ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՎԵՑ ՆՈՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մարզերուն մէջ կը նախատեսուի կառուցել բժշկական վեց նոր հաստատութիւն եւ վերանորոգել՝ չորսը, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Նախարարը ներկայացուցած է մարզերուն վերաբերող ծրագիրները. «Մասնակի վերանորոգում պիտի կատարուի Չարենցաւանի բժշկական կեդրոնին մէջ: Լոռիի մարզին մէջ պիտի կառուցուի «Տաշիր» բժշկական կեդրոնը՝ «Տաշիր» հիմնադրամին միջոցով, սակայն նախագիծը նախարարութիւնը կը մշակէ:…

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՁԵՐԲԱԶԱՏԻԼ ՄԵԾ ՓՈՐԷՆ

Եթէ կը փափաքիք «մաշեցնել» փորը, ձերբազատիլ փքուածութենէ, ո՛չ միայն պէտք է մարզանք ընէք, այլեւ՝ հետեւիք ձեր սնունդին։ Ահա թէ այս ուղղութեամբ ի՞նչ խորհուրդներ կու տան մասնագէտները: Հրաժարեցէ՛ք կազային քաղցր խմելիքներէն Կազային քաղցր խմելիքները շատ վնասակար են թէ՛ առողջութեան եւ թէ մարմնի վայելչութեան համար: Անոնց «տայեթիք» տարբերակները նոյնպէս վնասակար են: Արուեստական շաքարով պատրատուած ուտելիքները եւ խմիչքները…

ԳԼԽԱՑԱՒ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ

Գլխացաւ պատճառող գործօնները բաւական շատ են եւ անոնց մէջ կը մտնեն նաեւ որոշ ուտելիքներ։ Ըստ գլխացաւի մասնագէտ Պելինտա Սեւիճ-Էտուըրտզի (Մ. Նահանգներ), բնակչութեան 10 առ հարիւրը զգայուն է սննդային «խթանիչներու» հանդէպ, որոնք կրնան գլխացաւ եւ նոյնիսկ միկրենի նոպայ յառաջացնել։ Սակայն, բաւական դժուար է պարզել, թէ յատկապէս ո՞ր ուտելիքները գլխացաւ յառաջ կը բերեն մարդուն մօտ։ Այսուհանդերձ, կան…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ, ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ Անցեալ Նոյեմբերին, ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան (ԱՀԱ) ներդրման նախագիծ մը: Նախագիծին գլխաւոր նպատակն է բոլոր քաղաքացիներուն տրամադրել առողջութեան պետական ապահովագրութիւն, այդպիսով անոնց՝ յատկապէս բժշկական ծախսերը դիմագրաւելու կարողութիւն չունեցող մեծամասնութեան ապահովելով անվճար հիւանդանոցային բուժօգնութեան կարելիութիւն: Այս յօդուածով, մեր կարգին կ՛անդրադառնանք ԱՀԱ նախագծի առաւելութիւններուն, որոշ խնդիրներուն եւ…

ՀԱՐՑԵՐ ԿԱՊՈՒԱԾ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Իմաստութեան ակռաներուն հետ կապուած հարցումներ շատ կան: Ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները, ի՞նչ է անոնց դերը, ինչո՞ւ այդպէս կը կոչուին, առողջական ի՞նչ խնդիրներ կրնան ստեղծել բերանին մէջ… Այս յօդուածով՝ փորձեմ որոշ բացատրութիւն մը տալ կարգ մը հարցերու, յաջորդին շարունակելու խոստումով .- 1. Ի՞նչ են իմաստութեան ակռաները Իմաստութեան ակռաները կամ ինչպէս որ ընդունուած է ըսել ՝ «խելքի…

