Քալորիներու Սահմանափակումը՝ Ի Նպաստ Բորբոքումի Նուազեցման
«Քալորի»ներու ստացման սահմանափակումը, նոյնիսկ 12 առ հարիւրով, կրնայ բարձրացնել առողջ ծերացումի կարելիութիւնները՝ բորբոքումը նուազեցնելու հաշւոյն: Այս մասին գրուած է Ծերացման ազգային հիմնարկի (NIA) գիտնականներու ուսումնասիրութեան մէջ, որ հրապարակուած է Aging Cell ամսագրին մէջ: Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ցոյց տուած են, որ անասուններու մօտ «քալորի»ներու սահմանափակումը՝ առանց օրկանիզմը զրկելու էական «վիթամին»ներէն եւ հանքանիւթերէն, կը դանդաղեցնէ տարիքային հիւանդութիւններու զարգացումը,…