Զանազանել լաքթոզի անհանդուրժողականութիւնը կաթնամթերքի ալերժիէն

«Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւնը եւ կաթնամթերքի «ալերժի»ն շատ նման են: Մարդիկ կը կարծեն, որ անոնք նոյնն են, բայց թէ ինչպէ՞ս անոնք կը յառաջանան (եւ ինչպէ՞ս անոնք կ՛ազդեն մարմնին վրայ) շատ տարբեր են: «Լաքթոզ»ի անհանդուրժողականութիւնը կը ներառէ մարսողական համակարգը. եթէ դուք ունիք, ուրեմն ձեր մարմինը «լաքթէյզ» չ՛արտադրեր, այն «էնզայմ»ը, որ անհրաժեշտ է «լաքթոզ»ը մարսելու համար: «Լաքթոզ»ը կաթին մէջ…

Մօրենական սննդառութիւնը կապուած՝ մանուկներու մօտ 22%ով ցած օթիզմի վտանգի հետ

Կլազգոյի համալսարանի եւ Նորվեկիոյ հանրային առողջութեան հիմնարկի հետազօտողները բացայայտած են, որ յղութեան ընթացքին դասական առողջ սննդականոնի սկզբունքներուն հետեւիլը 22 առ հարիւրով կը նուազեցնէ «օթիզմ»ով զաւակ ունենալու հաւանականութիւնը: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են JAMA Network Open ամսագրին մէջ: Իբրեւ հետազօտական յօդուածի մէկ մասը, գիտնականները կեդրոնացած են սննդարար ուտելուն վրայ, իբրեւ «օթիզմ»ի զարգացման գործօն: «Օթիզմ»ը մտային խանգարումներու խումբ…

Ոսկրային քաղցկեղի համապարփակ ուղեցոյց. պատճառներ, վտանգներ, ախտորոշում, փուլեր եւ բուժում

Ոսկրային քաղցկեղի մեծ մասի պատճառը անյայտ է: Ոսկրային քաղցկեղը կը սկսի, երբ ոսկորին մօտիկ կամ ոսկորին մէջ գտնուող բջիջներ փոփոխութիւններ յառաջացնեն իրենց DNAին մէջ: Բջիջի մը DNAը կ՛ընդգրկէ հրահանգներ, որոնք բջիջին կը թելադրեն, թէ ինչ ընեն: Առողջ բջիջներուն մէջ, DNAը կ՛ընդգրկէ «ճենեթիք» տեղեկութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն բջիջներուն աճը եւ բազմացումը վերահսկուած եւ կարգաւորուած ձեւերով՝ պահպանելով պատշաճ…

Գիտնականներ կրիփի դէմ համընդհանուր պատուաստ կը մշակեն

Օրեկոնի Առողջապահութեան եւ գիտութեան համալսարանի նոր հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ՝ «կրիփ»ի համընդհանուր պատուաստ մշակելու մօտեցումի հեռանկարային ըլլալը․ այսպէս կոչուած, «մէկ եւ պատրաստ» պատուաստ, որ ամբողջ կեանքի ընթացքին դիմադրողականութիւն կ՛ապահովէ զարգացող ժահրի դէմ: Հետազօտութիւնը, որ հրապարակուած է Nature Communications ամսագրին մէջ, պատուաստ փորձարկած է այն ժահրին դէմ, որ կը նկատուի յաջորդ համավարակի ամենէն հաւանական աղբիւրը: Հետազօտողները…

Ոսկրային քաղցկեղ. տեսակներու եւ ախտանիշներու ակնարկ

Ոսկրային քաղցկեղը բջիջներու աճ է, որ կրնայ յառաջանալ որեւէ ոսկորի մէջ, սակայն անիկա յաճախ կ՛ազդէ ազդրի ոսկորին: «Ոսկրային քաղցկեղ» հասկացութիւնը չի ներառեր այն քաղցկեղը, որ կը սկսի մարմնին այլ բաժիններուն մէջ եւ կը տարածուի դէպի ոսկորները: Այն քաղցկեղը, որ կը տարածուի ոսկորներուն մէջ, կը կոչուի այդ նոյն անունով, ուրկէ անիկա սկսած է: Օրինակի համար, քաղցկեղ…

Տաքը էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ սրտանօթային համակարգին վրայ