ԽԱՂՈՂԸ

ՏՈՔԹ. Յ.Գ. Ամառուան բարիքներն են պտուղները: Իւրաքանչիւր պտուղ ունի իր օգտակարութիւնները: Սակայն մարդկային մարմնին համար ամէնէն կենսատուն խաղողն է անկասկած: Խաղողին սննդական արժէքը կը կայանայ, ամէնէն աւելի, իր պարունակած շաքարի քանակութեան մէջ: Այս ուղղութեամբ թուզը միայն կրնայ մրցիլ խաղողին հետ: Երկու պտուղներուն բաղադրութեան մէջ 15-30 տոկոսով շաքարի ներկայութիւնը սովորական է, մինչդեռ պանանը օրինակ, հազիւ՝ 10,…

Ի՞ՆՉ ՈՒՏԵԼ ՄԱՐԶԱՆՔԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՎԵՐՋ

Սննդագէտներու ուղուած ամէնէն ընթացիկ հարցերէն մէկն է. «Ի՞նչ ուտել մարզանքէն առաջ եւ վերջ»: Թէեւ պատասխանը ընդհանրապէս կախեալ կ՚ըլլայ մարզիկէն եւ մարզանքի տեսակէն, բայց կան նաեւ որոշ ընդհանուր ճշմարտութիւններ, որոնք կը վերաբերին մարզանքէն առաջ եւ ետք սպառուող սնունդին: Մի՛ շրջանցէք ածխաջրածին պարունակող ուտելիքները Ածխաջրածինը կամ ածխաջուրը (Carbo-hydrates) վառելանիւթի դերը կը կատարէ ձեր «մեքենային» համար (օրինակ՝ ձեր…

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԽՃԱՆԿԱՐՆԵՐ

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ Ի սկզբանէ բժիշկները եղած են ամենուրեք,- մեհեաններու մէջ ու բագիններու վրայ, լիճերու մէջ ու լեռներուն վրայ, նոյնիսկ երկընքին մէջ ու դժոխքի: Բժիշկները բոլոր ժողովուրդներուն մէջ յայտնուած են, ու ներկայացուած են զանազան կերպարանքներու, պաշտօններու եւ արհեստներու մէջ: Անոնք մերթ աստուած են, մերթ քուրմ, մերթ կախարդ, մերթ վհուկ, մերթ սուրբ, մերթ փրկիչ ու միշտ փոսապեղ:…

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ՎԱՐԱԿՈՒՄՆԵՐ

Առողջապահական վարակումները կամ աւելի ծանօթ իբրեւ հիւանդանոցային վարակումներ, տարբեր տեսակի վարակումներ են, որոնց մարդ արարածը կ՚ենթարկուի առողջապահական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ հիւանդանոց, դարմանատուն, ծերանոց կամ այլ բուժարաններ: Յիշեալ վարակումը հիւանդը սովորաբար կը ստանայ տարբեր միջոցներէ: Փոխանցողը կրնայ ըլլալ առողջապահական հաստատութեան անձնակազմին մէկ անդամը, օգտագործուած սարքաւորումները, մահճակալներն ու ճերմակեղէնը, օդին մէջ գտնուող շնչառական փոխանցիկ կաթիլները (օրինակ՝ փռնգտալու…

ԱՄԼՈՒԹԻՒՆ – ԱՆՊՏՂՈՒԹԻՒՆ (STERILITY)

Տոքթ. Գոհար Վարդանեան Քէլէշեան Ամլութեան մասին պէտք է մտածել, երբ ամուսինները կ՚ունենան բնական սեռային յարաբերութիւն եւ զաւակ ունենալու ցանկութիւն, սակայն կինը չի յղանար մինչեւ մէկ տարի։ Ամլութեան պատճառները կրնան ի ծնէ ըլլալ կամ՝ յառաջացած տարբեր հիւանդութիւններէ, ինչպէս նաեւ՝ նախորդ յղութիւններէն ետք: Ամլութեան պատճառ կրնան ըլլալ թէ՛ այր մարդը եւ թէ կինը: Պատճառները յայտնաբերելու նպատակով պէտք…