Արագ սնունդի ծանուցումը փոքրիկներուն կը ստիպէ միջինը 130 քալորի աւելի սպառել– The Guardian

Փոքրիկները զգալիօրէն աւելի քալորիներ կը սպառեն մէկ օրուան ընթացքին՝ ոչ սննդարար ուտելիքներու ծանուցումներ դիտելէն ընդամէնը հինգ վայրկեան ետք, շրջադարձային ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գրած է The Guardian-ը: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ երիտասարդները, որոնք տեսած կամ լսած են յագեցած ճարպերով, շաքարով եւ աղով հարուստ ուտելիքներու ծանուցումներ, սպառած են միջինը 130 յաւելեալ քալորի, ինչ որ համարժէք է…

Ի՞նչ է ALS-ը․ մկանները տկարացնող հիւանդութիւն

Ընդհանուր ակնարկ «Ամիոթրոֆիք կողմնային սքլերոզ»-ը, որ ծանօթ է որպէս ALS, նեարդային համակարգի հիւանդութիւն մըն է, որ կ՛ազդէ ուղեղին եւ ողնայարին նեարդային բջիջներուն վրայ։ ALS-ը կը յառաջացնէ մկաններու վերահսկողութեան կորուստ։ Հիւանդութիւնը ժամանակի ընթացքին կը վատթարանայ։ ALS-ը յաճախ կը կոչուի Լու Կեհրիկ-ի հիւանդութիւն, այն «պէյսպոլ» խաղացող անձին անունով, որուն մօտ ախտորոշուած էր այս հիւանդութիւնը։ Հիւանդութեան ճշգրիտ պատճառը…

Թէ՛ բարձրաձայն եւ թէ՛ լուռ ընթերցանութիւնը կ՛աշխուժացնէ ուղեղին տարբեր մասերը

Մաքս Փլանքի անուան ճանաչողական ունակութիւններու եւ գլխուղեղային գիտութիւններու հիմնարկի գիտնականները յայտնաբերած են, որ բարձրաձայն եւ լուռ ընթերցանութիւնները կը ներգրաւեն ուղեղի տարբեր հատուածներ, որոնք կ՛առնչուին շարժումի, լսողութեան եւ տեղեկութիւններու մշակման։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Neuroscience & Biobehavioral Reviews (NBR) բժշկագիտական հանդէսին մէջ։ Գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 150 հետազօտութիւններու տուեալներ, որոնց մասնակիցները կարդացած են տառեր, բառեր, սխալ…

Ծինային խմբագրման նոր մեթոտը կ՛օգնէ դինադրողական համակարգին պայքարելու ստամոքս-աղիքային համակարգի քաղցկեղի դէմ

Մինեսոթայի համալսարանէն հետազօտողներ աւարտած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման մեթոտի առաջին մարդկային «քլինիքական» փորձարկումը, որ կրնայ օգնել դիմադրողական համակարգին պայքարելու ստամոքս-աղիքային համակարգի քաղցկեղի ընդհանրացած ձեւերու դէմ։ Վերջերս The Lancet Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած արդիւնքները խոստմնալից նշաններ ցոյց կու տան բուժման անվտանգութեան եւ հաւանական արդիւնաւէտութեան մասին։ Ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները օգտագործած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման արհեստագիտութիւնը՝ ուռուցք ներթափանցող…

Կասիան կրնայ տկարացնել դեղերու ազդեցութիւնը. ուսումնասիրութիւն

Կասիան աշխարհի հնագոյն եւ ամենէն շատ օգտագործուող համեմներէն մէկն է, որ կը գնահատուի ոչ միայն իր համին, այլ՝ իր բուժիչ յատկութիւններուն համար: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնական արտադրանքի հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի գիտնականները բացայայտած են, որ կասիայի «աքթիվ» բաղադրիչ մը կրնայ խանգարել բժիշկի մը կողմէ նշանակուած դեղերու արդիւնաւէտութիւնը: Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Food Chemistry բժշկական ամսագրին մէջ:…

