Համաշխարհային ջերմացումը «ֆանկըս»ները (fungus) աւելի վտանգաւոր կը դարձնէ մարդկութեան համար, նախազգուշացուցած են Տիուքի համալսարանի մայքրոկենսաբանները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS ամսագրին մէջ:
Յարուցիչ «ֆանկըս»ները աւելի վտանգաւոր են տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց համար։ Մարդոց մեծամասնութեան համար ատոնք սպառնալիք չեն, որովհետեւ չեն հանդուրժեր մարդու մարմնի տաքութիւնը: Այնուամենայնիւ, համաշխարհային ջերմացումը կրնայ շտկել ատիկա, ըսած են գիտնականները:
Գիտնականները արձանագրած են, որ բարձր ջերմաստիճանը կը յանգեցնէ անոր, որ յարուցիչ «ֆանկըս»ը, որ յայտնի է որպէս Cryptococcus deneoformans, կը սկսի «միւթէյշըն»ի ենթարկուիլ: Որոշ փոփոխութիւններ կրնան յանգեցնել ջերմակայունութեան բարձրացման, իսկ միւսները, հնարաւոր է, որ կարենան յանգեցնել հիւանդութիւններու յառաջացման ներուժի բարձրացման:
«Այս լուրը կրնայ հետաքրքրութիւն յառաջացնել HBO-ի The Last of Us-ի դիտողներուն մօտ, որուն մէջ «քորտիսեփս ֆանկըս»ը յարմարած է տաքութեան եւ կրցած է վարակել մարդոց՝ զանոնք վերածելով «զոմպի»ներու։ Սնկային հիւանդութիւններու թիւը կ՛աճի տկար դիմադրողական համակարգ կամ ուղեկցող հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց թիւի աճին պատճառով: Ջերմաստիճանը միայն կ՛արագացնէ այդ միտումը»,- եզրակացուցած են գիտնականները։