ՍԵՌԵՐՈՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՕՄ-Ի ՁԵՌՆԱՐԿԸ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ
Նախաձեռնութեամբ Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) եւ գործակցութեամբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան, 11 մարտ 2019-ին, Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ նիստքննարկում մը` արծարծելով այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս երկրի մը հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան սեռերու հաւասարութիւն յառաջացնել: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿ-ի…