Քոմայի Մէջ Գտնուող Կիներ Կրնան Փոխնակ Մայրեր Ըլլալ

Ուղեղի մահուան ախտորոշումով կիներ կրնան մանուկ ունենալ: Անոնց առաջարկուած է որպէս փոխնակ մայրեր օգտագործել, յայտնած են Օսլոյի համալսարանի գիտնականները: Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Journal of Theoretical Medicine and Bioethics ամսագրին մէջ։ Գաղափարը առաջին անգամ ծագած է 2000 թուականին՝ իսրայելացի հետազօտող Ռոզալի Պերի մօտ: Ան նշած է, որ թէեւ ամբողջ մարմնի «տոնոր»ութեան հայեցակարգը կրնայ հոգեբանական անյարմարութիւն յառաջացնել,…

Լեարդի Ճարպակալումով Քալուածքը Կրնայ Փոխուիլ

Մարդիկ, որոնց մօտ լեարդի ոչ ալքոլային ճարպային հիւանդութիւն կը զարգանայ, կրնան սկսիլ այլ ձեւով քալել: Ոչ ալքոլային ծագում ունեցող լեարդի ճարպային հիւանդութիւնը շատ պարագաներու պայմանաւորուած է ապառողջ ապրելակերպով, չափէն աւելի ուտելով եւ քիչ շարժելով: Այս հիւանդութեան պարագային լեարդին մէջ կը բարձրանայ ճարպի «քոնսենթրէյշըն»ը, ինչ որ բաւական վտանգաւոր է։ Միեւնոյն ժամանակ այս «փէթոլոճիքըլ» գործընթացի ախտանշանները կրնան…

Հացի Բորբոսը Կրնայ Մահացու Ըլլալ

Բորբոսով ուտելիքները, մասնաւորաբար հացը, վտանգաւոր են փոքրիկներու, յղիներու եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց համար։ The Sun-ը կը յայտնէ, որ սննադամթերքի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտները զգուշացուցած են բորբոսած ուտելիքներու մահացու վտանգին մասին։ Անոնք յանձնարարած են թափել ամբողջ հացը, եւ ոչ թէ կտրել բորբոսած հատուածները։ Ի տարբերութիւն մանրէներու՝ բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի բջիջներէ՝ «սփոր»ներէ, որ անոնց…

Լուրջ Վերաբերում Պէտք Է Քաղցկեղի Չորս Ախտանշաններու Հետ

Քաղցկեղը վտանգաւոր հիւանդութիւն է, որ կը յառաջացնէ չարորակ բջիջներու անվերահսկելի բաժանում։ Քաղցկեղը կրնայ ախտահարել մարմնի գրեթէ որեւէ մաս, եւ ախտանիշները կ՛արտայայտուին տարբեր ձեւերով։ Ախտանշաններու կանուխ յայտնաբերումը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ուռուցքը, որպէս կանոն, յաջողութեամբ կը բուժուի կանուխ փուլերուն մէջ: Սան Ֆրանսիսքոյի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) տուեալներուն համաձայն՝ կան քաղցկեղի չորս ախտանշաններ, որոնք կրնան կապուած ըլլալ առողջական…

Բարեկազմութիւնը Պահպանելու Հինգ Կարեւոր Ուտելիք

Թթու կաղամբը, ընկոյզը եւ արեւածաղիկի սերմերը այն ուտելիքներէն են, որոնք կ՛օգնեն նիհարնալու կամ պահպանելու ձգուած որովայնը եւ մէջքը 40 տարեկանէն ետք: Eat this, Not that!-ի սննդագէտ եւ բժշկական մասնագէտ, փիլիսոփայութեան տոքթոր Լիզա Եան թուարկած է հինգ ուտելիք, որոնք կը դիւրացնեն 40 տարեկանէն ետք բարեկազմ մնալը: Բժիշկին խօսքով՝ այս ուտելիքներուն օգտագործումը կը նպաստէ ֆիզիքական գործունէութեան ընթացքին…