Երեք վատ սովորութիւններ, որոնք կրնան բացասաբար ազդել մտքին եւ մարմնին վրայ 30 տարեկանէն ետք

Ծխելը, ալքոլ օգտագործելը եւ ֆիզիքապէս աշխոյժ չըլլալը կրնան բացասաբար ազդել ձեր մտքին եւ մարմնին վրայ նոյնիսկ 30 տարեկանէն սկսեալ։ Այս մասին անդրադարձած կատարուած է Annals of Medicine ամսագրին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութեան մէջ: Գիտնականներ ուսումնասիրած են այս երեք յատուկ սովորութիւններու ազդեցութիւնները եւ ի յայտ բերած են, որ անոնք կրնան վնասակար ըլլալ առողջութեան՝ սկսելով 30 տարեկանէն:…

Յղութեան բարդութիւնները կրնան վտանգել կնոջ սրտի ապագայ առողջութիւնը

JACC  հանդէսին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան համաձայն՝ յղութեան ընթացքին յառաջացած բարդութիւնները կրնան բարձրացնել սրտի խնդիրներու վտանգը հետագային, յատկապէս աւելորդ կշիռք կամ ճարպակալում ունեցող կիներու պարագային։ Գիտնականները նշած են, որ կիներ, որոնք նախքան յղութիւնը աւելորդ կշիռք ունէին, աւելի հակում ունեցած են զարգացնելու բարդութիւններ, ինչպէս՝ յղութեան շաքարախտը եւ արեան բարձր ճնշումը։ Անոնք նշած են, որ այս բարդութիւնները…

Պարզ քայլին զօրութիւնը՝ ինչո՞ւ քալելը կը գերիշխէ մարզանքներուն մէջ

Դուք կրնաք աշխոյժ դառնալ բազմաթիւ ձեւերով, սակայն քալելը ամենէն պարզ ձեւերէն մէկն է: Մարդոց մեծամասնութեան համար քալելը անվտանգ կը նկատուի եւ դիւրին է զայն կիրառելը երկար ժամանակ ու նաեւ՝ ծախսալից չէ: Անիկա չի պահանջեր որեւէ յատուկ հմտութիւններ կամ սարքեր: Նման պարզ գործունէութեան դիմաց քալելը շատ մեծ առաւելութիւններ ունի: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ արագ քայլերով…

Դիմադրողական բջիջներու նոր սերունդ, որ առանց ընդմիջումի կը յարձակի քաղցկեղային բջիջներու վրայ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտնականները ստեղծած են իւրայատուկ դիմադրողական բջիջներ, որոնք կրնան օրեր շարունակ յարձակիլ քաղցկեղային ուռուցքներու վրայ։ Անոնք իրենց արդիւնքներուն մասին հրապարակած են Cell գիտական ամսագրին մէջ։ Մեթոտը հիմնուած է CAR-T բուժումին վրայ, որուն ընթացքին հիւանդին «Թ-լիմֆոսայթ»-ները առնուելով, փոփոխութեան կ՛ենթարկուին եւ կը վերադարձուին, անոնց տալով աւելի զօրաւոր կարողութիւն՝ գտնելու եւ ոչնչացնելու քաղցկեղային բջիջները», – գրած…

Սթրեսի յառաջացման նպաստող վեց տեսակի ուտելիք․ WellnessPulse

Ամերիկացի սննդաբան եւ հետազօտութեան հեղինակ Շելլի Պոլզի համաձայն, ալքոլը, տապկուած ուտելիքները, «քաֆէին»-ը, զտուած ածխաջուրերը, ինչպէս նաեւ՝ շաքար ու աղ պարունակող սննդամթերքները կրնան խթանել «սթրես»-ի հորմոններու՝ յատկապէս «քորթիզոլ»-ի արտադրութիւնը, գրած է սննդաբանը WellnessPulse բժշկագիտական հանդէսին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։ Շատ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ սննդականոնը եւ «սթրես»-ը կրնան իրարու ուղղակիօրէն ազդել։ Պոլզի համաձայն, մեծ քանակութեամբ…