Աղի չափազանց շատ օգտագործումը վնասակար է առողջութեան համար, որովհետեւ կը յանգեցնէ օրկանիզմին մէջ ջուրի կուտակումին եւ կրնայ վնասել սրտանօթային համակարգը: Սակայն, քաղցկեղի պարագային, աղի աւելցուկը կրնայ ցուցաբերել անսպասելի արդիւնք, ինչպէս պարզած են գիտնականները:
Xinhua-ի հաղորդումով՝ գիտնականները կերակրած են մաշկի քաղցկեղ (մելանոմա) եւ կուրծքի քաղցկեղ ունեցող մուկերուն աղի բարձր կամ ցած պարունակութեամբ սնունդով, 16 օր շարունակ: Նշուած ժամանակէն ետք, շատ աղ օգտագործած մուկերու խումբին մէջ, քաղցկեղի երկու տեսակներու ուռերու կշիռքը եւ չափը աւելի փոքր եղած են, քան միւս խումբին պարագային:
Փորձագէտները փորձած են հասկնալ մեքանիզմը, որ ինկած է ուռի աճը դանդաղեցնելու հիմին մէջ: Կարծես, թէ աղային սննդակարգը կը կրճատէ «միելոիտային սուփրեսորային» բջիջներու կուտակումը արեան, փայծաղի եւ ուռի մէջ: Ատոնք «միելոիտային» ծագման ոչ հասուն բջիջներն էին, որոնք ունէին դիմադրողական համակարգը ճնշող յատկութիւններ:
Այդ բջիջները զանազանուած են որպէս դիմադրողական համակարգը խթանողներ, ոչ թէ ճնշողներ, որոնց շնորհիւ տեղի ունեցած է հիւանդ օրկանիզմին մէջ դիմադրողական համակարգի վերականգնում եւ ուռի աճի ցուցանիշներու նուազում:
Գիտնականներու կարծիքով՝ աղը ունակ է զօրացնելու դիմադրողական բուժումի պարագային, ճիշդ է, առայժմ պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ազդէ աղի մեծ քանակը առողջական ընդհանուր վիճակին վրայ: Բացի ատկէ, դեռ յայտնի չէ՝ արդեօ՞ք նոյն արդիւնքը կ՛արձանագրուի մարդոց օրկանիզմին պարագային: