Քորոնա Ժահրը Կը Վնասէ Նաեւ Մարդու Արիւնը. Գիտնականները

Ծանր ընթացող COVID-19 վարակը կրնայ վնասել մարդու արիւնը` յարձակելով արեան կարմիր բջիջներուն վրայ: Այս մասին նախազգուշացուցած են Վերոնայի համալսարանի գիտնականները: Անոնց նոր ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է Hematology, Transfusion and Cell Therapy ամսագիրին մէջ: Գիտնականներու նոր տուեալներուն համաձայն` թոքերու արուեստական օդափոխութեան սարքերը կրնան անօգուտ ըլլալ քորոնա ժահրի պարագային թոքաբորբոքումի բուժման համար, որովհետեւ նման հիւանդներու մօտ «հիմոկլոպին»-ի մակարդակը…

Քորոնան Կը Նկատուի Ամէնէն Լուրջ հիւանդութիւնը Վերջին 100 Տարուան Մէջ

Քորոնա ժահրը մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն լուրջ հիւանդութիւններէն մէկն է. մարդկութիւնը վերջին 100 տարուան մէջ չի յիշեր աւելի վտանգաւոր հիւանդութիւն մը՝ քան քորոնան: Նիւ Եորքէն բժիշկ Մարլէն Քափլան ըսած է. «Այս մէկը, հաւանաբար, «Սպանիոյ» ժամանակներէն ամէնէն լուրջ հիւանդութիւնն է»: Անոր կարծիքով՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, համավարակի բարձրակէտը կա՛մ նոր սկսած է, կա՛մ նոր սկսելու վրայ…

«Անասուններու Հանդէպ Անարգանք»-ը Պատճառ Դարձաւ Համավարակին. Ճէյն Կուտոլ

Աշխարհահռչակ բրիտանացի «բրիմաթոլոճիսթ» Ճէյն Կուտոլ ըսած է, որ «քորոնա» ժահրի համավարակը պատահեցաւ՝ բնութեան եւ անասուններուն հանդէպ մարդ արարածին անուշադրութեան, անտարբերութեան ու անտեսումին պատճառով: Կուտոլ, որ ուսումնասիրած է յատկապէս Շեմփանզէները եւ անոնց բնութիւնը՝ Ափրիկէի մէջ կատարած իր հետազօտութեան միջոցով, խնդրած է աշխարհէն, որ սորվի անցեալի սխալներէն՝ կանխարգիլելու համար ապագայի աղէտները: Հեռաձայնային գիտաժողովի մը ընթացքին, 86 տարեկան…

Աղը կը դանդաղեցնէ քաղցկեղի զարգացումը մուկերու մօտ. հետազօտութիւն

Աղի չափազանց շատ օգտագործումը վնասակար է առողջութեան համար, որովհետեւ կը յանգեցնէ օրկանիզմին մէջ ջուրի կուտակումին եւ կրնայ վնասել սրտանօթային համակարգը: Սակայն, քաղցկեղի պարագային, աղի աւելցուկը կրնայ ցուցաբերել անսպասելի արդիւնք, ինչպէս պարզած են գիտնականները: Xinhua-ի հաղորդումով՝ գիտնականները կերակրած են մաշկի քաղցկեղ (մելանոմա) եւ կուրծքի քաղցկեղ ունեցող մուկերուն աղի բարձր կամ ցած պարունակութեամբ սնունդով, 16 օր շարունակ:…

Քորոնա ժահրը կրնայ անցնիլ 2 տեսակի դիմակէ. Annals of Internal Medicine

Ո՛չ վիրաբուժական, ո՛չ բամբակէ դիմակները կրնան զսպել SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի տարածումը, եթէ վարակուած մարդը կը հազայ. այս դիմակներուն մէջէն ժահրերը կ՛անցնին: Annals of Internal Medicine-ի մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը անդրադարձած է այս հարցին: Բժշկական դիմակները այսօր շատ տարածուած միջոց են օդի կաթիլներու ճամբով փոխանցուող վարակի կանխարգիլման համար: Բայց ատոնք որքանո՞վ արդիւնաւէտ են: Վերջերս, գիտնականները պարզած են, որ վարակուած…

