Մինեզոթայի համալսարանի գիտնականները յայտնած են, որ SARS-CoV-2 «քորոնա» ժահրը թերեւս երբեք կարելի չըլլայ ամբողջովին յաղթահարել: Միայն պատուաստը կրնայ սահմանափակել ժահրի տարածումը, որ ժամանակի ընթացքին, ամենայն հաւանականութեամբ, կը յարմարի մարդու օրկանիզմին եւ կը կրկնուի այնպէս, ինչպէս այդ մէկը կ՛ըլլայ հարբուխի ժահրերու պարագային։
Բորբոքումի հիւանդութիւններու հետազօտման կեդրոնի տնօրէն Մայքլ Օսթերհոլմ կը կարծէ, որ «քորոնա» ժահրը կ՛ապրի մարդկութեան հետ Մարդու դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրի նման: Մասնագէտը նաեւ կը կասկածի, որ պատուաստի օգնութեամբ մարդիկ կրնան երկարատեւ դիմադրողականութիւն ձեռք բերել, որովհետեւ առողջացածներու մօտ հակամարմիններով ապահովուած դիմադրողական պաշտպանութիւնը աստիճանաբար կը տկարանայ, կը յայտնէ ԹԱՍՍ:
Պատուաստը դիմադրողականութիւն կը ստեղծէ «քորոնա» ժահրին դէմ, որ կը պահպանուի քանի մը ամիսէն մինչեւ քանի մը տարի: Աւելի արդիւնաւէտ պատուաստ մշակելու համար, աւելի շատ հետազօտութիւններ կը պահանջուին, սակայն այժմ մարդկութիւնը ատոր համար ժամանակ չունի:
Worldometers.info/coronavirus/-ի փոխանցումով՝ աշխարհի վրայ աւելի քան 15․5 միլիոն մարդ արդէն վարակուած է «քորոնա» ժահրով, որոնցմէ 636 633-ը մահացած է։