Ի՞նչ Պէտք Է Ուտել Գիշերուան Կիսուն Չարթննալու Համար

Երբեմն սխալ սննդականոնը կը յանգեցնէ այն բանին, որ մենք արթննանք գիշերուան կիսուն: Սննդաբան Փուճա Մահիճան Instagram-ի իր էջին վրայ խօսած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել անհանգիստ քունը եւ գիշերուան կիսուն արթննալը: Մասնագէտին խօսքով՝ յաճախ քունի հետ կապուած խնդիրներու պատճառը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկումն է, ինչ որ կը յանգեցնէ «ատրենալին»-ի եւ «քորթիզոլ»-ի արտազատման: Իր…

Moderna-ն Ստացողներու 80 Առ Հարիւրի Կողմնակի Ազդեցութիւնները

Moderna-ի (Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւն) պատուաստուած հիւանդներու 82 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին: Այս մասին հրապարակուած է Journal of the American Medical Association-ին մէջ: Զեկուցումին համաձայն, Moderna-ի պատուաստի առաջին դեղաբաժինէն ետք, ստացողներու 74 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին՝ ցաւ, կարմրութիւն, ուռուցք եւ քերուըտուք: Ցաւը ամէնէն տարածուած տեղական հակազդեցութիւնն է. ատոր…

Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստուելէն Ետք Պէտք է Ուշադրութիւն Դարձնել Սննդականոնին

Մասնագէտներու կարծիքով՝ ճիշդ սննդականոնը կրնայ նպաստել դիմադրողական համակարգի ամրապնդման եւ պատուաստումէն ետք պաշտպանութիւն ստեղծել քորոնա ժահրէն: Ի՞նչ սնունդ ստանալ պատուաստումէն ետք: Սպիտակուց Քորոնա ժահրին դէմ պատուաստումէն ետք կը յանձնարարուի բաւարար քանակութեամբ սպիտակուցներ ուտել: Հիւանդութիւններու կանխարգիլման փորձագէտ տոքթոր Սանտրա Էլ Հաժ յայտնած է, որ պատուաստումէն ետք սպիտակուցներ ստանալը կրնայ օգնել կանխելու ֆիզիքական թուլութեան զգացողութիւնները: «Ձեր մարմինը…

COVID-19-ը Շաքարախտ Կրնա՞յ Յառաջացնել

COVID-19-էն բուժուած որոշ հիւանդներու մօտ շաքարախտ գոյացած է կա՛մ հիւանդութեան ժամանակ, կա՛մ բուժուելէն ետք, նշած են հետազօտողներէն շատեր, եւ այդ մէկը, հաւանաբար, պաշտօնապէս կը ճանչցուի իբրեւ քորոնա ժահրային բորբոքումի ծանր հետեւանքներէն մէկը: Times of India-ի տեղեկութիւններով՝ COVID-19-էն բուժուած աւելի քան 3700 հիւանդներու մասնակցութեամբ 8 հետազօտութիւններու մէջ շաքարախտ յայտնաբերուած է 14 առ հարիւրի մօտ: Այս հարցին…

«Սփութնիք V» Պատուաստը Կրնա՞յ Ազդել Մարդու «Ճենոմ»-ին Վրայ

Քորոնա ժահրին դէմ «Սփութնիք V» պատուաստը չի կրնար ազդել մարդու «ճենոմ»-ին կամ ճենեթիք ժառանգականութեան վրայ, յայտնած է Գամալիոյ անուան համաճարակաբանութեան եւ մանրէաբանութեան հետազօտական ​​կեդրոնի ղեկավար Ալեքսանտր Կինցպուրկը: «Եթէ դեղը մարդու օրկանիզմին մէջ չի բազմանար, ապա անիկա չի կրնար որեւէ ձեւով փոխազդել եւ «ինթեկրուիլ» մեր «նուքլէինաթթու»-ի հետ: Հետեւաբար, «Սփութնիք V»-ը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել «նուքլէինաթթու»-ի,…