Ինչո՞ւ քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար պէտք է դիմակ կրել, իսկ ձեռնոց՝ ոչ. MedicalXpress

Ինչո՞ւ քորոնա ժահրէն պաշտպանուելու համար պէտք է դիմակ կրել, իսկ ձեռնոց՝ ոչ: Նման կարծիք յայտնած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական բաժանմունքի համաճարակաբան Պրենտըն Պրաուն, հաղորդած է MedicalXpress-ը: Մասնագէտը յիշեցուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու կանխարգիլումի եւ վերահսկումի կեդրոնի յանձնարարականներու մասին: Չնայած անոր, որ դիմակը չի պաշտպաներ ժահրերէն, անիկա կը պաշտպանէ դէմքի հպումներէն: Բրիտանացի վիրաբուժ Քարան Ռանկարաժան…

Bosch-ը «քորոնա» ժահրի նոր քննութիւն կը պատրաստէ

Bosch ընկերութիւնը «քորոնա» ժահրի նոր քննութիւն պատրաստած է, որուն արդիւնքները պատրաստ կ՛ըլլան 2.5 ժամուան ընթացքին: Այս պարագային, քսուկը տարրալուծարան տանելու պէտք չըլլար, իսկ նոր քննութեան ճշգրտութիւնը 95 առ հարիւր է: Քսուկը կը դրուի յատուկ «քարթրիճ»-ի մէջ, որ կը տեղադրուի Vivalytic սարքի մէջ. անիկա ինքնորոյն «քորոնա» ժահրի յայտնաբերումի քննութիւն կը կատարէ, աւելի ճիշդ, քննութեան կ՛ենթարկէ «քորոնա»…

«Քորոնա» ժահրէն ամէնէն աւելի կը մահանան ծխողները

«Քորոնա» ժահրէն ամէնէն աւելի կը մահանան ծխողները, որովհետեւ ժահրը կը վնասէ թոքերը, որոնք ծխողներու մօտ արդէն իսկ խորունկ կերպով վնասուած են։ Վնասուած են թէ՛ սովորական, թէ՛ ելեկտրոնային ծխախոտներով եւ թէ՛ կլկլակով։ Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ըսած է. «Անընդհատ կը զսպեմ ինքզինքս ծխելու մասին խօսելէն, որ զիս դարձեալ չմեղադրեն «ծխելու» դէմ պայքարի մէջ։ Բայց այլեւս…

Ինչպէ՞ս բարձրացնել դիմադրողականութիւնը

Դիմադրողականութեան մասնագէտ Մարգարիտա Յովնանեան, զրոյցի ընթացքին, յայտնած է, թէ ինչպէս բոլոր ժահրային հիւանդութիւններուն, այնպէս ալ պսակաձեւ ժահրի պարագային, պէտք է դիմադրողականութեան բարձրացում։ «Դիմադրողականութիւնը բարձրացնող ուղղակի դեղեր չեմ նշեր, որովհետեւ կան այնպիսի դեղեր, որոնք ոչ մէկ դեր կը կատարեն եւ մեծամասամբ վաճառականութիւն կը նկատուին։ Ատոր համար, հիմնականին մէջ, կը յանձնարարենք օգտագործել վիթամիններ՝ վիթամին C եւ B…

Որքա՞ն կ՛երկարի պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամը

Պսակաձեւ ժահրի տարածման հետ կապուած արտակարգ իրավիճակը կը տեւէ առնուազն մինչեւ 2020 թուականի աւարտը: DPA-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, նման կարծիք յայտնած է Համաշխարհային բժշկական ընկերութեան (WMA) նախագահ Ֆրենք Ուլրիխ Մոնթկոմըրին: «Այս խնդիրը հաստատ մեզի կ՛ընկերակցի մինչեւ տարեվերջ»,- ըսած է մասնագէտը` աւելցնելով, որ քանի դեռ պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստ չէ պատրաստուած, մարդիկ ստիպուած կ՛ըլլան վերակառուցել իրենց…