Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական հետազօտական հիմնարկի գիտնականները, «քորոնա» ժահրին դէմ աւելի քան 20 նոր եւ արդիւնաւէտ դեղամիջոց յայտնաբերած են: Այս մասին ըսուած է Nature ամսագիրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ:
Հետազօտողները վերլուծած են դեղամիջոցներու տուեալներու մեծ ամբողջութիւնը, որպէսզի գտնեն «քորոնա» ժահրին դէմ ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցները: Անոնք յաջողած են գտնել 100 «մոլեքիւլ» հակաժահրային աշխուժութեամբ, եւ 21 դեղամիջոց արդիւնաւէտ ճանցուած է: Բացի ատկէ, պարզուած է, որ 4 դեղամիջոց օժանդակութեամբ կը գործեն «ռեմտեսիվիր»-ի հետ, որ այսօր կը կիրառուի «քորոնա» ժահրի բուժման համար:
Յայտնաբերուած դեղամիջոցներէն 2-ին համաձայնութիւն տուած է FDA-ը:
Գիտնականներու խօսքով՝ այս պահուն, «քլոֆազիմին»-ը, «հանֆանկչին»-ը «А»-ը, «ափիլիմօտ»-ը եւ ONO 5334-ը արդիւնաւէտ բուժումի ամէնէն կարճաժամկէտ տարբերակներն են: