Անգլիոյ Արեւելեան համալսարանի գիտնականները վերլուծած են COVID-19-ի ընթացքը տարեց մարդոց մօտ եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ անոնց մեծամասնութեան մօտ յայտնաբերուած են հիւանդութեան ոչ տիպական ախտանշաններ: Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է medRxiv համացանցային կայքին մէջ:
Դիտարկումները կատարուած են ծերանոցներու հիւանդներու ծիրին մէջ, Ապրիլի 7-էն մինչեւ Յունիս 29 ժամանակաշրջանին մէջ:
Պարզուած է, որ այն 103 մարդոցմէ, որոնց քննութիւնները ցոյց տուած են դրական արդիւնք, միայն 38 հիւանդի մօտ յայտնաբերուած են «քորոնա» ժահրի բնորոշ ախտանշաններ: Նշուած է, որ 54 հոգիի մօտ հիւանդութեան ոչ մէկ նախանշան արձանագրուած է, կամ ատոնք սկսած են երեւան գալ վարակուելէն երկու շաբաթ ետք:
Այնուամենայնիւ, բազմաթիւ վարակուածներ ունեցած են «տկարութիւն» եւ «ընդհանուր վատառողջ վիճակ». գիտնականները զանոնք դասած են COVID-19-ի ոչ բնորող առանձնայատկութիւններու դասակարգին, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին: