Երիկամներու Քարերը Փոքրիկներու Մօտ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ յաճախ կ՛ախտորոշուին երիկամներու քարեր փոքրիկներու եւ պատանիներու, յատկապէս աղջիկներու շրջանակին մէջ։ Բժիշկները կ՛ենթադրեն, որ երիտասարդները կ՛ենթարկուին միզաքարային հիւանդութեան բարձր վտանգին՝ սննդաբաժնին մէջ «ալթրամշակուած» ուտելիքներու առկայութեան, հակապայոթիքներու չարաշահման եւ օդի բարձր ջերմաստիճանի պատճառով, որ կը յանգեցնէ ջրազրկման պարագաներու թիւի բարձրացման։ Զրոյցի ընթացքին, բժիշկները տեղեկացուցած են, որ իրենք ամրան աւելի մեծ թիւով փոքրիկներ…