Մարդու մարսողական համակարգին մէջ կ՚ապրին մօտաւորապէս 100 թրիլիոն մանրէներ (օգտակար պաքթիրիաներ) ։ Այս բոլոր մանրէները միասին կը կազմեն այն, ինչ որ կը կոչուի աղիքային մանրէահամայնք (gut microbiome) ։ Այս օգտակար «պաքթիրիա»ները կը պայքարին վնասակար «պաքթիրիա»ներուն դէմ, որպէսզի օգնեն պահպանելու աղիքներուն առողջութիւնը։
Փրոպիոթիքներ․ կը նպաստեն մարսողութեան եւ ընդհանուր առողջութեան
Փրոպիոթիքները (probiotics) ապրող օրկանիզմներ են՝ կամ պարզապէս «միքրոպ»ներ։ Անոնք հիմնականին մէջ «պաքթիրիա»ներ եւ խմորասունկեր են, որոնց հիմնական դերը մարսողութեան աջակցիլն ու ընդհանուր առողջութեան նպաստելն է։ Փրոպիոթիքները կ՚օգնեն ամրապնդելու աղիքներու պաշտպանողական պատնէշը, կը նպաստեն սննդարար նիւթերու աւելի լաւ ներծծման եւ կ՚օգնեն փոխարինելու նուազ օգտակար կամ վնասակար «միքրոպ»ները։
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ փրոպիոթիքները կրնան օգնել բուժելու, նոյնիսկ կանխարգիլելու որոշ առողջական վիճակներ, ինչպէս՝ մարսողական համակարգի վարակները, գրգռուած աղիքի համախտանիշը (IBS), կաթնաշաքարի (լաքթոզ) անհանդուրժողականութիւնը, «ալերժի»ները, «սիսթիք ֆիպրոզ»ը, միզասեռական համակարգի վարակները, փորհարութիւնը, բարձր «քոլեսթերոլ»ը, «էքզեման» եւ քաղցկեղի որոշ տեսակներ։
Փրոպիոթիքները կրնան նաեւ նպաստել բերանի եւ ակռաներու առողջութեան՝ օգնելով բուժելու եւ կանխարգիլելու ակռաներու փճացումը, լինտերու հիւանդութիւնները եւ բերնի տհաճ հոտը։
Մարսողութեան աջակցելէն բացի, փրոպիոթիքներու այլ կարեւոր դերերէն մէկը նաեւ առողջ դիմադրողական համակարգի պահպանման նպաստելը եւ քրոնիկ հիւանդութիւններու կանխարգիլումն է։
Փրոպիոթիքներու օրինակներ են խմորուած մթերքները, ինչպէս՝ որոշ տեսակներու մածուն, բազմաթիւ պանիրներ, թթուաշի վերածուած բանջարեղէններ, խնձորի քացախ, խմորուած թէյեր եւ թթու կաղամբ։ Փրոպիոթիքները հասանելի են նաեւ յաւելումներու ձեւով՝ դեղահատերու կամ փոշիի տեսքով։
Փրիպիոթիքներ․ կը սնուցանեն աղիքներու օգտակար մանրէները
Փրիպիոթիքները (prebiotics) փրոպիոթիքներուն սնունդն են։ Անոնք խմորումի եւ նիւթափոխանակութեան գործընթացներու միջոցով կը սնուցանեն փրոպիոթիքները, ինչ որ օգտակար է աղիքներուն համար։ Այս միքրօ-օրկանիզմները կը մասնակցին օրկանիզմի բազմաթիւ կարեւոր գործընթացներուն, ներառեալ՝ բջիջներու ուժանիւթի արտադրութիւնը, դիմադրողական համակարգի գործունէութիւնը, «հորմոն»ներու կարգաւորումը, բորբոքումի նուազեցումը եւ աղիքներու բնական գործունէութեան պահպանումը։
Հետազօտութիւնը կը վկայէ, որ փրիպիոթիքներու առատ օգտագործումը կրնայ ամրապնդել դիմադրողական համակարգը, օգնել արիւնին մէջ շաքարի մակարդակի կարգաւորման, նուազեցնել հաստ եւ ուղիղ աղիքներու քաղցկեղի վտանգը եւ բարելաւել «քալսիում»ի ներծծումը։ Երբ օգտակար մանրէները (փրոպիոթիքները) կը «կերակրուին» առողջարար սնունդով (փրիպիոթիքներով), մեր օրկանիզմը աւելի առողջ կ՚ըլլայ։
Փրիպիոթիքները կը գտնուին այն ուտելիքներուն մէջ, որոնք կը պարունակեն՝
- Սննդային մանրաթելեր, որոնք օրկանիզմը ամբողջութեամբ չի մարսեր։
- Չմարսուող օսլայ, որ ածխաջուրի տեսակ մըն է եւ չի մարսուիր բարակ աղիքին մէջ։ Փոխարէնը, անիկա կը խմորուի հաստ աղիքին մէջ։
Ամենէն ընդհանրացած փրիպիոթիքներն են՝ «ինուլին»ը, «օլիկոսաքարիտ»ները եւ «փեքթին»ը, որոնք կը գտնուին մանրաթելով հարուստ մթերքներու մէջ։ Փրիպիոթիքներ պարունակող մթերքները կը ներառեն պտուղները եւ բանջարեղէններուն մեծ մասը՝ յատկապէս կանաչ պանանը, ծնեբեկը եւ սոխը, ինչպէս նաեւ՝ սխտորը, ընկուզեղէնը, սերմերը, վարսակը, գարին, գետնախնձորը եւ ընդեղէնները, ինչպէս՝ «սոյա»ն, չոր լուբիան, սիսեռը եւ ոսպը։
Ինչպէ՞ս աւելցնել փրոպիոթիքները եւ փրիպիոթիքները ձեր սննդականոնին մէջ
Սնունդի մը բաղադրութիւնը կրնայ փոխուիլ պատրաստութեան եղանակէն։ Ուստի, փրիպիոթիքներէն եւ փրոպիոթիքներէն առաւելագոյն չափով օգտուելու համար, կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել կերակուրներու պատրաստութեան եղանակին։ Օրինակ՝ գետնախնձորը խաշելը աւելի օգտակար է, քան ջեռոցին մէջ եփելը։ Երբ գետնախնձորը նախ կը խաշուի, ապա կը սառեցուի, անոր մակերեսին կը գոյանայ սպիտակ օսլայանման շերտ մը, որ ամենէն օգտակար մասն է։ Իսկ լուբիան եւ այլ ընդեղէնները տաք մատուցելը կը բարձրացնէ անոնց օսլայի պարունակութիւնը, ինչ որ օգտակար է աղիքներու առողջութեան համար։
Պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն մեծ մասը թարմ եւ հում վիճակով ուտելը օրկանիզմին կ՚ապահովէ օգտակար փրիպիոթիքներ։
Հետազօտողները կը յանձնարարեն այս ուտելիքները աստիճանաբար ներառել ձեր սննդականոնին մէջ։ Փրիպիոթիքներ եւ փրոպիոթիքներ պարունակող մեծ քանակութեամբ նոր մթերքներ մէկ անգամէն աւելցնելը կրնայ յառաջացնել «կազ», փորի փքուածութիւն եւ աղիքային անհանգստութիւն։

