Շէմփեյնի Իլինոյս համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ MIND սննդականոնը կը բարելաւէ դպրոցական փոքրիկներու կեդրոնացումը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են NUTRITON 2023ին մէջ, Սնունդի ամերիկեան ընկերութեան ամէնամեայ հաւաքին եւ կը նկատուին նախնական, մինչեւ գրախօսուելէն ետք գիտական ամսագրին մէջ հրապարակուիլը։
MIND սննդականոնը սկիզբը մշակուած է մեծերու մտային գործունէութիւններու նուազումը կանխելու համար։ Անիկա կը համադրէ միջերկրածովեան եւ DASH սննդականոնը բարձր ճնշում ունեցող մարդոց համար։ MIND սննդականոնին մէջ կը շեշտուին թարմ պտուղները, բանջարեղէնները եւ լուբիայի ընտանիքը, ներառեալ լուբիան, ոսպը եւ ոլոռնը, ինչպէս նաեւ՝ կանաչեղէնը եւ հատապտուղները, որոնք կը նպաստեն ուղեղի առողջութեան։
Նոր հետազօտութեան մէջ օգտագործուած են 7-11 տարեկան 85 փոքրիկներու տուեալները։ Եօթ օրուան ընթացքին, անոնք հետեւած են MIND սննդականոնին կամ HEI-2015 սննդականոնին՝ հիմնուելով առողջ սնունդ ստանալու ընդհանուր սկզբունքներու վրայ։ Անոնք նաեւ կատարած են առաջադրութիւն մը, որ պահանջած է ծաւալային կեդրոնացում եւ արագ արձագանգում։ Նեարդային խանգարումներ ունեցող փոքրիկները հետազօտութեան չեն մասնակցած, որպէսզի նուազին շեղող գործօնները։
Հետազօտողները յայտնաբերած են, որ MIND-ը եւ ոչ թէ HEI-2015-ը բարելաւած է առաջադրութեան կատարման արդիւնքները։
«Այդ կը վկայէ, որ MIND սննդականոնը կրնայ բարելաւել փոքրիկներու մտային զարգացումը, ինչ որ կարեւոր է դպրոցին մէջ յաջողութիւն ունենալու համար»,- նշած են գիտնականները։
Հեղինակները նախազգուշացուցած են, որ իրենց հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ կապը, բայց ոչ պատճառ-հետեւանքային կապը։