Դեղահատ՝ Մանկական Մահացութեան Հիմնական Պատճառներէն Մէկը Կանխելու Համար

Աշխարհի մեծ մասին մէջ, մանկական փորլուծութիւնը մահացութեան գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ: Կարելի է արդեօ՞ք «փրոպայոթիք» դեղահատ պատրաստել՝ այս չարիքը արմատախիլ ընելու համար։ Հիւսիսարեւելեան համալսարանին մէջ, Նիլ Ճոշիի տարրալուծարանի գիտնականները մէկ քայլ աւելի մօտ են այսպիսի դեղահատի մը ստեղծման, ըսուած է PLOS Pathogens ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: Քիմիական կենսաբանութեան ամպիոնի օգնական փրոֆ. Ճոշիի խօսքով՝ յօդուածը…

Աղէն Ամբողջովին Հրաժարիլը Ունի Իր Անպատեհութիւնները

Մասնագէտները աղը յաճախ կ՛անուանեն «սպիտակ մահ», որովհետեւ անիկա կործանարար ազդեցութիւն կ՛ունենայ մարդու օրկանիզմին վրայ, եթէ ատոր օրական նորմը կը գերազանցէ 5 կրամը առողջ մարդոց եւ 2,5 կրամը՝ արեան գերճնշման հիւանդութիւն ունեցողներու համար։ Շատ բժիշկներ կը յանձնարարեն աղը օգտագործել որքան կարելի է քիչ կամ ընդհանրապէս բացառել զայն սննդաբաժինէն, բայց ռուս սննդաբան Մարիա Գերասիմովա խորհուրդ կու տայ…

Նիւ Եորք Արտակարգ Դրութիւն Կը Յայտարարէ «Փոլիոմայելիթիս»ի բռնկման առիթով

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգի իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարած են «Փոլիոմայելիթիս»ի բռնկման առիթով, ուր հաստատուած է հիւանդութիւնը կրող մէկ պարագայ: Ապրիլին, հոսող ջուրերէն վերցուած տասնեակ փորձանմուշներ ժահրի գոյութեան վերաբերեալ դրական արդիւնք ցոյց տուած են, տեղեկացուցած է Daily Mailը: Այս մասին յայտարարած է նահանգապետ Քեթի Հոչուլի աշխատակազմը, որ տեղեկացուցած է, թէ այս քայլը կ՛արտօնէ «նահանգի…

Շատ Ջուր Խմելը Օգտակար Է Նիհարնալու Ժամանակ

Սննդաբան Եքաթերինա Յաշճենքօ խօսած է ջուրի օգտագործման օգտակարութեան մասին, երբ կը փորձենք ձերբազատուիլ աւելորդ կշիռքէն։ Մասնագէտին խօսքով՝ առանց ջուր խմելու «ռեժիմ»ի եւ «պալանս»ի պահպանման, իմաստ չունի խօսիլ լաւ ինքնազգացողութեան եւ «աքթիվ» երկարակեցութեան մասին։ Բայց, կը բացայայտուի, որ ջուրի օգնութեամբ կարելի է նաեւ նիհարնալ։ «Ջուրը կ՛աւելցնէ քալորիներու վատնումը։ Բաւարար է խմել 500 մ.լիթր սովորական մաքուր ջուր…

Անյայտ Ծագում Ունեցող Թոքաբորբոքում Արժանթինի Մէջ

Երեք անձ մահացած է Արժանթինի մէջ՝ անյայտ ծագում ունեցող թոքաբորբոքումէ մը, հաղորդած է Medical Xpress-ը՝ վկայակոչելով տեղւոյն առողջապահական մարմիններուն: Թուքումանի հիւսիսարեւմտեան նահանգին մէջ 9 մարդ վարակուած է առեղծուածային շնչառական հիւանդութեամբ, այդ շարքին՝ ութ բուժաշխատող, որոնցմէ երեքը մահացած են, լրագրողներուն յայտնած է Թուքումանի առողջապահութեան նախարար Լուիս Մետինա Ռուիս: Իշխանութիւնները քննութիւններ կը կատարեն. անոնք բացառած են COVID-ի…

Տաքութիւնը Եւ Խոնաւութիւնը Կրնան Հոգեկան խանգարումներ Յառաջացնել

Արեւոտ, տաք եւ խոնաւ եղանակի ազդեցութիւնը կրնայ ծանր հոգեբանական ախտանիշներ յառաջացնել, որ շտապ օգնութիւն կը պահանջեն: Այս մասին գրուած է Օլպանիի համալսարանի գիտնականներու կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը մէջ, որոնք օգտագործած են Նիւ Եորք նահանգի եղանակի տուեալները եւ շտապ օգնութեան հիւանդանոցներ այցելութիւնները՝ գնահատելու համար, թէ ինչպէ՞ս եղանակային օրինաչափութիւնները կ՛ազդեն հոգեկան խանգարումներ ունեցող մարդոց վրայ: Այդ բացայայտումները,…

Ցօղունային Բջիջներէն Ուղեղ Եւ Բաբախող Սիրտ Ընդգրկող Սաղմ Կ՛աճեցուի

Գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով մուկի ցօղունային բջիջներէն սաղմեր աճեցուցած են, որոնց մօտ ուղեղ, բաբախող սիրտ եւ մարմնի այլ օրկաններու հիմքեր ձեւաւորուած են, գրուած է Nature ամսագրին մէջ: Փորձի ընթացքին, Քեմպրիճի համալսարանի կենսաբանները աշխատած են երեք տեսակի ցօղունային բջիջներու՝ սաղմնային ցօղունային բջիջներու (ESC), «թրոֆոպլասթ»ներու (TSCs) եւ iXEN բջիջներու հետ: Գիտնականները դասաւորած են «էմպրիոճենեսիզ»ի մէջ ներգրաւուած «ճին»երու…

Կնոջ Պտղաբերութիւնը Կ՛ազդէ Անոր Կեանքի Տեւողութեան Վրայ

Կիներու օրկանիզմին մէջ մէկ օրկան աւելի քան երկու անգամ աւելի արագ կը ծերանայ, քան միւս բոլոր հիւսուածքները՝ վնաս հասցնելով ինչպէս պտղաբերութեան, այնպէս ալ առողջութեան երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ: «Երբ կին մը 20 կամ 30 տարեկան է, անոր հիւսուածքները կը գործեն իրենց արտադրողականութեան առաւելագոյն չափով, բայց ձուարանները արդէն ծերացման յստակ նշաններ ցոյց կու տան»,- նշած է Քալիֆորնիոյ…

Միջանկեալ Սնունդը Կը Յանգեցնէ Բացասական Հետեւանքներու

Սննդաբան Օլկա Ցուրսքայա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ինչպէս կարելի է միանգամընդմիշտ զանց առնել միջանկեալ սնունդը։ Մասնագէտին խօսքով՝ մարդոց մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ միջանկեալ սնունդը անօթութիւնը յագեցնելու համար է, բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ։ Իւրաքանչիւր միջանկեալ սնունդ կը բարձրացնէ «ինսուլին»ի մակարդակը, ինչ որ կը բարձրացնէ անօթութեան զգացումը։ Բացի ատկէ, արեան մէջ «ինսուլին»ի աւելցած քանակը…

Ծնելու Ժամանակ Կշիռքը Կ՛ազդէ Մահացութեան Երկարաժամկէտ Վտանգի Վրայ

The Lancet Regional Health-Americas-ին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան մէջ գիտնականներ գնահատած են ծնելու ժամանակ կշիռքի եւ ճշգրիտ պատճառներով մահացութեան միջեւ կապը տարեց տղամարդոց եւ կիներու շրջանակին մէջ։ Հետազօտութեան մասնակցած են 22389 տղամարդ եւ 162231 կին: Հետաքրքական է, որ կիներու շրջանակին մէջ ճշգրիտ պատճառներով մահացութեան վերլուծումը ցոյց տուած է, որ քաղցկեղէն մահացութեան բարձր վտանգը կապուած է…