«Քորոնա» ժահրէն ամէնէն աւելի կը մահանան ծխողները, որովհետեւ ժահրը կը վնասէ թոքերը, որոնք ծխողներու մօտ արդէն իսկ խորունկ կերպով վնասուած են։ Վնասուած են թէ՛ սովորական, թէ՛ ելեկտրոնային ծխախոտներով եւ թէ՛ կլկլակով։
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ըսած է.
«Անընդհատ կը զսպեմ ինքզինքս ծխելու մասին խօսելէն, որ զիս դարձեալ չմեղադրեն «ծխելու» դէմ պայքարի մէջ։ Բայց այլեւս չեմ կրնար… «Քորոնա» ժահրէն ամէնէն աւելի կը մահանան ծխողները, որովհետեւ ժահրը կը վնասէ թոքերը։ Չէ՞ք ուզեր ծանր կերպով հիւանդանալ «քորոնա» ժահրէն կամ մահանալ անկէ, ուրեմն դադրեցուցէ՛ք ծխելը այս վայրկեանին», – գրած է նախարարը։