Սիքըլ սէլ անիմիա. պատճառներ, բարդութիւններ, կանխարգիլում
Սիքըլ սէլ անիմիան կը յառաջանայ այն «ճին»ի փոփոխութեան պատճառով, որ մարմնին հրահանգ կու տայ «հիմոկլոպին» արտադրելու: «Հիմոկլոպին»ը՝ արեան կարմիր բջիջներուն երկաթով հարուստ միացութիւնն է, որ կ՛արտօնէ այս բջիջներուն թթուածին տեղափոխելու թոքերէն դէպի մարմնին մնացեալ մասերը: «Հիմոկլոպին»ը, որ կապուած է սիքըլ սէլ անիմիայի հետ պատճառ կը դառնայ, որ արեան կարմիր բջիջները կարծրանան եւ կպչուն ու…