Մարմնի Որոշ Մասեր Աւելի Հակում Ունին Մաշկային Հիւանդութիւններու
Սաքրամենթոյի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ կատարուած երկու նոր ուսումնասիրութիւններու ծիրին մէջ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՞ս մաշկի կազմուածքի տարբերութիւնները կրնան յանգեցնել մաշկաբանական հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ «փսորիազ»ը եւ «աթոփիք տերմաթիթ»ը: «Մաշկը միասնական բաղադրութիւն չունի մարմնի ամբողջ տարածքին մէջ։ Մարմնի տարբեր մասերուն մէջ մաշկի տարբեր բնութագրերը կրնան ազդել որոշ հիւանդութիւններու նկատմամբ մաշկի զգայունութեան վրայ»,- նշած են գիտնականները։ Մաշկի կազմուածքը…