Արեան Հետազօտութիւն՝ Ուղեղի Քաղցկեղի Ամէնէն Վտանգաւոր Տեսակի Բացայայտման Համար

Ամերիկացի գիտնականները մշակած են արեան հետազօտութիւն ուղեղի քաղցկեղի ամէնէն վտանգաւոր տեսակի՝ «կլիոմայի պայոմարքըր»ներու բացայայտման համար։ Փենսիլվէնիայի համալսարանի մասնագէտներու հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «The Journal of Neuro-Oncology» ամսագրին մէջ։ «Կլիոմա»ն ուղեղի ամէնէն տարածուած առաջնային ուռուցքն է ու միաժամանակ՝ ամէնէն ծանրը եւ դժուար վիրահատելին։ Անիկա կը հարուածէ ուղեղի կամ ոսկրածուծի «կլայըլ» բջիջները։ Սովորաբար, հիւանդութեան խորացման վերահսկողութիւնը կը…

Կարմրուկը Կը Վերադառնա՞յ

Կարմրուկ Կարմրուկը զօրաւոր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կը բնորոշուի բարձր ջերմաստիճանով (մինչեւ 40,5°C), բերանի խոռոչի լորձաթաղանթի եւ վերին շնչուղիներու բորբոքումով, աչքի սպիտակուցաթաղանթի եւ կոպի ներքին մակերեւոյթի բորբոքումով ու մորթի բծաւոր բշտիկներով։ Այս բոլոր ախտանշաններուն կը միանան օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորում։ Փոխանցման ճամբաները Կարմրուկը հիւանդ մարդէն առողջ մարդուն կը փոխանցուի օդակաթիլային ճամբով. երբ վարակուած անձը կը փռնքտայ…

Գիշերը Յանկարծակի Արթննալը Ունի Իր Պատճառները

Գիշերը յանկարծակի արթննալը, որպէս կանոն, կը բացատրուի ժամանակաւոր խնդիրներով, բայց նաեւ պատճառը կրնայ ըլլալ «քրոնիք» խանգարումը, որ կը պահանջէ քլինիքային բուժում, կը յայտնեն մասնագէտները «The Health Site» պարբերականին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: Քունի «էփնիա» Ամէնէն տարածուած պատճառներէն մէկն է, որ կրնայ յանգեցնել գիշերուան կիսուն անսպասելիօրէն արթննալու: «Էփնիա»ն կը բնութագրուի քնացած մարդու շնչառութեան խանգարումով, ատոր կանգնումով…

Անքնութիւնը Կրնայ Կապուած Ըլլալ Սրտի Կաթուածի Բարձր Վտանգի Հետ

Գաղտնիք մը չէ, որ քունը կարեւոր է ձեր ընդհանուր առողջութեան համար: Նոր հետազօտութեան մը համաձայն, քունի պակասը կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ ձեր սրտին վրայ: Հետազօտողներ դիտել տուած են, թէ մարդիկ, որոնք անքնութենէ կը տառապին աւելի հաւանականութիւն ունին սրտի կաթուած ունենալու քան ուրիշներ: Անքնութիւնը ամէնէն տարածուած խանգարումն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հետազօտողներ գրած են իրենց…

Ձմրան Մեծերու Քունի Տեւողութիւնը Կը Բարձրանայ

Մեծերու քունի տեւողութիւնը ձմրան կէս ժամով կը բարձրանայ, յայտնած են Պերլինի Չարիթէ քլինիքի գիտնականները: Աշխատանքի արդիւնքները հրապարակուած են Frontiers in Neuroscience ամսագրին մէջ։ Գիտնականները ուսումնասիրած են «փոլիսոմնոկրաֆի»ի ենթարկուած 292 մասնակիցներու տուեալները՝ ուսումնասիրութիւն մը, ուր մասնակիցներէն խնդրած են քնանալ սովորական եղանակով, առանց զարթուցիչի: Այս մեթոտը հետեւած է քունի որակին, տեսակին եւ տեւողութեան: Բոլոր մասնակիցներուն հետեւած են…