Քրոնիք ցաւը, ծունկի օսթէօարթրիտը կապ ունին ուղեղի արագ ծերացման հետ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի գիտնականներու նոր ուսումնասիրութեան համաձայն՝ մկանային-կմախքային քրոնիք ցաւը կրնայ նպաստել ճանաչողական անկման վտանգի բարձրացման: Հետազօտութեան հեղինակները, որ հրապարակուած է Nature Mental Health ամսագրին մէջ, ուսումնասիրած են Մեծն Բրիտանիոյ աւելի քան 9000 մարդու ՄՌՏ (Magnetic resonance imaging) տուեալները եւ կապ յայտնաբերած են ծունկի օսթէօարթրիտի (AKS) եւ ուղեղի արագ ծերացման միջեւ: Հետազօտողները մշակած…

COVID-19-ը կը բարձրացնէ հոգեկան խանգարումներու հաւանականութիւնը

Գիտնականները բացայայտած են COVID-19-ի նոր վտանգը հոգեկան առողջութեան վրայ։ Այս մասին տեղեկացուած է «Nature Human Behavior» ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։ Մասնագէտները ուսումնասիրած են Բրիտանիոյ «պայոպանք»ի մասնակիցներու տուեալները, որ երկար հետազօտութիւն է, ուր ուսումնասիրուած է «ճենեթիք» նախատրամադրուածութեան եւ միջավայրի ազդեցութեան համապատասխան աւանդը հիւանդութիւններու յառաջացման վրայ։ Խումբերը բաժնուած են երեքի՝ SARS-CoV-2-ով վարակուածներ (26, 101 անհատ), ներկայիս վարակ…

Բուռն մարզանքները կը խթանեն կուշտ զգալու մոլեքիւլներու յառաջացումը

Սթենֆըրտի բժշկական համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ զօրաւոր եւ կեդրոնացած ֆիզիքական վարժութիւններէն ետք, մարդու օրկանիզմին մէջ կը յառաջանան կուշտ ըլլալու յատուկ «մոլեքիւլ»ներ։ Այդ նիւթերը կը յառաջանան շաքարախտի դէմ օգտագորուող «մեթֆորմին» հանրայայտ դեղի ստացման պարագային։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nature Metabolism» ամսագրին մէջ։ Շաքարախտ ունեցող մարդոց (որոնք ստացած են «մեթֆորմին» արեան մէջ շաքարի մակարդակը վերահսկելու համար)…