Վիթամիններու Անբաւարարութիւն՝ Ձմրան Եղանակին

Ձմրան ամիսներուն վիթամին Dի անբաւարարութիւնը այնքան տարածուած է, որ բոլորը դիւրութեամբ կրնան գնել եւ օրական 2000 միաւոր վիթամին ստանալ: Վիթամին D-ի անբաւարարութիւն չըլլար միայն անոնց մօտ, որոնք տարուան մէջ քանի մը անգամ ծով կ՛երթան եւ առանց արեւապաշտպան քսուքներու արեւայրուք կ՛ունենան, ըսած է էնտոքրինոլոկ Նարինէ Պեգլարեան: Անոր խօսքով, ձմրան բնակչութեան մէջ  C, D, B12 վիթամիններու անբաւարարութիւն…

«Ալասքափոքս» Նոր Ժահրէն Կը Մահանայ Աշխարհի Առաջին Անհատը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենայ թերակղզիին մէջ մահացած է «Ալասքափոքս» նոր ժահրէն վարակուած աշխարհի առաջին անձը։ Անհատին մահուան մասին տեղեկացուցած է Ալասքայի առողջապահութեան բաժանմունքը։ Նշուած է, որ ամերիկացիին դիմադրողականութիւնը տկարացած էր քաղցկեղի բուժման պատճառով։ Ան առանձին կ՛ապրէր անտառային գօտիի մէջ եւ շփում ունեցած էր անօթեւան կատուի մը հետ, որուն խօսքով, միշտ ճանկռտած է իրեն եւ զբաղած՝…

Կանխածնունդ Մանուկներու Թոքային Արհեստական Օդափոխութեան Վտանգները

Մեծաթիւ  կանխածնունդ  մանուկներ շնչելու համար թոքերու արհեստական օդափոխութիւն կը պահանջեն: Սակայն երկարատեւ թոքային օդափոխութիւնը կրնայ յանգեցնել այնպիսի խնդիրներու, ինչպէս՝ շնչառական հիւանդութիւնները կամ թոքերու արհեստական օդափոխիչի կողմէ յառաջացած վնասուածքները, կը գրէ Biophysical Society-ն: Գիտնականներ Ճոնաս Նոմէն եւ Մարեյք Զինք, որոնք կ՛ուսումնասիրեն մեքանիքական լարուածութեան «ֆիզիքս»ը թոքային օդափոխութեան պարագային Լէյփզիկ համալսարանին մէջ, յայտնաբերած են որոշ «մեքանիզմ»ներ, որոնք կը…

Քաղցկեղի Պարագաները Կը Բարձրանան 77%-ով 2050 թուականին

Կ՛ակնկալուի, որ այս դարու կէսերուն, քաղցկեղի դէպքերը աշխարհի մէջ աճ արձանագրեն մօտաւորապէս 77 առ հարիւրով, յայտնած է ՄԱԿ-ը: 2050 թուականին, կը կանխատեսուի քաղցկեղի աւելի քան 35 միլիոն դէպք՝ 2022 թուականի 20 միլիոնին հետ  բաղդատելով։ Ծխախոտը, ալքոլը եւ գիրութիւնը, օդի ապականութեան հետ միատեղ, աճի հիմնական գործօններն են: Կ՛ակնկալուի, որ աւելի հարուստ երկիրներու մէջ քաղցկեղի դէպքերու մեծագոյն…

Կլիմայի Փոփոխութիւնը Կրնայ Ազդել Էկզեմայով Տառապող Հիւանդներու Վրայ

Տարիներ շարունակ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները ինչպէ՞ս կրնան ազդել առողջութեան վրայ: Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կլիմայական ազդեցութիւնները, օրինակ՝ ծայրայեղ տաքը, կրնան բարձրացնել երիկամներու հիւանդութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հետեւանքով գոյացած մահուան վտանգը եւ նոյնիսկ ազդել հոգեկան առողջութեան վրայ: Սան Ֆրանսիսքոյի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) գիտնականները բացայայտած են, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած…

