«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Դիմադրողականութիւնը Ընդամէնը 3 Ամիս Կը Պահպանուի. Գիտնականները

COVID-19 յաղթահարած մարդոց մօտ, «քորոնա» ժահրի դէմ դիմադրողականութիւնը կը պահպանուի ընդամէնը մօտաւորապէս 3 ամիս: Այս մասին յայտնած է The Guardian-ը՝ վկայակոչելով Լոնտոնի Թագաւորական գոլէճի գիտնականներու հետազօտութիւնը: Առաջին ախտանշաններու ի յայտ գալէն ետք, 3 շաբաթ անց, հիւանդներու 60 առ հարիւրին մօտ կ՛արձանագրուի «քորոնա» ժահրին դէմ հակամարմիններու առաւել մեծ պարունակութիւն: Սակայն 3 ամիս ետք, բորբոքումի դէմ զօրաւոր…

«Քորոնա» Ժահր Մը Եւս Կը 3այտնուի Յառաջիկայ տասնամեակին․ Մասնագէտը

Յառաջիկայ տասնամեակին, կրնայ նոր «քորոնա» ժահր մը յայտնուիլ, որ, ինչպէս ներկայ ժահրը, անասունէն մարդու կը փոխանցուի: Նման կարծիք յայտնած է Սինկափուրի ազգային համալսարանին կից նոր վարակիչ հիւանդութիւններու ծրագիրի ղեկավար փրոֆեսոր Վան Լինֆան, յայտնած է The Straits Times թերթը։ «Լենթա»-ին համաձայն, գիտնականը խոստովանած է, որ տակաւին դժուար է յստակ ըսել, թէ ե՞րբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ…

Չինաստանի Մէջ «Խոզակրիփ»-ի Նոր Տեսակ Մը Կը Յայտնուի

Չինացի գիտնականները խոզի «կրիփ»-ի նոր տեսակ մը յայտնաբերած են, որ կրնայ մեծ վտանգ ներկայացնել մարդու համար եւ նոր համավարակ յառաջացնել: Ինչպէս հաղորդած է «Լենթա»-ն, նոր «կրիփ»-ը ստացած է G4 EA H1N1 անումը: Անիկա յայտնաբերուած է ամբողջ երկիրի սպանդանոցներու՝ խոզերէն առնուած 30․000 քսուքներու հիման վրայ: Գիտնականներու համաձայն՝ ժահրը «թռչնակրիփ»-ի եւ H1N1 «խոզակրիփ»-ի «ճենեթիք» խառնուրդ է, որ…

Գիտնականները «Ռոպոթ» Մը Կը Ստեղծեն, Որ Կ՛ոչնչացնէ «Քորոնա» Ժահրը

Պահրէյնէն գիտնականներ «ռոպոթ» մը ստեղծած են, որ կրնայ ոչնչացնել «քորոնա» ժահրը եւ այլ «մայքրօ-օրկանիզմներ»: Այս «ռոպոթ»-ը ժահրին վրայ կ՛ազդէ կարճ ալիքով աշխատող «ալթրամանիշակագոյն» ճառագայթումով, որ 30 վայրկեանի մէջ կը սպաննէ բոլոր «մայքրօ-օրկանիզմներ»-ու մինչեւ 90 առ հարիւրը՝ փճացնելով անոնց մաշկը, որուն հետեւանքով օրկանիզմներու DNA-ը կը յաջողի ոչնչանալ: Սակայն, կիրառելու պահուն, մարդիկ պէտք չէ սենեակին մէջ ըլլան,…

Մէզի Տարրալուծութիւնը Կրնայ Օգնել Մարդուն Առողջ Սննդակարգ Ընտրելու

Տարբեր մարդիկ կրնան տարբեր ձեւով արձագանգել նոյն ուտելիքներուն, այդ պատճառով բոլորին համար յարմար ընդհանուր սննդականոն պարզապէս գոյութիւն չունի: Մասնագէտները մշակած են մէզի 5 վայրկեաննոց քննութիւն մը, որ կրնայ որոշել, թէ արդեօք անհատին կը համապատասխանէ՞ այն սննդականոնը, որուն ան կը հետեւի: Ապագային այդ մէկը կրնայ օգնել ընտրելու անհատական սննդականոններ, որոնք կը համապատասխանեն նիւթափոխանակութեան տարբեր առանձնայատկութիւններով մարդոց:…

