ԱՀԿ-ն կը նախազգուշացնէ ալքոլի եւ կիներու կուրծքի քաղցկեղի կապի մասին

Շատ մարդիկ ուշադրութիւն չեն դարձներ այն փաստին, որ ալքոլի օգտագործումը կիներու շրջանակին մէջ «օնքոլոճի»ի առաւել եւս տարածուած տեսակի՝ կրծքագեղձի քաղցկեղի վտանգի հիմնական գործօնն է. այս մասին նշուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւրոպական պիւռոյի յայտարարութեան մէջ։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ լաւ տեղեկացուած չըլլալը այս հարցին մէջ լուրջ խոչընդոտ է այս հիւանդութեան կանխարգիլման համար։ Վերջերս…

Քաղցր, իւղոտ եւ բարձր քալորիներով ուտելիքները վնասակար՝ առողջութեան

Պրիսթոլի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են, որ մեծ քանակութեամբ իւղոտ, քաղցր եւ քալորիներով բարձր ուտելիքներու օգտագործումը մանուկ հասակին կը նպաստեն անօթներու կարծրացման հետագային։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «British Journal of Nutrition»ին մէջ (BJN)։ Հետազօտութեան մասնակցած է 4,700 անհատ, որոնց սնուելու մասին տուեալները ստացուած են բրիտանացի գիտնականներու մէկ այլ աշխատանքի ծիրին մէջ կատարուած հետազօտութենէն (ծնողներու եւ 90-ական…

Վիթամիններու Անբաւարարութիւն՝ Ձմրան Եղանակին

Ձմրան ամիսներուն վիթամին Dի անբաւարարութիւնը այնքան տարածուած է, որ բոլորը դիւրութեամբ կրնան գնել եւ օրական 2000 միաւոր վիթամին ստանալ: Վիթամին D-ի անբաւարարութիւն չըլլար միայն անոնց մօտ, որոնք տարուան մէջ քանի մը անգամ ծով կ՛երթան եւ առանց արեւապաշտպան քսուքներու արեւայրուք կ՛ունենան, ըսած է էնտոքրինոլոկ Նարինէ Պեգլարեան: Անոր խօսքով, ձմրան բնակչութեան մէջ  C, D, B12 վիթամիններու անբաւարարութիւն…

«Ալասքափոքս» Նոր Ժահրէն Կը Մահանայ Աշխարհի Առաջին Անհատը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քենայ թերակղզիին մէջ մահացած է «Ալասքափոքս» նոր ժահրէն վարակուած աշխարհի առաջին անձը։ Անհատին մահուան մասին տեղեկացուցած է Ալասքայի առողջապահութեան բաժանմունքը։ Նշուած է, որ ամերիկացիին դիմադրողականութիւնը տկարացած էր քաղցկեղի բուժման պատճառով։ Ան առանձին կ՛ապրէր անտառային գօտիի մէջ եւ շփում ունեցած էր անօթեւան կատուի մը հետ, որուն խօսքով, միշտ ճանկռտած է իրեն եւ զբաղած՝…

Կանխածնունդ Մանուկներու Թոքային Արհեստական Օդափոխութեան Վտանգները

Մեծաթիւ  կանխածնունդ  մանուկներ շնչելու համար թոքերու արհեստական օդափոխութիւն կը պահանջեն: Սակայն երկարատեւ թոքային օդափոխութիւնը կրնայ յանգեցնել այնպիսի խնդիրներու, ինչպէս՝ շնչառական հիւանդութիւնները կամ թոքերու արհեստական օդափոխիչի կողմէ յառաջացած վնասուածքները, կը գրէ Biophysical Society-ն: Գիտնականներ Ճոնաս Նոմէն եւ Մարեյք Զինք, որոնք կ՛ուսումնասիրեն մեքանիքական լարուածութեան «ֆիզիքս»ը թոքային օդափոխութեան պարագային Լէյփզիկ համալսարանին մէջ, յայտնաբերած են որոշ «մեքանիզմ»ներ, որոնք կը…

