Զինքի Պակասը Կրնայ Աւելցնել COVID-19-ի Ծանր Ընթացքը

Զինքի պակասը կրնայ աւելցնել քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի վտանգը: Այս մասին ըսուած է Մարսէյի համալսարանական հիւանդանոցի գիտնականներու հետազօտութեան մէջ, որու արդիւնքները ներկայացուած են Clinical Nutrition ամսագիրին մէջ: «Սքրինինկ»-ի կեդրոններ դիմած քորոնա ժահրով վարակուած 152 հիւանդի եւ առանց COVID-19-ի 88 հիւանդի մասնակցութեամբ կատարուած է քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի կանուխ կանխատեսման գնահատում: «Հայփոսինեմիա» յաճախ տեսնուած է քորոնա…

Անհրաժեշտ Համեմներ Առողջութեան Համար

Որոշ համեմներ կրնան շատ օգտակար ըլլալ առողջութեան համար, բայց, անշուշտ, չի յանձնարարուիր չափազանց շատ օգտագործել այդ համեմները: Կասիա Կասիան կը նուազեցնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը: Անիկա օգտակար է նաեւ սիրտին համար. կը նուազեցնէ «քոլեսթերոլ»-ի եւ «թրիկլիսերայտ»-ի մակարդակը: Անշուշտ, կասիան չի կրնար փոխարինել դեղերը՝ շաքարի եւ «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակը իջեցնելու համար, բայց ատոր ներառումը սննդականոնին մէջ, նշանակուած…

Ինչպէ՞ս Աւելորդ Կշիռքը Կ՛ազդէ Քորոնա Ժահրի Ծանր Ընթացքին Վրայ

Աւելորդ կշիռքը իսկապէս կը բարձրացնէ քորոնա ժահրի ծանր ընթացքի զարգացման վտանգը, պարզած են բրիտանացի գիտնականները: Հետազօտութեան ընթացքին, որու արդիւնքները հրապարակուած են The Lancet Diabetes & Endocrinology-ին մէջ,  մասնագէտները ուսումնասիրած են գրեթէ 7 միլիոն բրիտանացիներու տուեալները, որոնց մօտ քորոնա ժահրը յայտնաբերուած է համավարակի առաջին ալիքի ժամանակ: Հետազօտողները նկատած են, որ 23-էն վեր մարմինի զանգուածի «ինտեքս»-ով մարդոց…

Ճանճերը Կրնա՞ն Քորոնա Ժահր Տեղափոխել

Տնային ճանճերը կրնան դիւրընկալ ըլլալ քորոնա ժահրին նկատմամբ եւ կրնան կրել այն 24 ժամուան ընթացքին: Այս մասին յայտնած են երկու նոր հետազօտութիւններ: Տնային ճանճերը (musca domestica) կրնան մարդուն եւ կենդանիներուն՝ մինչեւ 250 մակաբուծային, ժահրային եւ «պաքթիրիըլ» վարակ փոխանցել, յայտնած է Medportal.ru: Kansas State University-ի եւ Agricultural Research Service-ի գիտնականները երկու տարրալուծարանական փորձ կատարած են, որպէսզի…

Մեր Լեարդին Վնասակար 4 Գործօններ

Ալքոլը՝ լեարդին միակ թշնամին չէ: Կարգ մը անվնաս կարծուող սովորութիւններ կրնան նոյնքան վնաս հասցնել լեարդին: Վիթամիններ ստանալը Շատեր կը կարծեն, որ վիթամիններու յաւելումներ օգտագործելով՝ լաւ բան կ՛ընեն իրենց առողջութեան համար: Սակայն, վիթամին A-ի եւ վիթամին B3-ի բարձր քանակը բացասաբար կ՛ազդէ լեարդին վրայ: Այդ իսկ պատճառով, մասնագէտները կը յանձնարարեն օգտակար նիւթերը սնունդէն ստանալ։ Հետեւաբար, սննդակարգը կարելի եղած…

Քլորացուած Լողաւազանները Անվտա՞նգ՝ Քորոնա Ժահրի Տարածման Տեսանկիւնէն

Բոլոր կանոններուն համապատասխան, քլորացուած ջուրը հանրային լողաւազաններու մէջ կը չէզոքացնէ SARS-CoV-2 քորոնա ժահրի գրեթէ բոլոր մասնիկները, վկայած է Լոնտոնի Imperial College-ի հետազօտութիւնը: Ժահրին կենսունակութիւնը մարդու օրկանիզմէն դուրս կախեալ է շրջապատի տեսակէն, ջերմաստիճանէն, խոնաւութեան աստիճանէն եւ այլ պայմաններէ: Աւելի կանուխ, ժահրային մասնիկներ յայտնաբերուած էին կեղտոտ ջուրերու մէջ, որմէ ետք գիտնականները որոշած էին ստուգել քլորացուած ջրաւազաններու անվտանգութիւնը,…

Ի՞նչ Է Թոքերու Քրոնիք Օպըսթրաքթիվ Հիւանդութիւնը

Թոքերու քրոնիք օպըսթրաքթիվ հիւանդութիւնը (ԹՔՕՀ) վտանգաւոր ախտորոշում է, որ յաճախ կը տեսնուի ծխող մարդոց մօտ: Սակայն, վերջերս, այս հիւանդութիւնը սկսած են ախտորոշել նաեւ չծխողներու մօտ: Ըստ գերմանական Wunderweib ամսագիրին, ատոր պատճառը կրնայ պահուըտած ըլլալ վտանգի այնպիսի գործօններու մէջ, ինչպէս՝ «փասիվ» ծխելը, «ճենեթիք» հակումը, օդի ապականումը, ինքնաշարժներու արտանետումները եւ յաճախակի շնչառական վարակները (օրինակ՝ տկար դիմադրողական համակարգի…

Ի՞նչ Պէտք Է Ուտել Գիշերուան Կիսուն Չարթննալու Համար

Երբեմն սխալ սննդականոնը կը յանգեցնէ այն բանին, որ մենք արթննանք գիշերուան կիսուն: Սննդաբան Փուճա Մահիճան Instagram-ի իր էջին վրայ խօսած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել անհանգիստ քունը եւ գիշերուան կիսուն արթննալը: Մասնագէտին խօսքով՝ յաճախ քունի հետ կապուած խնդիրներու պատճառը արեան մէջ շաքարի մակարդակի անկումն է, ինչ որ կը յանգեցնէ «ատրենալին»-ի եւ «քորթիզոլ»-ի արտազատման: Իր…

Moderna-ն Ստացողներու 80 Առ Հարիւրի Կողմնակի Ազդեցութիւնները

Moderna-ի (Նուպար Աֆէեանի ընկերութիւն) պատուաստուած հիւանդներու 82 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին: Այս մասին հրապարակուած է Journal of the American Medical Association-ին մէջ: Զեկուցումին համաձայն, Moderna-ի պատուաստի առաջին դեղաբաժինէն ետք, ստացողներու 74 առ հարիւրը յայտնած է ներարկման տեղը հակազդեցութեան մասին՝ ցաւ, կարմրութիւն, ուռուցք եւ քերուըտուք: Ցաւը ամէնէն տարածուած տեղական հակազդեցութիւնն է. ատոր…