Պրոքոլիի օգտագործումը կրնայ նուազեցնել նախաշաքարախտի վտանգը. հետազօտութիւն

Կոթընպըրկի համալսարանի ուսումնասիրութեան համաձայն «սալֆորաֆան» քիմիական միացութիւնը, որ կը գտնուի պրոքոլի-ի ծիլերուն մէջ, կրնայ կապուիլ արեան շաքարի մակարդակի բարելաւման հետ՝ նախաշաքարախտի պարագային, որ կը նախորդէ 2-րդ տիպի շաքարախտին: Պրոքոլի-ին մէջ գտնուող միացութիւնը աւելի նշանակալի ազդեցութիւն ցոյց կու տար արեան շաքարի մակարդակին վրայ կարգ մը անհատներու մօտ։ Կոթընպըրկի համալսարանի հետազօտողները նախապէս համամիտ գտնուած են «սալֆորաֆան»-ը ընդունիլ…

Էփիլեբսիա. հասկնալ պատճառները, ախտանշանները, հրահրող գործօնները եւ վտանգները

Ընդհանուր ակնարկ Էփիլեբսիան, որ նաեւ յայտնի է որպէս նոպայի խանգարում (նոպան ուղեղի ելեկտրական աշխուժութեան յանկարծակի պոռթկումն է), ուղեղային վիճակ մըն է, որ կը յառաջացնէ կրկնուող նոպաներ: Էփիլեբսիայի շատ տեսակներ գոյութիւն ունին. որոշ մարդոց մօտ կարելի է բացայայտել պատճառը, սակայն ուրիշներու պարագային՝ կարելի չէ: Էփիլեբսիան ընդհանրացած երեւոթ մըն է: Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոններու համաձայն՝ Ամերիկայի…

Լեզուիս ծայրն է. ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ ուղեղին մէջ, երբ բառը ձեզմէ կը խուսափի

Հակառակ անոր, որ անիկա կրնայ թուիլ որպէս պարզ մտային «արգելափակում», հետազօտողները պարզած են, որ այսպիսի վայրկեաններուն ուղեղի քանի մը հատուածներ կ՛աշխատին միասին՝ գտնելու համար բացակայող բառը: Երեք առանցքային մասեր դեր կը խաղան այս գործընթացին մէջ՝ առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը, նախաճակատային «քորթէքս»-ը եւ «ինսուլա»-ն: Առջեւի «սինկիւլէյթ քորթէքս»-ը կը գործէ որպէս վերահսկիչ՝ յայտնաբերելով բառ իմանալու եւ զայն յիշելու…

S10s ծինը կը բարելաւէ սրտի աշխատանքը եւ կը պաշտպանէ առիթմիայէն – European Heart Journal

Ամսթերտամի համալսարանի բժշկական կեդրոնի եւ Ճոնզ Հոփքինզի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են փոքր ծին մը՝ S10s, որ կրնայ տեղադրուիլ սիրտին մէջ՝ «առիթմիա»-ները (Առիթմիան կամ անկանոն սրտի բաբախումը ձեր սրտի բաբախումի արագութեան կամ ռիթմի խնդիր է։) կանխելու համար: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են European Heart Journal (EHJ) ամսագրին մէջ: Ըստ հետազօտութեան հեղինակներէն մէկուն՝ սրտաբան Ճերարտ Պոյնքի՝ «իմփալս»-ներու արագ…

Արեան փլաքէթի սպիտակուցներու առկայութիւնը չափող նոր քննութիւն, որ կրնայ կանխել սրտի կաթուածը

«Պարզ սքորինկ մեթոտը» կը վերաբերի յատուկ չափանիշներու վրայ հիմնուած՝ բան մը գնահատելու կամ դասակարգելու մեթոտին: Այս պարագային անիկա միջոց մըն է, որ միաւորներ կը նշանակէ գնահատելու համար հիւանդները՝ հիմնուելով այնպիսի գործօններու վրայ, ինչպէս՝ անոնց առողջական վիճակը, վտանգները, տարիքը կամ այլ համապատասխան տուեալներ: Այնուհետեւ, միաւորները կ՛օգնեն բժիշկներուն որոշելու, թէ ո՞ր հիւանդները առաւելաբար օգուտ պիտի քաղեն որոշ…

