Ո՞ր Ուտելիքէն Հրաժարիլ Բարձր Ճնշումի Պարագային

Մասնագէտները կը յանձնարարեն բարձր ճնշման պարագային հրաժարիլ սպիտակ ալիւրի օգտագործումէն: Նման խորհուրդ տուած են Մայոյի «քլինիք»-ի մասնագէտները: Սպիտակ ալիւրով պատրաստուած ուտելիքները այսօր յայտնի են, անոնց շարքին են՝ հաց, թխուածքաբլիթներ եւ այլն: Մասնագէտները կը յիշեցնեն, որ վերոնշեալ ուտելիքներուն մէջ շատ վնասակար են համային յաւելումները: Նման ուտելիքներու հանդէպ սէրը կը բարձրացնէ արեան մէջ շաքարի եւ «ինսուլին»-ի մակարդակը…

Դիմակը չի նուազեցներ Թթուածինի Մակարդակը Արեան Մէջ. Հետազօտութիւն

Մտավախութիւնները, որ դիմակ կրելը կը նուազեցնէ թթուածինի մակարդակը արեան մէջ, չափազանցուածութիւն է, ըսած են ամերիկացի հետազօտողները: Medportal.ru-ի փոխանցումով` Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը տակաւին նախորդ ամառ յայտարարած էր, որ դիմակներ կրելը թթուածինի պակասութիւն չ՛ստեղծեր եւ ածխաթթու կազէն թունաւորում չի յառաջացներ: Աւելի ուշ, Թոքերու առողջութեան ամերիկեան ընկերակցութիւնը (ALA) հաստատած էր այս տեղեկութիւնը` նշելով, որ ապացոյցներ չկան, որ դիմակը…

Բջիջային Սարքերու Յաճախակի Օգտագործումը Կրնայ Ազդել Փոքրիկներու Ուղեղին Վրայ. Հետազօտութիւն

Բջիջային սարքերու յաճախակի օգտագործումը կրնայ ազդել փոքրիկներու ուղեղին վրայ: Այս մասին ըսուած է Պուտաբեշթի համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներու ուսումնասիրութեան մէջ: Սովորաբար, մարդ առաջին անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ ամբողջական պատկերին, որմէ ետք կը սկսի նայիլ մանրամասնութիւններուն: Սակայն, փոքրիկներու պարագային աշխարհընկալումը տարբեր է: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ թուային սարքերու օգտագործումը կ՛ազդէ փոքրիկներու մտային եւ ընկերային-զգացական զարգացման…

Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստները Կը Նուազեցնեն Հիւանդանոց Մուտքի Կարիքը. Մասնագէտներ

Քորոնա ժահրի դէմ պատուաստները զգալիօրէն կը նուազեցնեն հիւանդանոց մուտքի կարիքը COVID-19-ի պատճառով: Օրինակ, BioNTech/Pfizer պատուաստը կը նուազեցնէ այդ կարիքը 85 առ հարիւրով, իսկ AstraZeneca-ն` 94 առ հարիւրով, յայտնած են սկովտացի մասնագէտներ: Dw.com-ի համաձայն, սկովտացի հետազօտողները պարզած են, որ գերմանական BioNTech-ի եւ ամերիկեան Pfizer-ի կողմէ միատեղ պատրաստուած պատուաստի առաջին դեղաբաժինը 85 առ հարիւրով կը նուազեցնէ հիւանդանոց…

Գիտնականներ Պաշտպանիչ Դիմակ Մը Կը Պատրաստեն

Ֆրանսական BioSerenity ընկերութեան մասնագէտները պաշտպանիչ դիմակ մը պատրաստած են, որ կ՛ոչնչացնէ քորոնա ժահրը, յայտնած է BFMTV-ն: Ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարք Ֆրուին յայտնած է, որ այս դիմակը «ժահրերը արգելափակելու» ունակութիւն ունի: Դիմակը բաղկացած է 4 շերտէ, որոնցմէ մէկը «հակապաքթիրիըլ» եւ հակաժահրային յատկութիւններ ունի: Դիմակը մէկ անգամ օգտագործելու համար է, եւ կը յանձնարարուի զայն կրել ոչ աւելի,…

