Բժշկական յառաջընթացը կրնայ մարդոց կարելիութիւն ստեղծել ապրիլ 100 տարեկանէն աւելի». ԱՀԿ

Բժշկութեան ոլորտին մէջ յառաջընթացը եւ ընկերային բարենպաստ պայմանները պիտի արտօնեն մարդոց մօտիկ ապագային ապրիլ 100 տարիէն աւելի, ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Պաթիր Պերտիքլիչեւը։ «Կարելի է ըսել, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդիկ այժմ շատ աւելի երկար կ՛ապրին: Ժամանակակից կանխարգելիչ մեթոտները՝ բարելաւուած սնուցումը, ապրելու եւ աշխատանքի աւելի լաւ…

Վեց բնական միջոց մորթի գունանիւթային հետքերէն ձերբազատելու համար

Մորթի վրայ մութ գունանիւթային (pigmentation) հետքերը բաւական ընդհանրացած խնդիր են, որոնք կրնան յառաջանալ տարբեր գործօններու պատճառով: Անոնք կը ներառեն յղութիւնը, երկարատեւ արեւու ճառագայթներուն ենթարկուիլը, ծերացումը եւ ծինային նախատրամադրուածութիւնը: Այս նշանները ժամանակի ընթացքին կրնան աւելնալ, տարածուիլ եւ աւելի նկատելի դառնալ, ուստի զարմանալի չէ, որ մարդիկ փորձեն ձերբազատիլ անոնցմէ ի յայտ գալէն  անմիջապէս ետք: Ահաւասիկ վեց պարզ…

Դանդաղ ուտելը կրնայ օգնել պայքարելու ճարպակալումի դէմ

Ֆուճիթա բժշկական համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ կշիռքի վերահսկումի հարցին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ ոչ միայն սնունդի բաղադրութիւնը, այլեւ՝ անոր սպառումի արագութիւնը։ Սնուելու թափի դանդաղեցումը կրնայ օգնել պակսեցնելու «քալորի»-ներու ստացումը, հետեւաբար նուազեցնելով ճարպակալումի եւ յարակից հիւանդութիւններու վտանգը: Աշխատանքը հրապարակուած է Nutrients ամսագրին մէջ: Փորձարկումին մասնակցած են 20-էն 65 տարեկան 33 մասնակիցներ, որոնք «փիցցա» կերած…

Գիտնականներ կը յայտնաբերեն չափահասներու մազի աճին նպաստող սպիտակուց մը

Ալոբեցիա»-ն ինքնադիմադրողականութեան հիւանդութիւն մըն է, որ պատճառ կը դառնայ գլխամաշկի եւ մարմնի անշրջելի մազաթափութեան՝ կեանքի որեւէ փուլի մը ընթացքին ազդելով աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 2 առ հարիւրին վրայ: Աւստրալիայէն, Սինկափուրէն եւ Չինաստանէն հետազօտողներու խումբ մը յայտնաբերած է, որ աշխուժացուած մազապարկերու (follicles) ցօղունային բջիջները (HFSCs), որոնք անհրաժեշտ են մազերու աճին եւ վերականգնումին համար, կախեալ են MCL-1 կոչուող…

Արիւնահոսութեան խանգարումներ. ուղեցոյց պատճառներու, տեսակներու, ախտանշաններու եւ խնամքի մասին

Ի՞նչ է արիւնահոսութեան խանգարումը Արիւնահոսութեան խանգարումը վիճակ մըն է, որ կ՛ազդէ արեան բնական թանձրացման վրայ: Այս գործընթացը, որ նաեւ յայտնի է որպէս լերդացում, արիւնը հեղուկ վիճակէն կը վերածէ թանձրի: Երբ մարդ կը վիրաւորուի, արիւնը բնականաբար կը սկսի լերդանալ՝ արեան զանգուածային կորուստը կանխելու համար: Երբեմն, որոշ պայմաններ կը խոչընդոտեն արեան պատշաճ թանձրացումը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել…

