Ֆիզիքական Առողջութեան Վրայ Ազդող «Տիփրէշըն»-ի 5 Ախտանիշ

«Տիփրէշըն»-ը կ՛ազդէ ոչ միայն մարդու տրամադրութեան եւ հոգեկան վիճակին վրայ, այլ` երբեմն նաեւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Ի՞նչ ախտանիշներ կրնան վկայել «Տիփրէշըն»-ի մասին: Գլխացաւեր Մենք, սովորաբար, գլխացաւերը կը վերագրենք յոգնածութեան կամ «սթրես»-ին, բայց անոնք կրնան նաեւ «Տիփրէշըն»-ի ախտանիշ ըլլալ, յատկապէս եթէ կը պատահին «քրոնիք» յոգնածութեան, անտարբերութեան կամ անընդհատ դիւրագրգռութեան իրավիճակներուն: «Տիփրեսիվ» գլխացաւը, ըստ մասնագէտներու, յաճախ կը…

Մազի Ներկերը Արդեօ՞ք Քաղցկեղ Կը Յառաջացնեն

Գիտնականներ, Medical University of Vienna-էն, Էվա Շերնհամմերի գլխաւորութեամբ, կատարած են լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ այն մարդիկը, որոնք պարբերաբար կը ներկեն իրենց մազերը, արդեօ՞ք քաղցկեղի զարգացման մեծ վտանգի ենթարկուած են։ Ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է British Medical Journal-ին մէջ, իսկ այդ մասին հակիրճ ձեւով հաղորդած է Eurek Alert-ը: Յայտնի է, որ մազի ներկերը…

Գիտնականները Սարդերու Շնորհիւ «Հակապաքթիրիըլ» Նիւթ Կը Մշակեն

Մասնագէտներ ստեղծած են նիւթ մը, որ կրնայ վերացնել «պաքթիրիըլ» կամ սնկային վարակում ունենալու վտանգը եւ դիւրացնել բուժման գործընթացը: Science Daily-ի փոխանցումով, խօսքը «նանոկառուցուած» նիւթի մասին է, որ հիմնուած է սարդի մետաքսի սպիտակուցներու (բարձրամոլեքիւլային օրկանական միացումներ, որոնք կազմուած են քիմիական կապով իրարու միացած ալֆա-ամինօ թթուներէն) վրայ: Այս նիւթը կը կանխէ «պաքթիրիաներու» եւ սունկերու կողմէ գաղութացումը եւ…

Բժիշկները Մարդու Ուղեղին Մէջ 17 Տարի Ապրած Որդ Մը Կը Հանեն

Չինաստանի մէջ բժիշկները, 23 տարեկան երիտասարդի մը ուղեղէն, մօտաւորապէս 13 սանթիմեթր երկարութեամբ, կենդանի որդ հանած են: Որդը հիւանդին գլխուն մէջ ապրած է 17 տարի, գրած է “The Daily Mail”-ը: Հիւանդը պատմած է, որ 6 տարեկանէն տարօրինակ խնդիրներ զինք կ՛անհանգստացնէին. վերջոյթները կը քարանային: Սակայն ծնողները միշտ կ՛անտեսէին փոքրիկին բողոքները, հետեւաբար, ան երբեք բժիշկներուն չէր դիմած` իր…

Առաջին Անգամ Ըլլալով Կարելի Եղած Է Մարդկային Սիրտ Աճեցնել Ցօղունային Բջիջներէն

Միշիկընի ամերիկեան համալսարանի գիտնականները առաջին անգամ ըլլալով յաջողած են տարրալուծարանի մէջ ցօղունային բջիջներէն մարդու փոքրիկ սիրտ մը ստեղծել, յայտնած է bioRxiv կայքէջը: Կենսաբանները համապատասխան արձանագրութիւն պատրաստած են սիրտի աճեցումին համար: Ձեւաւորուած օրկանը նման է մարդու սաղմի իրական սիրտին, կանոնաւոր կը կծկուի եւ ունի սիրտի բջիջներու եւ ատոր կառուցուածքի բոլոր հիմնական տեսակները: Այս յայտնութիւնը շատ կարեւոր…