Քորոնա Ժահրի Բրիտանական Շտամի Ախտանիշները Մանուկներու Մօտ

Մանուկներու կէսէն աւելին, որոնք վարակուած են քորոնա ժահրի բրիտանական շտամով, կը տառապին յոգնածութենէն: Շատեր ինքնամփոփ կը դառնան, հաղորդած է Express-ը` յղում կատարելով փորձագէտներուն: Յայտնի է նաեւ, որ շատ մը փոքրիկներ, որոնց մօտ յայտնաբերուած է բրիտանական շտամը, բողոքած են գլխացաւէն: Անոնք նաեւ որովայնի բաժինին մէջ ցաւ զգացած են: 37 աստիճանէն բարձր տաքութիւն նկատուած է վարակուած փոքրիկներէն…

Երկիր Մոլորակի Իւրաքանչիւր 50-րդ Բնակիչ Պատուաստուած Է Քորոնա Ժահրի Դէմ

Երկիր մոլորակի աւելի քան 159,3 միլիոն բնակիչ արդէն իսկ պատուաստուած է քորոնա ժահրին դէմ: Այդ բնակչութեան աւելի քան 2 առ հարիւրն է, եթէ նկատի ունենանք այն, որ 2020-ի կէսերու դրութեամբ, ՄԱԿ-ի՝ ազգաբնակչութեան թուաքանակի հաշուարկներով, Երկրի բնակչութիւնը կը կազմէ 7 միլիառ 795 միլիոն մարդ: ԹԱՍՍ-ի հաղորդումով, այսօր, միջինը՝ օրական մօտաւորապէս 6 միլիոն դեղաչափով պատուաստում կը կատարուի:…

Քորոնա Ժահրի Նոր Շտամի Ախտանիշներ

Քորոնա ժահրով վարակման հիմնական ախտանիշներն են տաքութիւնը, հազը, համի կամ հոտառութեան կորուստը: Քորոնա ժահրի նոր շտամը, որ առաջին անգամ արձանագրուած էր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, նոյն ախտանիշներով կ՛արտայայտուի: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով դեղագործ Հուսէյն Ապտեհին: Մասնագէտին խօսքով` եթէ մարդ չոր հազ, քանի մը շաբաթ անընդմէջ առանց որեւէ պատճառի հոգնածութիւն, համի կամ հոտի փոփոխութիւններ (կամ…

Աչքերու Տակ Մութ Գոյնի Շրջանակները Ի՞նչ Հիւանդութիւններ Կը Մատնանշեն

Աչքերու տակ մութ գոյնի շրջանակներու յառաջացման պատճառը ոչ անպայման թուլութիւնը եւ անքնութիւնն են: Այդ կրնայ կապուած ըլլալ ներքին օրկաններու աշխատանքի լուրջ խախտումներու հետ, յայտնած են իմիւնաբան, արեան եւ ալերժիի մասնագէտ Քսենիա Պոչարովա: Անոր խօսքով՝ աչքերու տակ կապտաբիծերու յառաջացման վրայ կրնան ազդել շարք մը գործօններ, այդ շարքին՝ անքնութիւն, մեծ քանակութեամբ թէյի, սուրճի օգտագործում, ծխել, վատառողջ ապրելակերպ,…

Անսովոր ախտանիշ Մը Կրնայ Վկայել Քորոնա Ժահրի Մասին

Եթէ ձեր սնունդը կապուի ստուարաթուղթի կամ թուղթի հետ, այդ մէկը կրնայ քորոնա ժահրային վարակի ախտանիշ ըլլալ: Քորոնա ժահրը կրնայ այլազան ախտանիշներ յառաջացնել: Ախտանիշներու ցուցակը այսօր արդէն բաւական տպաւորիչ է: Որոշ ախտանիշներու շատ յաճախ կը հանդիպինք, միւսներուն` աւելի հազուադէպ: Քիչ մարդիկ կը խօսին այս ախտանիշին մասին, բայց մասնագէտներու խօսքով՝ քորոնա ժահրի հաստատուած վարակով շատ հիւանդներ յայտնած…