COVID-19-էն Ետք Կրնան Աւելնալ Հոգեկան Խանգարումները

Քորոնա ժահրով վարակուելէն ետք, մէկ տարուան ընթացքին, մարդու մօտ կ՛աւելնայ հոգեկան տարբեր խանգարումներու, այդ շարքին տագնապի, «տիփրեշըն»ի յառաջացման, քունի խանգարման եւ antipsychotic դեղերու (դեղեր, որոնք նախատեսուած են հոգեկան գործունէութեան խանգարումներու բուժման համար) օգտագործման հաւանականութիւնը։ Հետազօտութիւններու համաձայն՝ COVID-19-ով հիւանդացողներու 20 առ հարիւրը կ՛ունենայ հոգեբանական եւ նեարդաբանական տարբեր բարդութիւններ, այսպէս կոչուած, յետքովիտային համախտանիշի ծիրին մէջ։ Ամէնէն աւելի…

Սրտի Քանի՞ Զարկը Մէկ Վայրկեանի Մէջ Կրնայ Վտանգաւոր Ըլլալ Կեանքի Համար

Մէկ վայրկեանի մէջ 100 զարկը գերազանցող զարկերակը, յուզումի բացակայութեան պարագային, կրնայ լուրջ վտանգ ներկայացնել, կը հաստատէ մասնագէտ Միխայիլ Քոպրիանով: Եթէ յաճախասրտութիւն ունիք, փափաքելի է բժշկական քննութիւն կատարել պատճառները գիտնալու համար։ Մասնագէտին խօսքով՝ նման խնդիրներու պարագային կը կատարեն ելեկտրասրտագրում (electrocardiography): Պէտք է կատարուի նաեւ միօրեայ «մոնիթըրինկ» Հոլթերի համաձայն եւ խորհրդակցութիւն սրտաբանի հետ՝ քննութեան արդիւնքները քննելու համար,…

Օմիքրոնով Վարակուածներուն Կը Յանձնարարուի Հրաժարիլ Սուրճէն

Օմիքրոնով վարակուածներուն կը յանձնարարուի հրաժարիլ սուրճ խմելու սովորութենէն, ըսած է նեարդաբան Իկոր Մացոքին: Մասնագէտը յայտնած է, որ յետքորոնաժահրային ընթացքին խթանիչներու ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ պէտք է նուազագոյնի հասցնել, որոնց շարքին է նաեւ քաֆէինը։ Քաֆէինը կը սպառէ «ատենոզին թրիֆոսֆաթ»ը (ԱՏՖ), որ կարեւոր դեր ունի նիւթափոխանակութեան եւ «էնըրճի»ի գործին մէջ: Ատոր առկայութիւնը օրկանիզմին մէջ COVID-19-էն ետք «արդէն նուազագոյն…

Պատուաստը Ոչ Բաւարար՝ Քորոնա Ժահրային Համավարակը Կանգնեցնելու Համար

Քորոնա ժահրի համավարակը կանգնեցնելու համար միայն պատուաստը բաւարար չէ, եւ ատով է, որ ներկայ համավարակը կը տարբերի բոլոր նախորդներէն։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է Դ. Ի. Իվանովսքիի անուան ժահրաբանութեան հիմնարկի «արպովայրըս»ներու (ողնաշարաւոր կենդանիներու եւ մարդու վայրըսներու խումբ) բաժնի եւ կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆեսոր Ալեքսանտր Պութենքոն։ Մասնագէտին համաձայն՝ այսպիսի համավարակ չէ եղած մարդկութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին։ «Եղած…

Հոտառութեան Կորուստի Պատճառը Քորոնա Ժահրի Ժամանակ

«Ճին»երու յատուկ համակցութիւնը կրնայ COVID-19-ի ժամանակ հոտառութեան կորուստի բարձր վտանգի պատճառ ըլլալ։ Nature Genetics գիտական ​​ամսագրին մէջ, ամերիկացի գիտնականները կապ մը գտած են UGT2A1 եւ UGT2A2 «Ճին»երու «լոքըս»ներու փոփոխութիւններու եւ քիթի հոտառութեան «էփիթիլիում»ի բջիջներու աշխուժութեան միջեւ, հաղորդած է «Իզվեսթիա»ն: «Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ բնակչութեան, Genotek-ի իւրաքանչիւր եօթներորդ յաճախորդը ունի UGT2A1 / UGT2A2 «Ճին»ի  տարբերակներ, որոնք…