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Կը Նշէ «Քորոնա» Ժահրի Համավարակի Աւարտի Ժամկէտերը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ «քորոնա» ժահրի համավարակը վերջ կը գտնէ ոչ ուշ, քան երկու տարուան ընթացքին: Այս մասին յայտնած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Ատանոմ Կեպրեյսուս, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին: «Մեծ շփումներու ընթացքին, վարակը աւելի արագ կը տարածուի, սակայն մենք ունինք մեծ քանակութեամբ արհեստագիտութիւններ, ինչ որ կարելիութիւն կը ստեղծէ կասեցնելու վարակի…

«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Բնորոշ Առանձնայատկութիւններ

Անգլիոյ Արեւելեան համալսարանի գիտնականները վերլուծած են COVID-19-ի ընթացքը տարեց մարդոց մօտ եւ եկած են այն եզրակացութեան, որ անոնց մեծամասնութեան մօտ յայտնաբերուած են հիւանդութեան ոչ տիպական ախտանշաններ: Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է medRxiv համացանցային կայքին մէջ: Դիտարկումները կատարուած են ծերանոցներու հիւանդներու ծիրին մէջ, Ապրիլի 7-էն մինչեւ Յունիս 29 ժամանակաշրջանին մէջ: Պարզուած է, որ այն 103 մարդոցմէ, որոնց…

Բժշկական Կարգ Մը Դիմակներ Լուրջ Վտանգ Կը Ներկայացնեն Միջավայրին Համար. Գիտնականները

Մէկ անգամ օգտագործելու համար ստեղծուած բժշկական դիմակները լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն միջավայրին համար,  յայտնած են Փորթսմութի համալսարանի գիտնականները: Ինչպէս փոխանցած է «The Coversation»-ը, վերոնշեալ մասնագէտները կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու այդ դիմակներէն, որովհետեւ ատոնք վտանգաւոր են թէ՛ առողջութեան եւ թէ՛ միջավայրին համար: Ամէն ամիս, մարդիկ միլիառաւոր դիմակներ կ՛օգտագործեն, որոնց մեծ մասը պատրաստուած է «փլասթիք» նիւթերէ: Այսպիսի նիւթեր…

Գիտնականներ Կը Պարզեն, Թէ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Նուազեցնել «Քորոնա» Ժահրի Փոխանցումի Վտանգը

Գերմանացի գիտնականները պարզած են, որ բերանի խոռոչը ողողելու համար, հեղուկի օգտագործումը կրնայ նուազեցնել «քորոնա» ժահրի փոխանցումի վտանգը, նշուած է գերմանական Ռուրի համալսարանի կայքին վրայ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մէջ: Ուսումնասիրութիւնը կատարած են Պոխումի Ռուրի համալսարանի «մոլեքուլային» եւ բժշկական վարակաբանութեան հետազօտական խումբի գիտնականները՝ Յենի, Ուլմա Տույսպուրկ Էսենի՝ Նիւրենպըրկի եւ Պրեմենի գիտնականներու հետ միասին: Փորձերու արդիւնքները ցոյց տուած են,…

«Յաւերժ Երիտասարդ» Բրիտանուհին Կը Բացայայտէ իր Գեղեցկութեան Գաղտնիքը

Լոնտոնէն բրիտանացի թոշակառու ուսուցչուհի, 81 տարեկան Սիւզան Սթենլի-Քերոլ, հիանալի տեսք ունի եւ չ՛աճապարեր ծերանալու: Daily Mail-ին ուղղուած նամակին մէջ, ան բացայայտած է իր գեղեցկութեան գաղտնիքը: Երբեք դուք ձեզ թոշակառու մի՛ զգաք: Սիւզան թոշակառու դարձած է Յուլիսին: Ան 56 տարի անգլերէնի ուսուցիչ եղած է: Սակայն, «կենսաթոշակ» բառը իրեն համար կտրուկ կերպով տհաճ  կը թուի: Սիւզան պատմած…