Կը Յայտնաբերուին Միկրենի Յառաջացման Հիմնական Նախանշանները

Օգտակար չէ՞ր ըլլար պատկերացում ունենալ այն մասին, թէ ե՞րբ կրնայ սկսիլ «միկրեն«ը: Նոր ուսումնասիրութեան մէջ տոքթոր Քեթլին Մերիքանկաս՝ Հոգեկան առողջութեան ազգային հիմնարկի Ներբնակարանային հետազօտական ծրագրի Ճենեթիքական համաճարակաբանութեան հետազօտական բաժնի տնօրէնը եւ անոր գործընկերները ելեկտրոնային օրագրեր օգտագործած են՝ երկու շաբթուան ընթացքին 477 մարդու վարքագիծին եւ ախտանիշներուն հետեւելու համար: «Այս հետազօտութեան հիմնական բացայայտումը այն էր, որ նախորդ…

Գիտնականներ Կը Յայտնաբերեն Սպիտակուց, Որ Կը «Սառեցնէ» Աղիքներու Քաղցկեղը

Աւստրալիոյ ազգային համալսարանի (ANU) նոր հետազօտութեան համաձայն՝ աղիքներու քաղցկեղը կարելի է «մէնիփիւլէյթ» ընել դիմադրողական համակարգի սպիտակուցի միջոցով բուժելու ժամանակ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Science Advances» ամսագրին մէջ։ Աղիքներու քաղցկեղը Աւստրալիոյ մէջ ամէն շաբաթ կը խլէ աւելի քան 100 կեանք, բայց դէպքերու մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը կարելի է յաջողապէս բուժել, եթէ յայտնաբերուի կանուխ փուլին։ Հետազօտութեան յառաջատար…

Գիտնականներ Կը Նախազգուշացնեն Հաւանական Համավարակի մասին՝ Զոմպի-Ժահրերու Պատճառով

Մարդկութիւնը կրնայ հանդիպիլ նոր համավարակի սպառնալիքին այն ժահրերու պատճառով, որոնք գտնուած են Սիպերիոյ յաւերժական սառցածածկոյթներուն մէջ, գրած է «The Guardian»ը։ Գիտնականներու կարծիքով՝ վտանգ կայ, որ հին սիպերեան ժահրերը կրնան ազատ արձակուիլ համաշխարհային ջերմացման պատճառով եւ յառաջ բերել անյայտ հիւանդութիւններու բռնկումներ։ «Մաթուսաղայի այդ միքրոպներու» շտամները կամ զոմպի-վիրուսները, ինչպէս կ՛անուանուին, արդէն բացայայտուած են հետազօտողներու կողմէ։ Գիտնականները նախազգուշացուցած…

Սպիտակուցի Օգտագործումը Կ՛ազդէ Կիներու Առողջ Ծերացման Վրայ

Պոսթընի Թաֆթս համալսարանի նոր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ միջին տարիքին օրաբաժնին մէջ աւելի  սպիտակուցներ, յատկապէս բուսական ծագումով սպիտակուցներ ներառելը կապուած է կիներու աւելի առողջ ծերացման հետ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Ճին Մայըրի անուան Մարդու սնունդի ընդունման եւ ծերացման հետազօտութիւններու կեդրոնի (HNRCA) գիտնականներու ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է American Journal of Clinical Nutritionին մէջ: Գիտնականները վերլուծած…

Փոքրիկները Եւ Երիտասարդները Աւելի Յաճախ Քաղցկեղով Կը Հիւանդանան Աշխարհի Տարածքին

Քաղցկեղը այլեւս տարեց մարդոց հիւանդութիւնը չէ։ Ամերիկացի բժիշկները կը նշեն, որ երիտասարդներու մօտ հետզհետէ կ՛աւելնայ քաղցկեղի ախտորոշումը, կը գրէ «The Wall Street Journal»ը (WSJ): Իսկ արդեօք ի՞նչ է այս վիճակին պատճառը, բժիշկները կը դժուարանան նշելու։ Վատառողջ ապրելաձեւը չի կրնար ամբողջութեամբ բացատրել իրավիճակը, կ՛ընդգծեն անոնք։ Մինչեւ 50 տարեկան քաղցկեղով հիւանդներու թիւի կտրուկ աճ արձանագրուած է Հիւսիսային…