«Քորոնա» Ժահրով Վարակուած Անհատ Մը Կրնայ Տառապիլ Ամբողջ Կեանքին Ընթացքին. Գիտնականները

«Քորոնա» ժահրով վարակուած անհատ մը կրնայ տառապիլ ատոր հետեւանքներէն ամբողջ կեանքին ընթացքին: Նման կարծիք յայտնած են Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային ծառայութեան մասնագէտները: «Քորոնա» ժահրէն վերականգնումի հարցերով բրիտանական կեդրոնի բժիշկ Հիլարի Ֆլոյտ նշած է, որ միջին տարիքի շատ հիւանդներ, որոնք որեւէ այլ հիւանդութիւն չունին, «քորոնա» ժահրէն առողջանալէն ետք, կը շարունակեն մնալ անաշխատունակ եւ «քրոնիք» հոգնածութիւն կ՛ունենան:…

Գիտնականները Կը Պահանջեն Հանել Դիմակներու Մասին Նոբելեան Դափնեկիրի Յօդուածը

Ճոնզ Հոփքինզի համալսարանի գիտնականները, Յունիս 18-ին, բաց նամակ յղած են Proceedings of the National Academy of Sciences (PNAS) ամսագիրի խմբագրութեան, որուն մէջ պահանջած են առանց ուշացումի հանել Նոպելեան դափնեկիր Մարիօ Մոլինոյին եւ համահեղինակներուն՝ Յունիս 11-ին հրապարակած յօդուածը: Յօդուածը նուիրուած է դիմակներու արդիւնաւէտութեան՝ համավարակի ժամանակ, եւ գիտնականներու համաձայն, «բազմաթիւ կեղծ պնդումներ» կ՛ընդգրկէ: Նամակը ստորագրած են մօտաւորապէս…

Որոշ Փոքրիկներ Կը Ծնին «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Հակամարմիններով. Գիտնականները

«Քորոնա» ժահրով վարակուած որոշ կիներու մօտ փոքրիկները հակամարմիններով կը ծնին «քորոնա» ժահրին նկատմամբ: Այս մասին նշուած է British Medical Journal-ին մէջ հրապարակուած փոքրիկ ուսումնասիրութեան մը մէջ: Տոքթոր Փաթրիք Օ՛պրայընի համաձայն, Royal College of Obstetricians and Gynaecologists-էն՝ փոքրիկները, որոնց մօտ հակամարմիններ կ՛արտադրուին «քորոնա» ժահրին նկատմամբ, տակաւին պտուղի զարգացման հանգրուանին մէջ, շատ քիչ են, յայտնած է The…

Գիտնականները Կը Յայտնեն «Քորոնա» Ժահրի Նոր Անսպասելի Ախտանիշի Մասին

Լիվըրփուլի Թագաւորական համալսարանական հիւանդանոցէն (Մեծն Բրիտանիա) գիտնականներ յայտնաբերած են նոր ախտանիշ մը, որ կրնայ կապուած ըլլալ ենթաստամոքսային գեղձի հիւանդութիւն ունեցող հիւանդներու մօտ՝ «քորոնա» ժահրային բորբոքումի հետ: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Gastroenterology ամսագիրին մէջ, որու մասին հակիրճ կը յայտնէ «Լենդան»: Գիտնականները «քորոնա» ժահրով եւ աւելորդ կշիռքով կամ ճարպակալումով հիւանդներու խումբի մը մօտ յայտնաբերած են ընդհանուր բորբոքում եւ…

Ո՞ր Ուտելիքը Վնասակար Է Լեարդին Համար

Լեարդը կը կատարէ քանի մը կարեւոր պաշտօն օրկանիզին մէջ՝ կ՛արտադրէ լեղի, դուրս կը բերէ թոյները, կը միացնէ, բաղկացուցիչ տարրերը, կը պահէ վիթամինները եւ «մայքրօ-էլէմընթ»-ները: Սակայն, կան ուտելիքներ, որոնք բացասաբար կ՛ազդեն լեարդի աշխատանքներուն վրայ, կը շեշտէ սննդագէտ Եւա Ռոտրիկէզ: Ուտելիքներու «սեւ ցուցակին վրայ» առաջին տեղը կը գրաւէ ալքոլը, որուն՝ լեարդին վրայ բացասական ազդեցութեան մասին շատոնց յայտնի…