազանց աղի, կծու եւ շատ համեմներով ուտելիքները: