Գոհունակութիւնը կը նուազեցնէ սրտի տագնապի եւ կաթուածի վտանգը
Նոր հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ գոհունակ մարդիկ աւելի նուազ հակում ունին սրտի տագնապ կամ կաթուած ունենալու: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Journal of the American Heart Association-ին մէջ: «Մեր բացայայտումները կը հաստատեն առողջապահական խնամքի ամբողջական մօտեցումը, ուր մարդու մտաւոր եւ հոգեկան բարեկեցութեան բարելաւումը սրտի հիւանդութիւններու եւ ուղեղի կաթուածի կանխարգիլման անբաժանելի մասը կը նկատուի»,- յայտնած…