ԻՆՉՊԷ՞Ս ՈՒՂԵՂԻ ԲՋԻՋՆԵՐԸ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ «ԱՊԱԳԱՆ ՏԵՍՆԵԼ» ՔՈՒՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

«Nature» պարբերաթերթին մէջ հրապարակուած նոր ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ ջղաբջիջները («neurons»), որոնք կ’աշխուժանան ուղեղի յիշողութեան կեդրոնին մէջ քունի ժամանակ, ոչ միայն կը վերաքաղեն անցեալը, այլեւ կրնան նայիլ ապագային եւ մարզուիլ գործունէութեան մը համար, որ դեռ չէ պատահած: Հետազօտողներուն համաձայն, «երազները, որոնք կը նախատեսեն ապագան պարզ զուգադիպութիւններ չեն, եւ ուղեղը իսկապէս կրնայ նախատեսել գալիք…

ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՄԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՔՆԱՆԱԼԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԸԼԼԱԼ ՁԵՐ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ   – Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ թեթեւ լոյսով քնանալը կրնայ ազդել մարդու առողջութեան վրայ: – Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ քնացած ժամանակ լոյսի ազդեցութիւնը կը սպառնայ տարեցներու գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման մեծ վտանգով: Նոյն հետազօտողներու տարրալուծարանային նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ վնասակար այս ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր տարեց մարդոցմով: Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան…

ԱՐԱԳ ՔՈՒՆԻ ԽԱԽՏՈՒՄԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Գիտնականները պարզած են, որ «մելաթոնին»ի MT1 «ընդունիչ»-ը կարեւոր դեր կը խաղայ արագ քունի (REM-Rapid Eye Move-ment) կարգաւորման հարցին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կրնայ օգնել քունի խանգարումներու եւ անոնց հետ կապուած ջղային-հոգեկան հիւանդութիւններու բուժման, գրած է Journal of Neuroscience-ը։ Արագ քունի (REM-քուն) ժամանակ ուղեղին մէջ կը նուազի նորատրենալին «յառաջացնող» ջղաբջիջներու աշխուժութիւնը։ Անոնք կը գտնուին «երկնագոյն բիծ» կոչուող…

«ԱՐԱԳ ԱՐՁԱԳԱՆԳՄԱՆ ՊԱՅՈՒՍԱԿ». ԱՄԷՆԷՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԻՐԵՐԸ՝ ՄԻՇՏ ՁԵՌՔԻԴ ՏԱԿ

ԱՅՍՕՐ ՊԱՏՐԱՍՏԷ՛ ՏԱՐՀԱՆՄԱՆ ՊԱՅՈՒՍԱԿԴ ԵՒ ԴԻ՛Ր ՇԱՏ ՅԱՐՄԱՐ ՈՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ ՏԵՂ ՄԸ Բնականաբար իւրաքանչիւր անձի ու իւրաքանչիւր ընտանիքի տարհանման պայուսակը ունի իր առանձնայատուկ պարունակութիւնը՝ կախուած տուեալ ընտանիքի կամ անձի կարիքներէն: Այնուամենայնիւ, փորձած ենք ներկայացնել պարագաներու այն հիմնական խումբերը, որպէսզի ուղորդենք եւ օգնենք այս գործին մէջ: Որքան ալ, որ հոգեպէս դժուար է այս գործը ընելը, յիշեցէք,…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ` ՄԽԻԹԱՐ ՀԵՐԱՑԻ

  Լուսիկ Սոմունճեան-Աֆարեան   Հայ բժշկութեան ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչներէն է Մխիթար Հերացի, որ նկատուած է հայկական դասական բժշկական դպրոցի հիմնադիրը: Մխիթար Հերացի ծնած է Պարսկահայքի Հեր գաւառի մէջ (այժմ՝ Իրանի Խոյ քաղաքը), մօտաւորապէս 1120-ին: Պատանի տարիքին ան տեղափոխուած է Կիլիկեան Հայաստան, ուր հետեւած է բժշկութեան եւ արժանացած բժշկապետի պատուաւոր կոչման: Այնուհետեւ Սիսի եւ Հռոմկլայի մէջ…

ԲՈՒԺՄԱՆ ՈՉ-ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԵԹՈՏՆԵՐ (Ա.)

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ապրելակերպի փոփոխութեան հետ կապուած փոխուած են մարդիկ եւ անոնց գիտակցութիւնը, հետեւաբար փոխուած են հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժման մեթոտները։ Բուժման որեւէ մեթոտէ օգտուելու պարագային, շատ կարեւոր է, որ անձը վստահ ըլլայ, որ ընտրած մեթոտը կ’օգնէ եւ կ’ապահովէ բուժման յաջողութիւնը։             Ոչ աւանդական մեթոտներէն են՝ սննդաբուժումը՝ «dietotherapy», խոտաբուժումը՝ «phytotherapy», բոյրաբուժումը՝ «aromatherapy», մարձումը (massage),…

ՍՊԻՏԱԿԱՐԻՒՆՈՒԹԻՒՆ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Սպիտակարիւնութեան (leukemia) բոլոր տեսակները կը յառաջանան ոսկրածուծի արիւնաստեղծ (hemopoietic) ցօղունային (stem cell) սպիտակ գնդիկներու անբնական բազմացումով եւ յայտնաբերումով անբնական սպիտակ գնդիկներու, որոնք կը կոչուին «լիւքիմիք բջիջներ». անոնք կը սահմանափակեն ոսկրածուծի բնական արիւնաստեղծումը եւ կը փոխարինեն ոսկրածուծի բնական բջիջները։ Այս անբնական բջիջները կը լքեն ոսկրածուծը եւ կը մտնեն արեան շրջագայութեան մէջ, ապա կը…

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ՝ ՀԱՒԱՏՔՈՎ, ՅՈՅՍՈՎ ԵՒ ԱՊՐԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ

7 Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը շրջեց յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տիրող (որոշ չափով) հանգստութիւնը: Աշխարհը այլեւս նոյն, սովորութեան կարգ անցած ձեւով չի նայիր պաղեստինեան դատին կամ Իսրայէլի արտօնեալ առաձնաշնորհումներուն: Լիբանանը անմասն չմնաց այս բոլորէն: 17 եւ 18 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցած զարգացումներով՝ «Փէյճըր»ներու եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումով եւ անկէ…

ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՁՐԱՑՆՈՂ ԱՆԾԱԽՍԱԼԻՑ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ԹԱՄԱՐ ԱԲՈՎԵԱՆ Տհաճ լուր մը ստանալէն ետք, քիչ մը անտրամադիր եւ տխուր կը զգա՞ք: Կը փորձէ՞ք յաղթահարել Կիրակի օրերը մտահոգութիւն յառաջացնող զգացումները կամ յաջորդ շաբթուան աշխատանքային առաջին օրուան ստեղծած «սթրես»ը եւ խանդավառութեան պակասը: Սարսափելի, զզուելի, շատ վատ օր մը կ’անցընէ՞ք: Նոյնիսկ փոքր յուսախաբութիւններ եւ հիասթափութիւններ կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ ձեր տրամադրութեան ու արդիւնաւէտութեան վրայ՝…

ՍՆՈՒՆԴԻ ԲԱՂԱԴՐԱՄԱՍԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ

ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Հակաօքսիտացնողներ (Antioxidants) Բջիջներուն թաղանթները կազմող կենսական ճարպերը «ազատ» ռատիքալներու կողմէ կ’ենթարկուին օքսիտացումի, քայքայման՝ յառաջացնելով նիւթափոխանակութեան խանգարումներ։ Օքսիտացումը կանխող ազդակները անթիօքսիտանթներն են, որոնք կ’ըլլան բնական կամ արուեստական։ Անոնք կը դանդաղեցնեն կամ կ’արգիլեն թթուածինի այրող յատկութիւնը, հետեւաբար՝ օքսիտացումը։ Հակաօքսիտացնող յատկութեամբ օժտուած են «Vit. C, E, A», քարոթինը, ֆլաւոնոիտները, միքրօ-էլեմաններէն՝ զինքը, մակնիզիումը, սէլենիումը, պղինձը,…