Ծխելու Արգելքները Կը Նուազեցնեն Սրտի Եւ Թոքերու Հիւանդութիւններու Յաճախականութիւնը

Գիտնականներ բացայայտած են, որ փոխադրամիջոցներու եւ հանրային վայրերու մէջ ծխելու «օրէնքները սահմանող» արգելքները աշխարհի շատ տարածաշրջաններու եւ երկիրներու մէջ յանգեցուցած են 10 առ հարիւրով սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու յաճախականութեան նուազումին, ինչպէս նաեւ՝ 17 առ հարիւրով կրճատած են թոքերու հիւանդութիւններու յաճախականութիւնը։ Հետազօտողներու եզրակացութիւնները հրապարակուած են JAMA Network Open ամսագրի յօդուածին մէջ։ «Մենք առաջին անգամ համակարգայնօրէն ուսումնասիրած ենք ծխելու…

Ուղեղի Որոշ Բջիջներու Աշխուժացումը Կը Նուազեցնէ Ճարպակալման Վնասը

Ճափոնի ֆիզիոլոճիքըլ գիտութիւններու Ազգային հիմնարկի գիտնականները յայտնաբերած են գլխուղեղի բջիջներ, որոնք կրնան նուազեցնել բորբոքումը ճարպային հիւսուածքին մէջ, որ մինչ այդ կապուած էր սրտանօթային հիւանդութիւններու հետ, գրած է Cell Reports-ը։ Հետազօտողները փորձեր կատարած են ճարպակալում ունեցող մուկերու վրայ։ Անոնք յայտնաբերած են, որ ուղեղի նիւրոնները (նեարդային բջիջները), որոնք կ՛արտադրեն  SF1 սպիտակուց, կրնան նուազեցնել բորբոքումը սպիտակ ենթամաշկային ճարպային…

«Րէտիընթ Առիթմիա» Ունեցող Կիներու Մօտ «Տիմենշիան» Աւելի Արագ Կը Զարգանայ Քան Տղամարդոց Մօտ

Նախասրտի «ֆիպրիլէյշըն» («րէտիընթ առիթմիա»-խմբ.) ունեցող կիներու մօտ մտային խախտումները եւ «տիմենշիա»ն աւելի արագ կը զարգանան, քան տղամարդոց մօտ, նշուած է այն հետազօտութեան մէջ, որ ներկայացուած է Սրտաբաններու եւրոպական ընկերութեան (ESC) գիտական քոնկրեսին մէջ՝ ACNAP 2023-ին, եւ հրապարակուած է Alzheimer’s & Dementia ամսագրին մէջ։ Նախասրտերու «ֆիպրիլէյշըն»ը սրտի «ռիթմի» առաւել տարածուած խախտումն է, որով կը տառապին աւելի…

Մասնագէտներ Կը Յանձնարարեն Մինչեւ 65 Տարեկան Հիւանդները Քննել Տագնապային Խանգարման Համար

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կանխարգելիչ առողջութեան ոլորտի մասնագէտներու յառաջատար խումբը բժիշկներուն յանձնարարած է 19-էն 65 տարեկան բոլոր հիւանդները քննել տագնապային խանգարումի համար։ Ներկայիս գոյութիւն ուենցող տուեալները ցոյց կու տան, որ տագնապի «սքրինինկ»ը կրնայ օգնել այս հիւանդներուն հոգեկան հանգստութիւն գտնելու համար, ըսուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կանխարգելիչ ծառայութիւններու թիրախային խումբի (USPSTF) ուղեցոյցներուն մէջ,…

Երիկամներու Գործառոյթի Աննշան Նուազումը Կապուած՝ Առողջական Լուրջ Խնդիրներու Հետ

Երիկամներու գործառոյթի նոյնիսկ աննշան նուազումով, երիտասարդները կրնան հանդիպիլ առողջական  լուրջ խնդիրներու։ Այս ուղղութեամբ կատարուած նոր ուսումնասիրութեան արդիւնքները հրապարակուած են BMJ ամսագրին մէջ։ Օրինակ, երիկամներու գործառոյթի 20%-30%-ով նուազումը, բացայայտուած է, որ կապուած է մահացութեան հաւանականութեան, սրտային տագնապի եւ երիկամային անբաւարարութեան բարձրացման հետ։ «Տոկման այն է, որ առողջ երիտասարդները պէտք չէ անհանգստանան երիկամներու գործառոյթով, եթէ անիկա նուազած…