Ուղեղի Չարորակ Ուռուցքերու Դէմ Պատուաստը Կ՛անցնի Քլինիքային Փորձարկումներու Առաջին Հանգրուանը

Ուղեղի չարորակ ուռուցքներու դէմ պատուաստը անցած է քլինիքային փորձարկումներու առաջին հանգրուանը: Պարզուած է, որ պատուաստը անվտանգ է եւ յառաջացուցած է ուռուցքային հիւսուածքի մէջ դիմադրողական ցանկալի պատասխան, հաղորդած է Nature ամսագիրը: Newatlas.com-ին համաձայն, քանի մը տարի առաջ մշակուած է IDH1 սպիտակուցի հատուածի արհեստական ​​տարբերակ մը՝ այս տեսակի քաղցկեղի բնորոշ «միւթէյշըն»-ով: Այս «միւթէյշըն»-ին յատուկ «բեբդիտ»-ային պատուաստը կրցած…

Քորոնա Ժահրի «Կրկնակի Միւթանթ» Կը Յայտնաբերուի Հնդկաստանի Մէջ

Հնդկաստանի մէջ յայտնաբերուած է քորոնա ժահրի նոր եւ վտանգաւոր տարբերակ մը, որ կը կոչուի «կրկնակի միւթանթ», ինչպէս նաեւ շտամներ, որ առաջին անգամ յայտնաբերուած էին Մեծն Բրիտանիոյ, Հարաւային Ափրիկէի եւ Պրազիլիոյ մէջ: Համավարակաբանները նշած են, որ նոր շտամը ունի ժահրի արդէն իսկ յայտնի երկու տարբերակներու յատկանիշները եւ ճիշդ այդ պատճառով զայն անուանած են «կրկնակի միւթանթ», փոխանցած…

Մաշկին Վրայ Կապտուկներ Յառաջանալու Հինգ Պատճառ

Եթէ մորթին վրայ կապտուկներ դիւրութեամբ յայտնուին՝ աննշան հարուածներու հետեւանքով կամ ընդհանրապէս առանց որեւէ յայտնի պատճառի, այդ արդէն բաւարար է, որպէսզի զգուշանանք: Անշուշտ, այս ախտանիշը միշտ չի վկայեր լուրջ խնդիրներու մասին, բայց պէտք չէ անտեսել զայն: Ահաւասիկ քանի մը պատճառ, թէ ինչո՞ւ ձեր մաշկին վրայ դիւրութեամբ կապտուկներ կը յառաջանան: Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթով մաշկի ախտահարում Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու «ակրեսիվ»…

Ձեռքերու Ախտահանման Միջոցներու Յաճախակի Օգտագործումը Կրնայ Յանգեցնել Զանազան Խնդիրներու

Քորոնա ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, մարդիկ սկսած են աւելի յաճախ օգտագործել ախտահանող միջոցներ եւ «հակապաքթիրիըլ ժելեր ու սփրէյ»-ներ: Գիտնականները կը կարծեն, որ այս միտումը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կրնայ խնդիրներ յառաջացնել մարդու առողջութեան եւ միջավայրին համար: Հաւանական թունաւորում Ձեռքերու ախտահանող միջոցները աւելի շատ ալքոլ` «էթանոլ» կամ «իզոփրոփանոլ» կը պարունակեն 60-95% խտացումով: Ոչ ճիշդ օգտագործելու պարագային, ատոնք…

Աչքերու Չորութիւնը Կ՛ազդէ Կեանքի Որակին Վրայ

Չոր աչքի ախտանիշներով հիւանդները կեանքի աւելի ցած որակ կ՛ունենան՝ նման ախտանիշներ չունեցող հիւանդներու հետ բաղդատելով: Այս մասին գրուած է BMJ Open ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութեան մէջ: Հետազօտութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այս հիւանդութեամբ տառապող մարդիկ գանգատած են չոր աչքերու՝ տեսողական գործունէութեան բացասական ազդեցութեան, ամէնօրեայ աշխատանք կատարելու անոնց ունակութեան եւ աշխատանքի կատարողականութեան վերաբերեալ: Չոր աչքի…