Գիտնականները կը յայտնաբերեն քաղցկեղի յառաջընթացը շրջող «բանալի մեքանիզմ» մը

Գիտնականները յայտնաբերած են քաղցկեղի բջիջները շրջող «առանցքային մեqանիզմ» կամ «գործoն», որ կը նկատուի մեծ յառաջընթաց: Այս մոլեքիւլային մակարդակը աշխոյժ դարձնելով, Հարաւային Քորէայի հետազօտողները կրցած են քաղցկեղային բջիջները վերադարձնել իրենց նախկին առողջ փուլին։ Հետազօտողները կամ գիտնականները կրցած են միջամտել վճռորոշ ժամանակի մէջ՝ նախքան առողջ բջիջները ընդմիշտ վերածուելու հիւանդ բջիջներու: Հետեւաբար, անոնք յաջողած են՝ կանխելու հիւանդութիւնը հետագայ…

Երիկամի քաղցկեղի պատուաստը յաջողութեամբ կը բուժէ 3-4 փուլի հիւանդները

Ամերիկացի գիտնականներ Տանա-Ֆարպըր քաղցկեղի հիմնարկէն տպաւորիչ արդիւնքներ հաղորդած են երիկամներու քաղցկեղի դէմ պատուաստի քլինիքային փորձարկումի մասին: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature գիտական ​​ամսագրին մէջ։ Ուռուցքի հեռացումէն ետք, 3-րդ կամ 4-րդ փուլի երիկամի քաղցկեղով (ccRCC) 9 անձ մասնակցած է փորձարկումի առաջին փուլին: Իւրաքանչիւրը ստացած է անհատականացուած պատուաստ: Դիտարկումի շրջանի աւարտին` 34,7 ամիս ետք, բոլոր հիւանդներուն պարագային հիւանդութիւնը…

Նիհարնալ փափաքողները պէտք է նախաճաշէն չորսէն հինգ ժամ ետք ճաշեն

Անոնց համար, որոնք կը փափաքին կորսնցնել աւելորդ կշիռքը, ճաշի ամենէն բարենպաստ ժամանակը մօտաւորապէս չորսէն հինգ ժամ է նախաճաշէն ետք: Աւելի ուշ կերակուրը կրնայ դժուարացնել սնունդի մարսումը եւ քաջալերել թեթեւ ուտելիքներ ուտելուն կէս գիշերէն առաջ, Daily Mail-ին ըսած է ամերիկացի սննդաբան Լենա Պաքովիչը: Բժիշկը նշած է, որ եթէ արթննաք առաւօտեան ժամը եօթին, ամենայն հաւանականութեամբ, ցերեկը տասներկուքէն…

Ամէնօրեայ ցած չափաբաժինով ասփիրինը կրնայ օգնել կանխելու հաստ աղիքի քաղցկեղի կրկնութիւնը

Օրական ցած չափաբաժինով, 160 միլիկրամ, «ասփիրին» առնելը կրկնակի իջեցուցած է քաղցկեղի կրկնութեան վտանգը հաստ աղիքի քաղցկեղ ունեցող հիւանդներու մէկ երրորդին մօտ՝ PI3K ծինի փոփոխութեամբ սահմանափակուած, յայտնած են գիտնականները 2025-ին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ստամոքս-աղիքային ուռուցքաբանութեան ամերիկեան ընկերութեան գիտաժողովին: Այս մասին գրուած է Journal of Clinical Oncology գիտական  ամսագրին մէջ։ Հետազօտողները նշած են, որ PI3K փոփոխութիւնները տեղի…

Lոլիկի հիւթը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը

  Թոքիոյի բժշկական եւ ատամնաբուժական համալսարանէն գիտնականներ բացայայտած են, որ լոլիկի հիւթի կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ զգալիօրէն նուազեցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PubMed գիտական ​​էջին վրայ։ Ուսումնասիրութեան մասնակցած է Քուրիյամա քաղաքի 481 բնակիչ: Մէկ տարուան ընթացքին անոնցմէ խնդրուած է խմել իրենց փափաքած քանակութեամբ լոլիկի հիւթ։ Իբրեւ արդիւնք՝ «նախահայբըրթէնշըն»-ով կամ «հայբըրրթէնշըն»-ով  տառապող 94 մասնակիցներու պարագային արեան ճնշումի զգալի նուազում արձանագրուած է: Միջին «սիսթոլիք» ճնշումը նուազած է 141,2-էն մինչեւ 137,0 մմ…