Շատ պարագաներու մարդ ինքը կրնայ բուժել քերծուածքները, սակայն ո՞ր պարագաներուն պէտք է անհանգստանալ: Ե՞րբ պէտք է դիմել բժիշկի:
Մասնագէտներու կարծիքով՝ քերծուածքներու ապաքինումը կը սկսի գրեթէ անմիջապէս, եւ ամբողջ գործընթացը կրնայ տեւել քանի մը օրէն մինչեւ քանի մը շաբաթ: Վերականգնումի տեւողութեան երկարաձգումին վրայ կրնան ազդել քանի մը գործօններ.
- վնասուածքի ընդհանուր բնոյթը՝ որքան աւելի մեծ եւ խորունկ է քերծուածքը, այնքան երկար կը բուժուի անիկա,
- մարդու առողջութեան ընդհանուր վիճակը,
- տարիքը՝ որքան մեծ է մարդ, այնքան երկար ժամանակ կը պահանջուի ապաքինումի համար,
- անօթային հիւանդութիւններու առկայութիւնը,
- ծխելը:
Այնուամենայնիւ, կը յանձնարարուի կարելի եղած չափով շուտ դիմել բժիշկի, եթէ քերծուածքի տեղը կը յայտնուին վարակի տարածման հետեւեալ ախտանիշները․
- ապաքինումի նշաններու չգոյութիւնը նոյնիսկ քանի մը օր անցնելէն ետք,
- վնասուածքի վայրի ցաւի սաստկացումը,
- քերծուածքի եւ ատոր շուրջ մաշկի տաք, ուռած կամ կարմիր մնալը,
- տաքութեան բարձրացումը,
- թարախի կամ այլ արտադրութեան յայտնուիլը:
Վերոնշեալ ախտանիշներուն պարագային մարդ կրնայ աւելի լուրջ բուժման կարիք ունենալ, ներառեալ՝ հակապայոթիքներ ստանալը: Ամէն պարագայի, եթէ այսպիսի ախտանիշներ կան, չի յանձնարարուիր յետաձգել բժիշկին այցելութիւնը: