Դողի ըմբռնումը. պատճառները, լուծումները եւ ինչպէս կանխել զայն

Դողը կը պատահի, երբ մարմնի մկանները կը կծկուին եւ կը հանգստանան՝ փորձելով կարգաւորել ներքին ջերմաստիճանը: Մինչ այդ մէկը յաճախ տեղի կ՛ունենայ ցուրտի պատճառով, սակայն կրնայ նաեւ վարակի կամ հիւանդութեան դէմ դիմադրողական համակարգի պայքարելու արձագանգ ըլլալ: Առանց տաքութեան դողի յառաջացումը կրնայ քանի մը պատճառ ունենալ, ինչպէս՝ «անիմիա»-ն, «էլըրճի»-ն, մարսողական համակարգի հիւանդութիւնները, երիկամներուն մէջ քարերու առկայութիւնը կամ…

Ո՞ր վարակիչ հիւանդութիւնը ամենամեծ վտանգը կը ներկայացնէ 2025 թուականին

Այժմ, երբ COVID-19-ն բարձր արդիւնաւէտութիւն ցուցաբերող պատուաստներու շնորհիւ նահանջ արձանագրած է, առողջապահութեան ոլորտի պաշտօնեաներուն ամենէն աւելի մտահոգող երեք վարակիչ հիւանդութիւններն են՝ մալարիան (մակաբոյծ), HIV-ն (ժահր) եւ «թիւպըրքիւլոզ»-ը (մանրէ): Անոնք միասին տարեկան մօտաւորապէս 2 միլիոն մարդու կեանք կը խլեն, The Conversation հանդէսի իր յօդուածին մէջ կը գրէ Քոնոր Միհանը։ Միհան կը նշէ, որ կան նաեւ առաջնահերթ «փաթոճեն»-ներու…

Լոյս սփռելով եղանակային աֆեքթիվ խանգարման վրայ

Ընդհանուր ակնարկ Եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը (SAD) ընկճուածութեան տեսակ մըն է, որ կապուած է եղանակներու փոփոխութեան հետ. եղանակային «աֆեքթիվ» խանգարումը (SAD) կը սկսի եւ կ՛աւարտի ամէն տարի մօտաւորապէս նոյն ժամանակներուն: Եթէ ​​դուք նման էք SAD ունեցող մարդոց մեծամասնութեան, ձեր ախտանշանները կը սկսին աշնան եւ կը շարունակուին ձմրան ամիսներուն՝ խլելով ձեր ուժը եւ ձեզ  դարձնելով անտրամադիր: Այս…

Կրիփի դէմ պատուաստը արդիւնաւէտօրէն կը կանխէ հիւանդութեան ծանր պարագաները փոքրիկներու մօտ

JAMA Network Open ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան համաձայն «կրիփ»-ի դէմ պատուաստը արդիւնաւէտօրէն կը կանխէ փոքրիկներու ծանր հիւանդութիւնները։ Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոնի (Աթլանթա) հետազօտող Քելսի Սամնըր եւ գործընկերները «պարագայ- վերահսկում» կոչուած յատուկ հետազօտութիւն մը կատարած են, որպէսզի գնահատեն պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը (VE) այն փոքրիկներուն պարագային, որոնք հիւանդութեան ծանր վիճակէ կը տառապէին։ Անոնք օգտագործած են Միացեալ Նահանգներու…

Ինչպէ՞ս կրնայ Քիթօ սննդականոնը պաշտպանել ժահրային վարակներէն

Հելսինքիի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են անսպասելի կապ «կրիփ»-ի ժահրի հանդէպ օրկանիզմի դիմադրողականութեան եւ սահմանափակ ածխաջուրով եւ բարձր ճարպային պարունակութեամբ սննդականոնի միջեւ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Scandinavian Journal of Public Health (SJPH) ամսագրին մէջ։ «Քիթոճենային» սննդականոնը, որ առաջնահերթութիւնը կու տայ ճարպերու գերակշռութեան, արդէն աւելի քան 100 տարիէ կ՛օգտագործուի ջղային դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու բուժման համար։ Սպիտակուցներու,…

Մասնագէտներ կը քննարկեն ձմեռնային ժահրերէն պաշտպանուելու ձեւերը

Եւրոպական երկիրներու մէջ աշխուժօրէն սկսած են տարածուիլ ձմեռնային ժահրերը։ Առողջապահութեան համակարգերը, ինչպէս կ՛ըսեն բժշկական հաստատութիւններու մէջ, կը հանդիպին հիւանդութիւններու «եռակի սպառնալիքին», տեղեկացուցած է Euronews-ը։ «Ձմեռնային ժահրերու ազդեցութիւնը առողջութեան, ընկերային ոլորտին եւ տնտեսութեան վրայ հսկայական է», – Euronews Health-ին յայտնած է Ժընեւի համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան հիմնարկի տնօրէն Անթուան ​​Ֆլահոլդը: «Այս վարակներու լուրջ ձեւերը, նոյնիսկ հազուադէպ վարակները, հաշուի…

Պաշտպանեցէ՛ք ձեր սիրտը. ալքոլ օգտագործելէն ետք ջուր խմեցէք

Ամանորեայ տօներու ժամանակ ալքոլի չարաշահումը կրնայ յանգեցնել սրտամկանի ռիթմի խանգարումներու, որոնք յայտնի են որպէս «տօնական սրտի համախտանիշ»։ Ատկէ խուսափելու համար կը յանձնարարուի սահմանափակել ալքոլը եւ օգտագործումէն ոտք ջուր խմել։ Այս մասին The Conversation-ին յայտնած են Աւստրալիոյ Ուոլոնկոնկի համալսարանի գիտնականները։ Մասնագէտները նշած են, որ տօնական հաւաքոյթներու ժամանակ շատ մարդիկ կրնան արագ կամ անկանոն սրտի զարկ, կրծքավանդակի…

Դաժան մալարիա՝ ճանչցուած որպէս անյայտ հիւանդութիւն կը սպաննէ տասնեակ մարդիկ

Անյայտ հիւանդութիւնը, որ տարածուած է Գոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ եւ յանգեցուցած է տասնեակ մարդոց մահուան, մալարիայի ծանր ձեւն է, տեղեկացուցած է The Guardian-ը՝ յղում կատարելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան։ «Գաղտնիքը վերջապէս բացայայտուած է։ Այդ մալարիայի ծանր ձեւ է․ տարածուած հիւանդութիւն»- յայտնած է նախարարութիւնը։ Անոնք նաեւ աւելցուցած են, որ թերսնուցումը Քուանկօ հարաւարեւմտեան նահանգի բնակչութեան, ուր տարածուած է հիւանդութիւնը,…

Հինգ վայրկեան ծայրայեղ ցուրտի օգուտները առողջութեան համար

Քունը բնական մարմնական գործընթաց մըն է, որ անհրաժեշտ է կազդուրման եւ մարմնի պատշաճ գործունէութեան համար: Այնուամենայնիւ, «սթրես»ը եւ այլ գործօններ երբեմն կրնան խանգարել անոր որակը: Տարուէ տարի գիտնականները մեթոտներ կը փնտռեն օգնելու, որ աւելի արագ քնանանք եւ բարելաւենք մեր քունի որակը: Նոր ուսումնասիրութեան՝ Gizmodo-ի համաձայն, գիտնականները կրնան նորարարական մօտեցում յայտնաբերել։ Գանատայէն եւ Ֆրանսայէն հետազօտողներու միջազգային…

Ձուարաններու տարածուած քաղցկեղի համակցուած նոր դարմանում

Էլէն եւ Ռոնալտ Քափլան քաղցկեղի կեդրոնի մոլեքիւլային եւ բջիջային ուռուցքներու ծրագրի օգնական փրոֆեսոր, Ուիսթար հիմնարկի գիտնական, տոքթ. Նէն Ճանկ եւ գործընկերները ձուարաններու քաղցկեղի բուժման նոր մօտեցում բացայայտած են, որ նախաքլինիքական տարրալուծարանական քննութիւններու միջոցով ի յայտ բերած է, որ կը փոքրացնէ ուռուցքները, միաժամանակ ուռուցքները քիմոթերափիի հանդէպ աւելի դիւրազգաց դարձնելով: Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Journal of Experimental…