Տեսողութեան Համար Ութ Օգտակար Ուտելիքներ

Կարգ մը ուտելիքներ կրնան օգտակար ըլլալ աչքերու առողջութեան համար, ըսած է սննդաբան Քերոլին Ուիլիամս: Աչքերու համար շատ օգտակար է վիթամին A-ը, որովհետեւ կը զօրացնէ եղջերաթաղանթը եւ կը բարելաւէ տեսողութեան սրութիւնը։ Օրկանիզմին մէջ այս վիթամինին պակասը կրնայ յանգեցնել տեսողութեան «փիկմընթ ռոտոփսինի սինթըսիզ»ի հետ կապուած խնդիրներու, որու հետեւանքով կը յառաջանայ մթութեան մէջ առարկաները յստակ տեսնելու անկարողութիւն, փոխանցած…

Յետ Քովիտային Համախտանիշի Զարգացման Գործօններ

Քորոնա Ժահրային վարակէն ետք բաւական մեծ թիւով հիւանդներ կը հանդիպին, այսպէս կոչուած, յետ քովիտային համախտանիշին, որ կ՛արտայայտուի տկարութեամբ, գլխացաւերով եւ այլ անախորժ ախտանշաններով։ Ուաշինկթընի համալսարանի եւ Սիեթլի Շուէտական բժշկական կեդրոնի գիտնականները հետազօտութիւն մը կատարած են, որուն մասնակցած է 18-էն 89 տարեկան 209 հիւանդ։ Անոնք բոլորը COVID-19ով վարակուած են՝ տարբեր աստիճանի ծանրութեամբ։ Գիտնականները անոնց վիճակին հետեւած…

Օմիքրոնով Վարակուածներու 60 %ը Արդէն Վարակուած Եղած Է COVID-19-ով

«Օմիքրոն»ը գրեթէ ամբողջութեամբ դուրս մղած է «Տելթա»ն եւ դարձած՝ գերակշռող տարբերակը Անգլիոյ մէջ: Այս մասին կը վկայեն Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի մասնագէտներու հրապարակած տուեալները։ Հիւանդութեան մասին Յունուար 5-20-ի տուեալները ստացուած են շարունակուող REACT-1 ազգային հետազօտութեան ընթացքին, ուր կը գնահատուին հիւանդութեան մակարդակը Անգլիոյ բնակչութեան ծիրին մէջ եւ անոր վրայ ազդող գործօնները։ Այդ ընթացքին մասնագէտները կատարած են աւելի…

Քորոնա Ժահրի Օմիքրոնի Նոր Տարբերակը

Յունուար 21-ին Մեծն Բրիտանիոյ առողջապահութեան գործակալութիւնը (UKHSA) արձանագրած է Օմիքրոնի նոր տեսակ մը՝ BA.2: Հարվըրտի համալսարանի Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի մասնագէտ Ճոն Պրաունշթայնի խօսքով՝ քորոնա ժահրի սովորական քննութիւնները դրական կամ բացասական արդիւնք կու տան, բայց չեն որոշեր ժահրին տեսակը։ Անոր խօսքով՝ Օմիքրոնը ունի «ճենեթիք» յատկութիւն, որ կը դիւրացնէ ախտորոշումը։ Այնուամենայնիւ, նոր BA.2 տարբերակը չունի այս յատկանիշը…

Հաւաքական Դիմադրողականութիւնը Անզօր՝ Օմիքրոն Տարբերակին Դէմ

Հաւաքական դիմադրողականութիւնը (օրկանիզմի անընկալութիւնը վարակիչ հիւանդութիւններու նկատմամբ) կրնայ անկարող ըլլալ քորոնա ժահրի «օմիքրոն» տարբերակին դէմ։ Այսպիսի կարծիք յայտնած է գիտաշխատող, «մոլեքիւլըր» կենսաբան, վիրուսաբան Մաքսիմ Սքուլաչով: Նոր տարբերակի դէմ հաւաքական դիմադրողականութեան անկարողութեան մասին կը վկայէ այն երկիրներու փորձառութիւնը, ուր «օմիքրոն»ը արդէն իսկ աճ արձանագրած է, գրած է URA.RU-ն: Մասնագէտին խօսքով, հաւաքական դիմադրողականութեան խնդիրը մարդոց՝ վարակուելէն պաշտպանելն…