Փափիլոմաժահրի Պատուաստի Մէկ Չափաբաժինը Կրնայ Պաշտպանել Քաղցկեղէն

Մարդու փափիլոմաժահրի դէմ պատուաստի մէկ չափաբաժինը կրնայ երկար տարիներ պաշտպանել կնոջ՝ քաղցկեղ յառաջացնող ժահրով վարակուելէն, յայտնած են Մելպուրնի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է The Lancet Regional Health ամսագրին մէջ: Ֆիճիի մէջ կատարուած հետազօտութեան մասնակցած է աւելի քան 800 կին։ Վերլուծումները ցոյց տուած են, որ ութ տարուան ընթացքին պատուաստը 81 առ հարիւրով արդիւնաւէտ գործած է Մարդու…

Գիտնականները Կը Բացայայտեն՝ Որոշ Մարդիկ Ուրիշներէ Աւելի Առողջ Են

Որոշ մարդիկ աւելի առողջ կը մնան ամբողջ կեանքի ընթացքին, քան ուրիշներ, բայց ատոր հիմնական պատճառները լաւ չեն ուսումնասիրուած։ Սան-Անթոնիոյի Թեքսաս հիմնարկի, Մոնսերաթի Ազգային հետազօտական խորհուրդի ճենեթիք եւ պայօ-բժշկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի ու Սասարիի համալսարանի գիտնականները ենթադրած են, որ այդ առաւելութիւնը որոշ չափով կը բացատրուի առաւելագոյն դիմադրողական կայունութեամբ (IR), որ կը բնորոշուի որպէս  դիմադրողական գործառոյթները պահպանելու եւ…

Աչքի Կաթիլներ՝ Կարճատեսութեան Խորացումը Դանդաղեցնելու Համար

Ամերիկացի գիտնականներ ստեղծած են աչքի կաթիլներ փոքրիկներու կարճատեսութեան  (մայոփիա) զարգացումը դանդաղեցնելու համար։ Օհայոյի համալսարանի գիտնականներուն հետազօտութիւնը հրապարակուած է JAMA Ophthalmol ամսագրին մէջ։ Աւանդական շտկող միջոցները՝ ակնոցները եւ «քոնթէքթ լենս»երը, կ՛ապահովեն տեսողութեան անմիջական բարելաւում, բայց չեն լուծեր կարճատեսութեան զարգացման հիմնական խնդիրը։ Հետեւաբար, կարեւոր է մշակել մեթոտներ, որոնք կը կանգնեցնեն հիւանդութեան զարգացումը։ Կարճատեսութիւնը կապուած է ակնախնձորի ձեւի…

Աչքերու Կարմրութիւնը՝ Արեան Բարձր Ճնշման Նշան

«Հայփըրթէնշըն»ը (արեան բարձր ճնշումը) կրնայ ունենալ «տեսողական» նշաններ, որոնք կ՛արտացոլան աչքերու հետ կապուած խնդիրներու մէջ, որովհետեւ աչքերու վիճակը կախեալ է արեան շրջանառութեան առանձնայատկութիւններէն, ըսած է բժիշկ Սալի Ամին։ «Հայփըրթէնշըն»ը վտանգաւոր է անով, որ չունի յատուկ ախտանշաններ. ատոր դրսեւորումները յաճախ կը թուին ըլլալ գերյոգնածութիւն եւ քունի պակաս, որոնց պատշաճ ուշադրութիւն չի դարձուիր։ Մինչդեռ եթէ արեան ճնշումը միշտ…

Բոյսեր՝ Վէրքերը Շատ Լաւ Ապաքինելու Յատկութեամբ

Աւստրալիացի գիտնականներ յայտնաբերած են երկու բոյս, որոնք կ՛աճին երկրի հիւսիսը եւ զօրաւոր ապաքինող, հակամիքրոպային ու հակաօքսիտանդ յատկութիւն ունին։ Չարլզ Տարուինի համալսարանի (CDU) երկու հետազօտութիւններու արդիւնքները հրապարակուած են BMC Complementary Medicine and Therapies եւ Clinical, Cosmetic and Investigational Dermatology ամսագիրներուն մէջ։ Բոյսերէն մէկը ալիքատերեւ «քալոֆիլում»ն է (Calophyllum inophyllum), որմէ առանձնացուցած են նանոմածուկը՝ հեղուկներու խառնուրդ նանոչափի իւղի…