Թէյի եւ ազատքեղի մէջ գտնուող լիւթեոլինը կրնայ յետաձգել ծերացումը

Սուրճի, թէյի, պտուղներու, բանջարեղէնի եւ կանաչ տերեւներու մէջ գտնուող «լիւթեոլին» միացութիւնը կրնայ դանդաղեցնել ծերացումի արտաքին նշանները եւ նուազեցնել հիւանդութեան վտանգը՝ Սասեքսի համալսարանական հիւանդանոցէն բրիտանացի թերափիսթ Ռոպ Կալըուէյի համաձայն, յայտնած է Daily Mail-ը։ Բժիշկը վկայակոչած է ճափոնցի գիտնականներու ուսումնասիրութիւնը, որ յայտնաբերած է, թէ «լիւթեոլին»-ի յաւելումները կը դանդաղեցնեն մուկերու մորթի սպիտակացումի գործընթացը: «Լիւթեոլին»-ը բնական հակաօքսիտանդ է, որ…

Օզոնի ապականումը կը բարձրացնէ սրտի կաթուածի վտանգը երիտասարդ տարիքին

Ելի համալսարանի ամերիկացի գիտնականները կապ մը յայտնաբերած են օզոնի բարձր մակարդակի եւ երիտասարդներու մօտ սրտի կաթուածի բարձր վտանգի միջեւ: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է GeoHealth գիտական ​​ամսագրին մէջ։ Խումբը վերլուծած է 18-էն 55 տարեկան 2,322 հիւանդի տուեալները, որոնք սրտի կաթուած ունեցած են: Հետազօտողները ուսումնասիրած են օդի ապականութեան մակարդակը, ներառեալ օզոնը եւ մանր մասնիկները (PM2.5), մասնակիցներու ապրած վայրերուն…

Շաքարաւազ ըմպելիքները կը բարձրացնեն կիներու բերանի խոռոչի քաղցկեղի վտանգը մօտ հինգ անգամ

Նոր հետազօտութիւն մը յայտնաբերած է, որ կիներ, որոնք օրական առնուազն մէկ անգամ քաղցրացուած ըմպելիք կը խմեն, հինգ անգամ աւելի ենթակայ են բերանի խոռոչի քաղցկեղ զարգացնելու, քան անոնք, որոնք ընդհանրապէս կը խուսափին քաղցր ոչ ալքոլային ըմպելիքներէն: Ուաշինկթընի համալսարանի հետազօտութիւնը կատարուած է բերանի խոռոչի քաղցկեղի պարագաներու տագնապալի աճի նկատումով, հիմնականին մէջ երիտասարդ, չծխող եւ չխմող հիւանդներու շրջանակին մէջ, որոնք չունին վտանգի այլ գործօններ: Տասնամեակներ շարունակ բերանի խոռոչի քաղցկեղը հիմնականին մէջ կապուած էր տարեց տղամարդոց հետ, որոնք ենթարկուած էին…

Սմարթֆոնէն 72-ժամուան ընդմիջումը կը բարելաւէ ուղեղի աշխուժութիւնը

Գերմանացի գիտնականներ Հայտըլպըրկի համալսարանէն եւ այլ հաստատութիւններէ բացայայտած են, որ «սմարթֆոն»-երու օգտագործման նոյնիսկ կարճաժամկէտ սահմանափակումները զգալիօրէն կ՛ազդեն ուղեղի գործունէութեան վրայ՝ կապուած «տոփամին»-ի եւ «սերոթոնին»-ի հետ՝ նեարդային հաղորդիչներ, որոնք կը կարգաւորեն տրամադրութիւնը եւ կախուածութիւնը: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Computers in Human Behavior (CHB) բժշկագիտական ամսագրին մէջ: Խումբին մաս կազմած են 25 չափահաս երիտասարդներ՝ 18-էն 30 տարեկան, որոնք…

Թարմ մանկոն կրնայ նուազեցնել ինսուլինի մակարդակը եւ բարելաւել ինսուլինի նկատմամբ զգայունութիւնը ճարպակալում ունեցող մեծերու մօտ

Թարմ «մանկօ»-ն կրնայ դառնալ կարելի միջոց սրտանօթային նիւթափոխանակութեան առողջութեան բարելաւման համար: Nutrients ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ օրական երկու գաւաթ «մանկօ» օգտագործելը, որ կը պարունակէ ընդամէնը մօտաւորապէս 100 քալորի, կրնայ օգնել նուազեցնելու «ինսուլին»-ի մակարդակը եւ բարելաւել «ինսուլին»-ի նկատմամբ զգայունութիւնը ցած մակարդակի քրոնիկ բորբոքում ունեցող աւելորդ կշիռքով կամ ճարպակալում ունեցող մեծերու մօտ: Բացայայտումները…