Քաղցկեղի Պարագաները Կը Բարձրանան 77%-ով 2050 թուականին

Կ՛ակնկալուի, որ այս դարու կէսերուն, քաղցկեղի դէպքերը աշխարհի մէջ աճ արձանագրեն մօտաւորապէս 77 առ հարիւրով, յայտնած է ՄԱԿ-ը: 2050 թուականին, կը կանխատեսուի քաղցկեղի աւելի քան 35 միլիոն դէպք՝ 2022 թուականի 20 միլիոնին հետ  բաղդատելով։ Ծխախոտը, ալքոլը եւ գիրութիւնը, օդի ապականութեան հետ միատեղ, աճի հիմնական գործօններն են: Կ՛ակնկալուի, որ աւելի հարուստ երկիրներու մէջ քաղցկեղի դէպքերու մեծագոյն…

Կլիմայի Փոփոխութիւնը Կրնայ Ազդել Էկզեմայով Տառապող Հիւանդներու Վրայ

Տարիներ շարունակ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները ինչպէ՞ս կրնան ազդել առողջութեան վրայ: Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կլիմայական ազդեցութիւնները, օրինակ՝ ծայրայեղ տաքը, կրնան բարձրացնել երիկամներու հիւանդութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հետեւանքով գոյացած մահուան վտանգը եւ նոյնիսկ ազդել հոգեկան առողջութեան վրայ: Սան Ֆրանսիսքոյի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) գիտնականները բացայայտած են, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած…

Կը Յայտնաբերուին Միկրենի Յառաջացման Հիմնական Նախանշանները

Օգտակար չէ՞ր ըլլար պատկերացում ունենալ այն մասին, թէ ե՞րբ կրնայ սկսիլ «միկրեն«ը: Նոր ուսումնասիրութեան մէջ տոքթոր Քեթլին Մերիքանկաս՝ Հոգեկան առողջութեան ազգային հիմնարկի Ներբնակարանային հետազօտական ծրագրի Ճենեթիքական համաճարակաբանութեան հետազօտական բաժնի տնօրէնը եւ անոր գործընկերները ելեկտրոնային օրագրեր օգտագործած են՝ երկու շաբթուան ընթացքին 477 մարդու վարքագիծին եւ ախտանիշներուն հետեւելու համար: «Այս հետազօտութեան հիմնական բացայայտումը այն էր, որ նախորդ…

Գիտնականներ Կը Յայտնաբերեն Սպիտակուց, Որ Կը «Սառեցնէ» Աղիքներու Քաղցկեղը

Աւստրալիոյ ազգային համալսարանի (ANU) նոր հետազօտութեան համաձայն՝ աղիքներու քաղցկեղը կարելի է «մէնիփիւլէյթ» ընել դիմադրողական համակարգի սպիտակուցի միջոցով բուժելու ժամանակ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Science Advances» ամսագրին մէջ։ Աղիքներու քաղցկեղը Աւստրալիոյ մէջ ամէն շաբաթ կը խլէ աւելի քան 100 կեանք, բայց դէպքերու մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը կարելի է յաջողապէս բուժել, եթէ յայտնաբերուի կանուխ փուլին։ Հետազօտութեան յառաջատար…

Գիտնականներ Կը Նախազգուշացնեն Հաւանական Համավարակի մասին՝ Զոմպի-Ժահրերու Պատճառով

Մարդկութիւնը կրնայ հանդիպիլ նոր համավարակի սպառնալիքին այն ժահրերու պատճառով, որոնք գտնուած են Սիպերիոյ յաւերժական սառցածածկոյթներուն մէջ, գրած է «The Guardian»ը։ Գիտնականներու կարծիքով՝ վտանգ կայ, որ հին սիպերեան ժահրերը կրնան ազատ արձակուիլ համաշխարհային ջերմացման պատճառով եւ յառաջ բերել անյայտ հիւանդութիւններու բռնկումներ։ «Մաթուսաղայի այդ միքրոպներու» շտամները կամ զոմպի-վիրուսները, ինչպէս կ՛անուանուին, արդէն բացայայտուած են հետազօտողներու կողմէ։ Գիտնականները նախազգուշացուցած…