Ինչո՞ւ Որոշ Մարդիկ Անվարակունակ Են Քորոնա Ժահրին Նկատմամբ

Ամերիկացի գիտնականներ ուսումնասիրած են որոշ մարդոց անվարակունակութեան պատճառները քորոնա ժահրին նկատմամբ եւ նկարագրած են այս ժահրին հանդէպ դիմադրողականութեան ձեւաւորման հիմնական մեքանիզմները: Նոր հետազօտութիւնը հրապարակուած է Science ամսագիրին մէջ: Ճենիֆըր Հոուփ եւ Լինտա Պրետլի՝ Burnham Prebis Medical Discovery Institute (SBP)-էն (Քալիֆորնիա նահանգ) պարզած են, որ երբ ժահրերը ընդունող բջիջներ կը ներթափանցեն, բջիջային մեքանիզմներ գործի կը դնեն…

Կարելի՞ է Գեր եւ Միաժամանակ Առողջ Ըլլալ. Նոր Հետազօտութիւն

Այսօր, բաւական տարածուած է այն կարծիքը, որ իբրեւ թէ կարելի է ունենալ աւելորդ կշիռք եւ միաժամանակ առողջ մնալ: Սակայն, Սպանիայէն գիտնականներու խումբ մը փաստած է, որ այս մէկը միայն առասպել է, եւ թէ ճարպակալումն ու առողջութիւնը իրականութեան մէջ անհամատեղելի են: Մատրիտի Եւրոպական համալսարանի (European University) մասնագէտները կատարած են առաջին համազգային հետազօտութիւնը, որուն մէջ ուսումնասիրած են…

Խօսիլը Հազալու Նման Վտանգաւոր Է Քորոնա Ժահրի Փոխանցման Համար. Հետազօտութիւն

Համավարակի ժամանակ վտանգաւոր է ոչ միայն վարակուած մարդոց հազը, այլ՝ սովորական զրոյցը կամ խօսակցութիւնը: Կարելի է վարակուիլ նոյնիսկ 2 մեթր հեռաւորութենէն, ընդամէնը կէս վայրկեան վարակուած մարդու մը հետ պարզապէս շփուելով: Այս մասին յայտնած են Քեմպրիճի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութեան հեղինակները ժահրի փոխանցումը մօտելաւորած են՝ հաշուի առնելով կաթիլի չափերը, որոնք միջավայրին մէջ կը յայտնուին հազալու կամ խօսելու…

Նեարդաբանական Խանգարումներ Քորոնաժահրի Բարդութիւններու Պատճառով

Քորոնաժահրային վարակումով որոշ հիւանդներու մօտ կրնան դրսեւորուիլ կարգ մը բարդութիւններ, այդ շարքին՝ նեարդաբանական խանգարումներ, ինչպէս վարակուած ըլլալու շրջանին, այնպէս ալ բուժուելէն ետք: Այս մասին յայտնած է նեարդաբան Նէոնիլա Ֆոմինա-Չերթոուսովա, փոխանցած է «Ռոսիյսքայա կազեթան»: COVID-19-ի պարագային, կրնան յառաջանալ նաեւ կեդրոնական նեարդային համակարգի հետ կապուած խնդիրներ: Աւելին՝ քորոնաժահրով վարակուելու պարագային, կաթուածի զարգացման հաւանականութիւնը կը մեծնայ շուրջ 6…

Քորոնաժահրային Համավարակը Կրնայ Յանգեցնել Մահացու Սունկերու Տարածման

Քորոնաժահրային համավարակը կրնայ հասցնել հակապայոթիքներու նկատմամբ կայուն «պաքթիրիա»-ներու թիւի կտրուկ աճի, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդանոցներու մէջ Candida auris սունկով հիւանդներու զանգուածային վարակման ալիքի: Դէպքերու մեծ մասի պարագային, այս սունկը հիւանդներու մահուան կը յանգեցնէ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ, ինչ որ վտանգը առաւել մեծ է շնչառութեան եւ կերակրելու խողովակներով, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր «քաթետեր»-ներով հիւանդներու համար: Իրավիճակը կը բարդանայ այն…

«Ճինճըր»-ը Ամէնէն Առողջարար Ըմպելիքներէն Մէկը. Մասնագէտներ

«Ճինճըր»-ի թէյը շարք մը բուժիչ յատկութիւններ ունի, այդ շարքին` «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակի եւ քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութեան նուազեցումը: «Ճինճըր»-ը կրնայ նաեւ նուազեցնել յօդացաւերը: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական ազգային գրադարանը: Բազմաթիւ հետազօտութիւններու արդիւնքներու համաձայն` «Ճինճըր»-ը հակաքաղցկեղային յատկութիւններ ունի իր արմատներուն մէջ գտնուող «ճինճըրոլ» նիւթին շնորհիւ: Գիտնականները պարզած են, որ «Ճինճըր»-ը երկու անգամ…

Կնոջ Դէմքին Վրայ Մազի Աճ՝ 37 Տարի Ծխելէն ԵՏՔ

«The New England Journal of Medicine» բժշկական ամսագիրը հրապարակած է դէպք մը, ուր նկարագրուած է, որ Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքէն 51 տարեկան կնոջ մը դէմքը ծածկուած է մազով: Հիւանդը մաշկաբանին դիմած է, երբ անոր դէմքը, վիզը եւ մարմինի վերին մասը ծածկուած են բարակ մազով, որ կը կոչուի «լանուկօ»: Անոր նաեւ անհանգստացուցած են յոգնածութիւնը, հազը եւ կշիռքի…

Վտանգաւո՞ր Են Արդեօք Թէյի Տոպրակները Առողջութեան համար

Տոպրակով թէյի վտանգի մասին մասնագէտները առաջին անգամ խօսած են, երբ յայտնի դարձած է «փլասթիք»-ի բացասական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ: Այժմ, կարելի է «փլասթիք» յայտնաբերել տոպրակներու մեծ մասին մէջ: 2019-ին, Environmental Science & Technology-ին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ նշուած է, թէ տոպրակները, որոնց արտադրութեան մէջ կ՛օգտագործուի սննդայի «փլասթիք», տաք ջուրի մէջ կ՛արտադրեն «մայքրոփլասթիք»-ի միլիառաւոր մասնիկներ: Սելսիուսի համաձայն՝ 95 աստիճան տաքութեան…

Մարսողութեան Բարելաւման Համար 5 Ուտելիք

Մարսողական խնդիրներէն շատեր կը գանգատին տօնական օրերէն ետք: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք քանի մը ուտելիքներ, որ կ՛օգնեն բարելաւելու մարսողութիւնը, եթէ, անշուշտ, այդ ուտելիքները կամ որեւէ այլ ուտելիք չի չարաշահէք: Թարմ պտուղներ Պտուղները կը պարունակեն չլուծուող բջիջանիւթ, որ կղանքին մէջ ծաւալ կը ստեղծէ, եւ որու շնորհիւ աղիքներու մկանները լաւ ձեւով կը հեռացնեն կղանքը: Ուստի կարծիք կայ, որ…

Սիրտի Առողջութիւնը Ստուգելու Պարզ Միջոց. Մասնագէտներ

Եթէ դուք կարենաք աստիճաններով չորս յարկ բարձրանալ, մօտաւորապէս մէկ վայրկեանի մէջ, այդ մէկը կը վկայէ ձեր սիրտի բնական վիճակի մասին: Այս մասին ըսուած է նոր հետազօտութեան մը մէջ, որ ներկայացուած է «Եւրոպական սրտաբանական համայնքի համաժողով»-ի ժամանակ: Medportal յայտնած է, որ հետազօտութեան հեղինակները փափաքած են գտնել սիրտի առողջութիւնը գնահատելու արագ եւ մատչելի միջոց մը, որ կ՛օգնէ բժիշկներուն…