Սրտի ծանրաբեռնուածութեան յաւելում. բարձր ջերմաստիճանը կրնայ յանգեցնել անօթներու ընդլայնման, ինչ որ ժամանակաւորապէս կը նուազեցնէ արեան ճնշումը: Սիրտ-անօթային հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար տաքը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ՝ դէպի սիրտ եւ այլ կենսական կարեւոր օրկաններ արեան հոսքի հնարաւոր նուազման պատճառով։ Սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգ.  նախապէս որոշ խնդիրներ ունեցած անձեր (օրինակ` զարկերակային գերճնշում կամ «քորոնըրի» զարկերակներու հիւանդութիւն) բարդութիւններու աւելի մեծ…

Սարքոմաներ` ոսկորներու եւ փափուկ հիւսուածքներու հազուագիւտ քաղցկեղներ

Ընդհանուր ակնարկ Սարքոմաները հազուագիւտ քաղցկեղներ են, որոնք կը զարգանան ոսկորներու եւ  փափուկ հիւսուածքներու մէջ, ներառեալ՝  ճարպ, մկաններ, արեան անօթներ, նեարդներ, խորունկ մորթի հիւսուածքներ եւ մանրաթելային հիւսուածքներ: Քաղցկեղի ազգային հիմնարկին համաձայն, փափուկ հիւսուածքի սարքոմայի մօտաւորապէս 12,000 պարագաներ եւ ոսկորի սարքոմայի 3,000 պարագաներ կ՛ախտորոշուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իւրաքանչիւր տարի: Ոսկորի սարքոմաները աւելի տարածուած են փոքրիկներուն մօտ,…

Յետնաղիքի քաղցկեղի անհետացում՝ իմիւնոթերափիի նոր մեթոտի կիրառումով

Իմիւնոթերափիի նոր մեթոտի մը կիրառումով (փոքր քլինիքական փորձարկում) յետնաղիքի քաղցկեղը ամբողջապէս անհետացած է փորձարկումին մասնակցած բոլոր հիւանդներուն մօտ, կը վկայեն վերջերս հրապարակուած արդիւնքները: Հետազօտութիւնը կատարուած է ամերիկեան «Մեմորիըլ Սլոն Քէթըրինկ» ուռուցքաբանական կեդրոնի եւ GSK դեղագործական ընկերութեան համագործակցութեամբ: Նոր դեղ մը՝ «տոդարլիմապ-gxly»ը փորձարկուած է «ճենեթիք միւթէյշըն»ի հետեւանքով յառաջացած յետնաղիքի քաղցկեղի բուժման համար: «Իբրեւ բժիշկ՝ ես հիացած…

Քաղցկեղէն փրկուածներու մօտ քիմոթերափիի հետեւանքով յառաջացած լսողութեան կորուստ

Հարաւային Ֆլորիտայի եւ Ինտիանայի համալսարաններու գիտնականներու գլխաւորութեամբ կատարուած հետազօտութիւն մը բացայայտած է «քիմոթերափի»ի ամենէն տարածուած միջոցներէն մէկուն երկարատեւ ազդեցութեան արդիւնքները այն մարդոց վրայ, որոնք յաղթահարած են քաղցկեղը։ JAMA Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւն մը ուսումնասիրած է ձուարաններու քաղցկեղը յաղթահարած անձերու «քոհորթ»ը, որոնք ստացած են «սիսփլաթին»ի հիմքով «քիմոթերափի» 14 տարուան ընթացքին եւ յայտնաբերած են, որ անոնց…

Սիքըլ սէլ անիմիա. պատճառներ, բարդութիւններ, կանխարգիլում

  Սիքըլ սէլ անիմիան կը յառաջանայ այն «ճին»ի փոփոխութեան պատճառով, որ մարմնին հրահանգ կու տայ «հիմոկլոպին» արտադրելու: «Հիմոկլոպին»ը՝ արեան կարմիր բջիջներուն երկաթով հարուստ միացութիւնն է, որ կ՛արտօնէ այս բջիջներուն թթուածին տեղափոխելու թոքերէն դէպի մարմնին մնացեալ մասերը: «Հիմոկլոպին»ը, որ կապուած է սիքըլ սէլ անիմիայի հետ պատճառ կը դառնայ, որ արեան կարմիր բջիջները կարծրանան եւ կպչուն ու…